Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դպրոցն Ու Հայերէնի Դասաւանդումը (Մտորումներ Հալէպահայ Վարժարաններու Միօրեայ Լսարանին Առիթով)

Ապրիլ 9, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Աւելի քան տասը տարիէ ի վեր (Սուրիոյ պատերազմէն ասդին) Հալէպի հայկական մեր վարժարանները կը դիմագրաւեն բազմապիսի դժուարութիւններ: Կայ տնտեսական սուր տագնապ (երբեմնի կայուն պիւտճէները տակնուվրայ եղած են ու գանձանակները` պարպուած), կայ աշակերտական թիւի աննախադէպ նուազում (գաղթի անկասելի ալիքը ամէն ամիս մեզմէ կը խլէ տասնեակ ընտանիքներ), կայ մեր դպրոցները խուժած ոչհայ աշակերտներու մեծ թիւ եւ ատոր դիմաց` վարժարաններուն հայկականութիւնը պահպանելու դժուարին առաքելութիւն, կայ խառնածին (օտար ամուսնութիւններու պտուղ) կէս հայ աշակերտներու յատուկ պարագան, կայ հայերէնաւանդ որակեալ ուսուցիչներու զգալի պակաս, կայ տնօրէններու տագնապ, կայ կրօնի նոր դասագիրքերու մշակման անհրաժեշտութիւն, կայ քաղաքիս Հայագիտական հիմնարկի գոյատեւումի հարց, երբեմն նոյնիսկ կայ դպրոց փակելու տխուր հեռանկար ու մղձաւանջ, կայ հայերէնի ընդհանուր նահանջի այրող ցաւը…

Շարայարուած այս տագնապները ո՞վ սեղան պիտի դնէ, ո՞վ ախտաճանաչումներ պիտի կատարէ, ո՞վ լուծումներ պիտի առաջարկէ…

Բնականաբար մեր հայեացքը կ՛ուղղուի կրթական բնագաւառը վերահսկող մարմիններուն` Ազգ. առաջնորդարանի Ուսումնական խորհուրդին, ՀԲԸՄ-ի Կրթական յանձնախումբին ու Հայ աւետ. համայնքի Կրթական խորհուրդին:

Բայց, որպէսզի քննարկուէին այս հարցերը, հարկ էր, ամէն բանէ առաջ, ՔՈՎՔՈՎԻ ԳԱԼ ու ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԻԼ:

Ես չեմ յիշեր բնաւ, թէ որեւէ ատեն Հալէպի մեր հայկական ԲՈԼՈՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ մէկտեղուէին կտուրի մը տակ եւ միասնաբար օրակարգի նիւթ դարձնէին զիրենք ու ամբողջ գաղութը յուզող կրթական տագնապալի հարցերը:

Սա կը նշանակէ, որ թերացեր ենք այս մարզին մէջ: Չենք փորձած իրարու մօտենալ: Խուսափեր ենք «միւս»-ին քով երթալէ, կամ անոր հետ խորհրդակցելէ, մեր ցաւերն ու տագնապները մէկզմէկու հետ կիսելէ: Իւրաքանչիւր դպրոց նախընտրեր է մնալ իր ցանկապատէն ներս, իր պատեանին մէջ` փորձելով առանձնաբա՛ր լուծումներ որոնել իր հարցերուն:

Բայց ինչո՞ւ կը խորշինք միատեղ աշխատանքէ, ինչո՞ւ չենք գօտեպնդեր զիրար, ինչո՞ւ իր լոզունգային պարունակէն դուրս չենք բերեր անդադար յեղյեղուող «միասնութիւն» բառը:

Օրեր առաջ, անցնող շաբաթավերջին (23 մարտ 2024), կարեւոր անկիւնադարձ մը արձանագրուեցաւ գաղութային մեր առօրեային մէջ. Հալէպի հայկական ութ վարժարաններէն եօթն` մէկտեղուեցան նոյն կտուրին տակ ու մասնակցութիւն բերին «Հայերէնը մեր կրթօճախներէն ներս» խորագրով միօրեայ լսարանի մը: Բացակայ միակ դպրոցը Հայ կաթողիկէ Զուարթնոց միջնակարգն էր:

