Ֆրէօյտը հաւանաբար կրնայ լուսաբանել այն, ինչ որ պատահեցաւ ինծի երկու օր առաջ:
Առաւօտուն, երբ արթնցայ, ուղեղիս մէջ կը թափառէր մեղեդի մը (վստահ եմ` ոեւէ մէկուդ ալ կը պատահի նոյնը), երգի մը պատառիկը, որ առաջին վայրկեաններուն անուն չունէր: Յետոյ այդ մեղեդին քիչ մը ձեւ-կերպարանք առաւ եւ զիս տարաւ մանկութեան օրերս: Մինչեւ իսկ յիշողութեանս մէջ վերականգնեցան քանի մը նախադասութիւն այդ երգէն, որ հին-հին օրերուն լսած եմ հօրմէս, մեծ մօրմէս եւ հասակակիցներէն` Ցեղասպանութենէն վերապրողներէ: Մեր ազգին վիճակուած բազում ողբերգութիւններէն մէկուն արտայայտութիւնը կը գտնէք հոն:
Ամբողջ երգը չեմ սորված ատենին, միայն կը յիշէի առաջին տողը. «Հայրենիքդ մոռցի՛ր, կ՛ըսեն օտարներ…»: Գրադարանիս մէջ եղող շարք մը հին երգարաններ պեղեցի. ո՛չ մէկ արդիւնք: Վերջին փորձ մը ըրի եւ դիմեցի դարուս հրաշալիքին` համացանցին եւ… վուալա, նոր օրերու Արքիմետէս մը զգացի ինքզինքս եւ ներքին ձայնս բացագանչեց` «Էվրեքա՜»: Գտայ բառերը, թէեւ վստահ չեմ, որ անիկա լիովին հարազատ է բնագիրին, որովհետեւ գոնէ կէտադրական եւ այլ «հանելուկներ» կային: Կարողութեանս սահմաններուն մէջ լուծեցի: Ահա այդ երգը.
– Հայրենիքդ մոռցի՛ր, կ՛ըսեն օտարներ,
Անիծեալ է, լոկ փուշ ունի ու աւեր:
– Մեր հող դրախտ, ջուրն օշարակ,
Օդ քաղցր է, օդ քաղցր,
Եկո՛ւր, պանդուխտ, սրտիկդ անո՛ր նուիրէ:
Թէեւ ամուլ ամայի ըլլայ երկիրս հայրենի,
Ես կը սիրեմ Հայաստան, ապրի հոգիս` Կիլիկիան:
– Թող հայութեան առջեւ լռէ պատմութիւն,
Թող տիեզերք մոռնայ հայուն մեծութիւն:
– Ես կը սիրեմ, չեմ մոռանար,
Աննման, աննման
Իմ հայրենիք, այրիացեալ Հայաստան:
Թէեւ ամուլ ամայի ըլլայ երկիրս հայրենի,
Ես կը սիրեմ Հայաստան, ապրի հոգիս` Կիլիկիան:
***
Սիրելի՛ ընթերցողս, եկո՛ւր, փորձենք քիչ մը Ֆրէօյտ խաղալ եւ «վերծանել», թէ այս երգը ուրկէ՜ ուր դուրս պրծաւ յիշողութեանս շտեմարանէն:
Այս երգը ծնած է իմ ծնունդէս շատ առաջ, այն օրերուն, երբ մեր ժողովուրդը ենթակայ էր թրքական հալածանքներու, ջարդերու, իսկ բարեկամ նկատուող օտարներ երբեմն չէին վարաներ մեզի խրատ տալու, թէ պէտք է մոռնանք մեր հայրենիքը, ու կը թուէին անոր անյարմարութիւնները: Չէ՞ որ աւանդավէպ մըն ալ կ՛ըսէ, թէ Աստուած իր հողաբաշխումի օրերուն պահ մը մոռցեր էր հայը եւ վերջին պահուն մտաբերելով` անոր շնորհած է Հայկական Լեռնաշխարհի քարքարոտ ու յաճախ անջրդի տարածքը: Անշուշտ կայ նաեւ միւս աւանդավէպը, թէ` Հայաստան իսկապէս երկրի վրայ դրախտ մըն է, «Հայաստա՜ն, երկի՜ր դրախտավայր»…)