Լսարանին գաղափարն ու նախաձեռնութիւնը կու գար Հայ աւետարանական համայնքէն, որուն շնորհակալութիւն կը յայտնենք այստեղ, հրապարակաւ: Մեզի համար իսկապէս մեծ ուրախութիւն եղաւ նորակառոյց համայնքապետարանի «Թեհլիրեան» սրահին մէջ համախմբուած տեսնել երեսունի չափ հայերէնաւանդ ուսուցչուհիներ, մեծաւ մասամբ` իրենց տնօրէններուն ուղեկցութեամբ, որոնք եկած էին լսելու այս առթիւ պատրաստուած զեկոյցները, բայց նաեւ` մասնակից դառնալու քննարկումներուն:

Ոչ ոք անշուշտ յաւակնութիւնն ունի, թէ միակ հաւաքով մը կարելի պիտի ըլլայ փարատել մեր դպրոցներուն ցաւերը: Ո՛չ: Ասիկա պարզապէս առաջին քայլ մըն էր երկխօսութեան ու անկաշկանդ արտայայտութեան, տեսակ մը` «հայերէնաւանդ ուսուցիչներու հարթակ», որուն սեղանին կրնային դրուիլ այն բոլոր խայտաբղէտ հարցերը, որոնք կը տագնապեցնէին կամ խռովքի կը մատնէին մայրենի լեզու դասաւանդող մեր կրթական մշակները: Եւ ինչպէս համայնքապետ (ու լսարանի համակարգող-նախագահ) վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան պիտի շեշտէր իր բացման խօսքին մէջ, տագնապները բառնալու համար ամէն բանէ առաջ անհրաժեշտ էր «մեր մատներուն ետին չպահուըտիլ», այսինքն` ընդունիլ, որ հայերէնի լուրջ նահանջ մը կայ դպրոցներէն ներս, եւ թէ` դասաւանդուած ու ընկալուած հայերէնը բարւոք մակարդակի վրայ չի գտնուիր:

***

Սարքուած միօրեայ լսարանը, խոստովանինք, քիչ մը ջուր սրսկեց մեր այրած սրտերուն: Զուգադիպած ըլլալով Ուսուցչաց տօնին` անիկա զգեցաւ մէկէ աւելի հանգամանքներ. նախ` բոլոր դպրոցներու կազմակերպած աւանդական ճաշկերոյթները, ծափն ու պարը շրջանցելով` մտաւորական հարթակ մը բացաւ մեր ուսուցիչներուն առջեւ: Ծանօթանալու, խորհելու, խորհրդակցելու առիթ ստեղծեց: Յետոյ, առաջին անգամ ըլլալով, միասնականութիւն մը իրականացուց հայկական վարժարաններուն միջեւ (հոգ չէ թէ` տակաւին «փխրուն» միասնականութիւն մը): Վերջապէս, ցաւատանջ վէրք մը բացաւ ու դրաւ մեր առջեւ, որ է ըսել` հայերէնի հետեւողական նահանջն ու անկումը:

Միշտ ըսած ենք ու հիմա ալ կը կրկնենք. վերցուցէ՛ք հայկական դպրոցները մեր գաղութէն, գաղութը լրիւ կ՛անշքանայ, կը կորսնցնէ իր բովանդակ ներուժը: Մշակութային, մարզական, երիտասարդական, բարեսիրական կամ հայրենակցական մեր բոլո՜ր միութիւնները, եկեղեցին, յարանուանութիւնները եւ միւսները, իրենց բազմադիմի ու այլազան գործունէութեամբ, չե՛ն կրնար կատարել այն սքանչելի ու անգնահատելի ծառայութիւնը, զոր Հայ Դպրոցը կը կատարէ ինքնաբերաբար` առանց փողի ու թմբուկի, առանց սնամէջ լոզունգներու: Մեր դպրոցները կը նմանին փուռի մը, որ շարունակ հաց կ՛արտադրէ, նոյնիսկ երբ օգտագործուած ալիւրը կորսնցուցած ըլլայ իր երբեմնի որակը:

Հալէպահայ գաղութին ՈՂՆԱՍԻՒՆԸ հայկական վարժարաններն են:

Լսարանի գլխաւոր զեկուցաբերներէն. Մարիա Գաբրիէլեան շեշտելով կը շեշտէր, որ` «Հայ դպրոցը կը շաղէ ու կը կոփէ ՎԱՂՈՒԱՆ ՀԱՅ ՄԱՐԴԸ»: Այո՛, բայց այդ խմորումն ու կոփումը իրականացնելու համար ունի՞նք յարմար ենթահող, ունի՞նք հմուտ մշակներ, հետեւողականօրէն մեր ուշադրութեան կիզակէտը կը դարձնե՞նք այս հարցը:

Եկէ՛ք` ընդունինք, որ մեր դպրոցները բաւական վատուժ դարձեր են հիմա: Մասնաւոր դարմանումի եւ կազդուրման կը կարօտին անոնք: Այս հաստատումը կը կատարենք անվերապահօրէն, հայ դպրոցը իր առաքելութեան բարձրագոյն կէտին վրայ տեսնելու բաղձանքով:

Սուրիոյ պատերազմը լախտի ծանր հարուածներ հասցուց մեր վարժարաններուն: Պատմական հարուստ անցեալ ունեցող կարգ մը դպրոցներ փակուեցան արդէն (Հայկազեան, Սահակեան, Զաւարեան), մինչ նկուն դիրքի մատնուեցան ուրիշներ: Ամբողջ սփիւռքի նախանձը շարժող մեր երբեմնի փառաւոր ու պատմական վարժարանները եթէ կրցան կանգուն մնալ առ այսօր, խեղճացան սակայն, կծկուեցան, կորսնցուցին իրենց աշակերտները, անշքացան…

Վերականգնումի փորձեր եղա՛ն անշուշտ, դեռ ալ պիտի ըլլան: Սակայն ԼՈՒՐՋ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐ իրենց ճիրաններուն մէջ առած են հալէպահայ դպրոցները ու զանոնք կը մաշեցնեն օրէ-օր, տարուէ-տարի:

Կ՛ակնարկենք` հայկական դպրոցներու ՀԱՅԵՑԻ ԴԻՄԱԳԻԾԻ ԱՂԱՐՏՈՒՄԻՆ, վարժարաններէն ներս հայկական շունչի հետզհետէ տկարացումին, նօսրացումին:

Այս փշոտ նիւթը չարծարծուեցաւ լսարանին մէջ: Անիկա օրակարգէ դուրս էր, որովհետեւ կը կարօտէր առանձին նիստի ու մասնագիտական քննարկումներու:

Գիտենք, որ մեր դպրոցներուն ներքին կաղացումներուն կամ խոցելի երեւոյթներուն «կափարիչ»-ը բանալը դիւրին չէ: Մեր կրթական պատասխանատուները, աւանդաբար, չեն ուզեր թափանցիկ դարձնել այսպիսի հարցեր, թերեւս` արդարօրէն, ներքին ու արտաքին ինչ-ինչ հաշիւներով: Սակայն ոչ մէկ անպատեհութիւն կայ, կը խորհինք, եթէ մեր դպրոցները քով քովի գան ու միասնաբար (եւ սրտբացօրէն) սեղան դնեն իրենց հասարակաց տագնապներն ու միասնաբա՛ր ալ լուծումներ որոնեն:

Սեմինարին առաջադրանքն ալ ա՛յդ էր, կը խորհինք:

***

Մենք, որ լսարանի գլխաւոր զեկուցաբերներէն մէկն էինք, ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեցինք մեր վարժարաններու երկրորդական կարգերու աշակերտութեան խոցելի 2 երեսներուն վրայ. չկարենալ հայերէն սահուն կարդալ եւ ուղղագրական ահաւոր սխալներով գրել մայրենի լեզուն…

Մեզի համար ցաւատանջ է պատկերացնել, որ մեր 16-17 տարեկան տղաքն ու աղջիկները չեն կրնար… ԿԱՐԴԱԼ: Այո՛, պարզապէս կարդալ: Կարդալ հայերէն սովորական էջ մը: Երբ մեր ապրած երկրին գիւղերու ու գաւառներու անուս գեղջուկներուն զաւակներն անգամ համալսարաններ կը յաճախեն հիմա ու կը վկայուին հոնկէ` իբրեւ կերպարանափոխուած տիպարներ, ինչո՞ւ մերինները իրենց մայրենի հարազատ լեզուն կը կարդան կմկմալով ու հեգելով` խաչելով զիրենք մտիկ ընողները:

Այսպէս կարդացողներուն թիւը շա՜տ մեծ է եւ կը կազմէ դասարաններու աշակերտութեան ընդհանուր թիւին 2\3-ը:

Երեւոյթը ընդվզեցուցիչ է ու ողբալի,  մա՛նաւանդ եթէ նկատի առնենք այն իրողութիւնը, որ մեր այս տղաքն ու աղջիկները մանկապարտէզէն ի վեր տեւաբար հայկական դպրոց յաճախեր են: Այսինքն 13-14 տարի հայկական վարժարան յաճախելէ ու  10 տարբեր դասագիրքեր «բանալ-գոցել»-է ետք դեռ չե՛ն յաջողիր հեզասահ կարդալ:

Ո՞ւր կը կայանայ ասոր գաղտնիքը:

Մեր դպրոցներուն վարիչները (տնօրէն, հոգաբարձու, խնամակալ եւ այլք), նաեւ` ծնողները, տեղեա՞կ են իրավիճակին: Ու եթէ տեղեակ են, ի՞նչ միջոցառումներու կը դիմեն կացութիւնը բարւոքելու համար:

Տխո՜ւր է մտածել, որ մեր աշակերտութեան ջախջախիչ տոկոսը կազմող այս խաւը վաղը, մօտիկ ապագային, երբ շրջանաւարտ պիտի ըլլայ դպրոցէն, ա՛լ բնաւ պիտի չուզէ (կամ պիտի չկարենայ) իր ափերուն մէջ բռնել հայերէն թերթ մը կամ գիրք մը:

Սեմինարը թէեւ լուսարձակի տակ առաւ այս հարցը, սակայն զայն դարմանելու կերպերուն մասին ոչի՛նչ ըսուեցաւ: Ներկայ ուսուցչուհիներն ալ վարանեցան այս մասին արտայայտուելէ:

Միւս խոցելի կէտը ուղղագրութիւնն է:

Մեր տղաքը կատարելապէս ԱՆԾԱՆՕԹ են հայերէնի ուղղագրական օրէնքներուն: Կը գրեն ըստ կամս եւ ըստ քմահաճոյքի…

Վերջերս ուղղագրութեան փորձ-քննութիւն մը կատարեցինք հալէպահայ երեք վարժարաններու Ժ. եւ ԺԱ. կարգերէն 60 աշակերտի համար: Պահանջեցինք, որ անոնք թուղթ-մատիտ դնեն իրենց գրասեղաններուն վրայ եւ իբրեւ ուղղագրութիւն` արձանագրեն մեր կողմէ տրուած հայերէն ՄԻԱԿ ՆԱԽԱԴԱՍՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, որ կը բաղկանար քսան բառէ: Բառերը արտասովոր չէին, այլ` ընթացիկ խօսակցութեանց մէջ յաճախ գործածելի ու հասկնալի: Արդի՞ւնքը: ՈՉ ՄԷԿ ԱՇԱԿԵՐՏ յաջողեցաւ անսխալ գրել:  6 աշակերտներ ունէին երկուքական սխալ, 8 աշակերտներ ունէին երեքական սխալ, իսկ մեծամասնութիւնը կը «փայլէր»  7-12 տառասխալով…:

Կը ստիպուինք կրկնել վերեւի միեւնոյն հարցումը.«Ո՞ւր կը կայանայ այս խոցելի երեւոյթին գաղտնիքը»:

Ի՞նչ ընել` դարմանելու համար այս բաց վէրքը:

Այսպիսի հարցեր ու տագնապներ, ահաւասիկ, պէտք է քննարկուին համագաղութային մակարդակով ու ԲՈԼՈՐ դպրոցներուն մասնակցութեամբ: Պէտք է դպրոցներէն ներս ի գործ դնել ազդու եւ զսպիչ օրէնքներ, որոնք թէ՛ պարտաւորիչ դարձնեն հայերէնի իւրացումը, թէ՛ ալ կապանք դնեն հայերէնի դասապահերը խանգարող կամ արհամարհող կամակոր աշակերտներուն առջեւ:

***

Ըսինք արդէն, որ միօրեայ լսարանին հրաւիրուած էին հալէպահայ բոլոր դպրոցները անխտիր: Մեզի համար ուրախալի եղաւ տեսնել, որ հրաւիրեալներուն շարքին էր նաեւ քաղաքիս Հայագիտական հիմնարկը: Ասիկա ողջունելի ներկայութիւն մըն էր անշուշտ, որովհետեւ այժմու հայերէնաւանդ մեր ուսուցչուհիներուն մեծ մասը շրջանաւարտ է այս հիմնարկէն:

Միշտ հարց տուած ենք մենք մեզի, որ եթէ գոյութիւն չունենար Հայագիտական հիմնարկը, մեր դպրոցները ուրկէ՞ պիտի ճարէին իրենց հայերէնաւանդ ուսուցչուհիները, կամ ինչպէ՞ս պիտի փոխարինէին հանգստեան կոչուած, արտասահման գաղթած կամ այս աշխարհէն ընդմիշտ հեռացած դասատուները…

Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկը, ուրեմն, անցնող սա քառորդ դարու տեւողութեան նախախնամական դեր կատարեց Հալէպի մէջ: Մարդո՛ւժ պատրաստեց: Հիմա ուրախութեամբ ականատեսն ենք Հայագիտականի շրջանակէն դեռատի օրիորդներու ամբողջ փաղանգի մը, որ գետնէն վերցուցած է երբեմնի երէց ուսուցիչներուն թողած դրօշակն ու պաշտօնի կոչուած է մեր դպրոցներուն մէջ` ակնյայտ յաջողութիւններով:

Հայագիտականը կը շարունակէ պատնէշի վրայ մնալ մեծ զոհողութիւններով: Պէտք է անոր յա՛րգը գիտնալ ու զգօնութեամբ վերաբերիլ զայն խարխափումի մղող վիճակներուն հետ:

Ճի՛շդ այս կէտին վրայ է ահա` որ կ՛ուզենք մեր ընդվզումը կամ հիասթափութիւնը յայտնել… մեր վարժարաններու պատասխանատուներուն:

Հարցումը դնենք շե՛շտակիօրէն. «Մեր դպրոցները ինչո՞ւ չեն օգներ, չեն զօրակցիր Հայագիտականին»:

Մեզի ծանօթ չէ հալէպահայ դպրոց մը կամ զայն հովանաւորող մարմին մը, որ 2-3 տարին անգամ մը իր շրջանաւարտներէն քանի մը պիտանի ու խոստմնալից ուսանողներ Հայագիտական հիմնարկ ուղարկէ (անոնց թոշակներն ալ վճարելով)` զանոնք ապագային իբրեւ դասատուներ պաշտօնի կոչելու համար: Այսինքն Հալէպի մեր հայկական վարժարանները իրենք իրենց համար հայերէնաւանդ ուսուցիչներ պատրաստելու Ո՛Չ ՄԷԿ ՇՕՇԱՓԵԼԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱԾ ԵՆ ՑԱՐԴ:

Ասիկա շատ զարմանալի երեւոյթ է:

Երբ քաղաքի մը մէջ Հայագիտական հիմնարկ մը կայ (աւելի քան 25 տարիէ ի վեր), դպրոցները ինչո՞ւ ձեռնածալ կը նստին: Միթէ անկարելի՞ է կոչում ունեցող գրասէր ու փայլուն շրջանաւարտներ գտնել, համոզել զանոնք տնտեսական երաշխիքներով, հոգալ անոնց ուսման ծախսերը, մօտէն հետեւիլ անոնց ուսումնական երթին ու, այդպիսով, ՄԱՐԴ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼ:

Մեր բոլոր դպրոցներն ալ թերացած են այս պարտականութեան մէջ: Ու այս անբացատրելի թերացումը (շարունակուելու պարագային) մօտիկ ապագային ողբալի անակնկալներու առջեւ պիտի դնէ մեզ…

Հարկ է տեսլակա՛ն ունենալ:

Ժամը հնչած է, որ մեր դպրոցները դո՛ւրս գան այլեւս իրենց կրաւորականութենէն: Անոնք պէտք չէ յուլօրէն սպասեն, որ հայ նորահաս օրիորդ մը ինքնեկ կերպով Հայագիտականի ուսանող դառնայ, յետոյ աւարտէ դասընթացքները, որպէսզի օր մը զայն պաշտօնի հրաւիրեն… ո՛չ, նախաձեռնութիւնը պէտք է գայ ուղղակի հա՛յ դպրոցներէն:

 (Հալէպ)

Նախորդը

Պրիւքսէլի Եռակողմանի Յայտարարութեան Ճակատագրական Բացը

Յաջորդը

Աներեր Կեցուածքէ Շեղում

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?