Ի՞նչ կը պատահի այսօր: «Հայրենիքդ մոռցիր» (ըստ էութեան` թրքահնար) պատգամին միացած են Երեւանի իշխանաւորն ու իր «շքախումբը»: Շուշին ու Արցախը հռչակեցին «տժգոյն ու դժբախտ» (համեմատել երգին երկրորդ տողին): Հիմա Ազրպէյճանին նուէր տրուած Արցախը մոռցած են եւ կը փորձեն մեր ժողովուրդն ալ համոզել, որ մի՛շտ ալ հայապատկան այդ հողամասը` Հայաստան աշխարհի մէկ անքակտելի տարածքը, պէտք է մոռնալ: Երբ սահմանագծումի մասին կը խօսին, իսկ այդ հողամասը դուրս դրուած է օրակարգէն, հոգ չէ թէ հիմա օտարներ իսկ կը պնդեն, որ Արցախի հարցը չէ փակուած, ժողովուրդին իրաւունքները` տուն դարձի՛ իրաւունքը, անհերքելի են: Մինչեւ իսկ Արցախի պետական ղեկավարութեան կը զլանան Հայաստանի մէջ գործ ընելու` իրաւունք հետապնդելու իրաւունքը: «Հայաստանի մէջ միայն մէկ կառավարութիւն կայ», կը պոռայ անմիտը, կարծէք թէ արցախցիք կամովին Հայաստան եկած են, ու եկած են խլելու այն աթոռը, որուն անարժանաբար կպած կը մնայ (կը պահեն) ինք:
Ինչպէ՞ս չյիշել դիւանագիտական այն ծաւալուն աշխատանքը, որ տասնամեակներ շարունակ տարաւ Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան պատուիրակութիւնը` միջազգային ոլորտներու, ընդհանրապէս եւրոպական երկիրներու մէջ (Ազգերու լիկա, Հայաստանի նախկին դաշնակիցներ…): Վտարանդի` աքսորի կառավարութեան դերը ստանձնած այդ պատուիրակութիւնը ո՛չ մէկ տեղ անհանդուրժողութիւն գտաւ, ի՜նչ խօսք, որ անոր ճիգերը չարդիւնաւորուեցան յետաշխարհամարտեան խաղերու եւ նորացուած մրցակցութիւններու պատճառով: Միակ չհանդուրժողներն էին Թուրքիան, քիչ մըն ալ անոր հետ 20-ական տարիներէն սիրաբանութեան էջեր կերտող կարմիր կայսրութիւնը…
Հիմա այլ բառամթերքով «դժբախտ եւ տժգոյն» կը դասուին նոյնինքն Հայաստանի տաւուշեան շրջանները (եւ սա շարունակութիւնն է, ո՛չ սկիզբը երկանց): Ի՞նչ որակում կարելի է տալ մէկուն, որ հողերու կամ ճամբաներու պատկանելիութիւնը կը չափէ… այդ շրջաններուն մէջ ճաշարաններու եւ պանդոկներու գոյութեամբ: Եթէ նման կառոյցներ չկան, ուրեմն Ազրպէյճանին հախ է ունենալ այդ ճամբաները: Եկէք, պահ մը նոյն տրամաբանութեամբ մօտենանք, օրինակի համար, Ալզաս-Լորենի շրջանին. Ֆրանսա, ուրեմն, պէտք է Գերմանիոյ յանձնէ այդ գօտիին այն շրջանները, որոնց ճամբաներուն վրայ ճաշարան ու պանդոկ չկան (սա արդէն այլ ցուցանիշ է, թէ մեր մարդիկը կը մտածեն… ստամոքսով): Ամէնէն ողբերգական կէտերէն մէկն ալ այն է, որ Ազրպէյճանին նուէր տրուելիք այդ (եւ այլ շրջաններուն) մասին կը խօսին «պէտք է վերադարձնենք»-ով: Սա ինքնաբերաբար մտածել կու տայ, որ անոնք իսկապէս ալ Ազրպէյճանին պատկանած են, մենք զանոնք պահ մը խլած ենք Ազրպէյճանէն, եւ հիմա ժամանակը եկած է վերադարձնելու: Այս ծուղակին մէջ կ՛իյնան մինչեւ իսկ ամէնէն հաւատարիմ հայրենասէրներն ու քաղաքական մեկնաբանները, մասնագէտները, որոնք միւս կողմէ արդարօրէն կը շեշտեն` երբ չտարուին այդ ծուղակով, որ Հայաստան Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ տալիք հող չունի, ընդհակառակն, հսկայական մուրհակներ կան համաթուրանականներու ճիտին:
***
Քիչ մը առաջ անցնելով` ձայնակցինք երգին հետեւեալ տողերուն.
Թող հայութեան առջեւ լռէ պատմութիւն,
Թող տիեզերք մոռնայ հայուն մեծութիւն:
Օտարներէն առաջ Երեւանի իշխանաւորներն են, որ ժպիրհ յանդգնութեամբ կը փորձեն ազգը համոզել, որ հիմա կայ նոր Հայաստան, նոր պատմութիւն, կայ Հայաստանի Հանրապետութեան ժամանակակից պատմութիւն, չկայ «պատմական Հայաստան» (բառացիօրէն` «հայրենիքդ ու պատմութիւնդ մոռցիր» կ՛ըսեն` առաջ անցնելով օտարներէն): Մեր հայրենիքը ծնունդ առած է, վիժուկներուն տրամաբանութեամբ, «թաւշեայ յեղափոխութեան» մեկնակէտէն սկսեալ, արարիչն է Նիկոլ Փաշինեան (իսկ իրականութիւնները հազար ու մէկ վկայութիւն կուտակած են, որ «քայքայիչ ու քանդիչ» որակումները շա՜տ մեղմ են այս «արարիչ»-ին համար): Երգին` «Թող տիեզերք մոռնայ հայուն մեծութիւն»-ը այսօր կը թարգմանուի Արարատի եւ մեր պատմական բոլոր հողերուն ուրացումով, արիւնով ու քրտինքով ձեռք բերուած մեր յաղթանակներու եւ յառաջխաղացքներու դրժումով (1991-էն ասդին ո՜վ դրական քայլ առած է որ…):
Գողտրիկ այս երգը, սակայն, ողբի եւ պարտուողականութեան, անձնատուութեան ու ինքնամոռացութեան տողերէն անդին` ունի անժամանցելի պատգամներ: Հոն կայ հայրենիքին հանդէպ սէրը, հոգ չէ թէ` հայրենիքը թուի «ամուլ ու ամայի», ինչպէս որ ըրին Արցախին: Այս երգը երգողները իրենց հոգիին եւ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔԻՆ մէջ ամուր կերպով արձանագրած էին այն, որ հայրենիքին
… հող դրախտ, ջուրն օշարակ,
Օդ քաղցր է, օդ քաղցր,
Եկո՛ւր, պանդո՛ւխտ, սրտիկդ անո՛ր նուիրէ:
Ինչպէս նաեւ` դժբախտութիւններ դիմագրաւող հայրենիքը սիրելու յանձնառութիւնը:
«Մոռցուած» երգերէն ալ հզօր պատգամներ կը հասնին այսօր, լիցք կը պարգեւեն պայքարի այսօրուան էջերուն: Շուտով պիտի գայ նոր ապրիլ 24 մը, նոր մայիս 28 մը, որոնք, ստամոքսապաշտներուն տրամաբանութեամբ, վերապահուած են «պատմական Հայաստանին»…
28 մարտ 2024