ԴՊՐԱՊԵՏ ԿԱՐՕ ՍՐԿ. ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՛երթան,
Վհատելու չէ, վերջ կ՛ունենան, կու գան ու կ՛երթան.
Դառն ցաւերը մարդու վերայ չեն մնայ երկար,
Որպէս յաճախորդ շարուէ շարան կու գան ու կ՛երթան»
ԱՇՈՒՂ ՋԻՒԱՆԻ
Չէի կրնար երեւակայել, որ կեանքի դարանակալ լախտը պիտի հարուածէ կեանքիս մէջ իւրայատուկ տեղ գրաւած իմ շատ սիրելի իտէալս, աշուղական երգերու մեկնաբան, երաժշտագէտ ու վաստակաշատ դպրապետս` Գէորգ սրկ. Պէպէճեանը, որուն ինքնաշարժի տարաբախտ արկածի ենթարկուիլը, երեք ամիս Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոցի յատուկ խնամքի բաժանմունքին մէջ մնալը եւ եղերական մահը որբացուց սփիւռքի գաղութները առհասարակ ու յատկապէս լիբանանահայ եկեղեցական եւ մշակութային կեանքը:
Առաջին Ծանօթութիւնս
Երբ մանկութեանս կը յաճախէի Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարան, օր մը մեր դպրոցը այցելեց յաղթանդամ անձ մը: Ան ինքզինք ծանօթացնելէ ետք, իբրեւ դպրապետ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ` դպրաց դասի փոքր դպիր-դպրուհիներու անդամահաւաք առաջարկեց: Ան փորձեց կարգ մը աշակերտներու ձայները եւ լսելէ ետք զանոնք, իր քաջալերական խօսքերն ուղղեց ու ներկայացուց եկեղեցական կեանքի գործունէութիւնը: Մեծ թիւով ընդառաջողներ եղան: Ես ալ այդ աշակերտներու խումբին մաս կազմեցի, եւ սկսանք շաբաթ օրերը հաւաքուիլ եկեղեցի եւ փորձեր կատարել, ապա` ժամանցի պահ, աւարտին կը մասնակցէինք շաբաթօրեայ երեկոյեան ժամերգութեան: Իսկ կիրակի` Տէրունական օրը, պէտք էր զոհէինք մեր ընտանեկան պտոյտները, որպէսզի մասնակցէինք ս. պատարագին: Զգալի էր պարոն Պէպէճեանի խստապահանջութիւնն ու սէրը մեզմէ իւրաքանչիւրին հանդէպ: Կը լսէր բոլորը եւ կը ծրագրէր, որ հերթով եկեղեցական պաշտօնները կատարենք` մոմակրութիւն, քշոցակրութիւն, քարոզասացութիւն, բուրվառակրութիւն… Ընտանեկան յարկիս մէջ ծնողքս կատակելով կ՛ըսէր. «Կարոն կանուխ եկեղեցի կ՛երթայ, որպէսզի դուռը բանայ եւ կէսօրին կ՛ուշանայ, որպէսզի ս. պատարագէն ետք եկեղեցւոյ դուռը փակէ»: Այնքան սէր ունէինք մենք` պատանիներս, Աստուծոյ տաճարին հանդէպ` ծառայելու անոր, այդ ալ` շնորհիւ դպրապետ Գէորգ սարկաւագ Պէպէճեանին:
Ծառայութեան Բեղմնաւորում
Եւ այսպէս, տարիներու ծառայութիւնը շնորհիւ դպրապետին ջանքերուն, փորձերուն, քաջալերանքին` մեզ առաւել կառչած պահեց եկեղեցւոյ: Իր օրով ստացանք եկեղեցական աստիճաններ` դպիր, կիսասարկաւագ, աւելի ուշ նաեւ` սարկաւագ: Դպրապետին համար ի՜նչ հոգեկան բերկրութիւն էր տեսնել իր աշակերտներուն եկեղեցական կարգերու բարձրացումը: Յիշողութեանս մէջ դեռ թարմ է, երբ մենք` պատանիներս, առաւել քան քառասուն հոգի կը վիճէինք` ո՛վ պատարագին մոմ պիտի բռնէ, ո՛վ քշոց պիտի բռնէ, ո՛վ սաղմոս պիտի կարդայ…
Մտերմութիւն Դպրապետին Հետ
Տարիները սահեցան եւ բոլորս` այդ սերունդի պատանի դպիրներս, մեծցանք, եղանք երիտասարդ: Ոմանք գաղթեցին, տարիքով մեծ ծառայող սարկաւագներն ու կիսասարկաւագները կեանքին հրաժեշտ տուին, սակայն ես եւ քանի մը ծառայակից եղբայրներս մնացինք Աստուծոյ տաճարին ծառայութեան առաքելութեան մէջ` Լիբանան, Քանատա, Միացեալ Նահանգներ:
Մեր սէրն ու յարգանքը դպրապետին հանդէպ հօր եւ զաւակի նման էր, որովհետեւ կը սիրէինք վայելել իր ներկայութիւնը, լսել դաստիարակիչ եւ քաղցրահամ բառապաշարն ու իր կեանքի փորձառութիւնները:
Դպրապետին համար ամէն անձ արժէք էր, իսկ անոնց յաջողութիւնները հոգեկան բերկրանք կը պատճառէր: Կը սիրէր, որ միշտ հանդիպինք, զրուցենք եւ միասին ըլլանք: Շատ անգամ ընտանիքի անդամներուն կամ այլոց հետ խօսած է իմ մասիս եւ գնահատած զիս` իմ ծառայութեանս արդիւնաւէտութեան համար:
Հմուտ Շարականագէտ Դպրապետը
Այո՛, մեր դպրապետին ձայնը իր ուժգնութեամբ եւ իւրաքանչիւր երաժշտական նոթայի ճշգրտութեամբ հմայած էր բոլորս: Դպրապետ պարոն Գէորգը հպարտութեամբ կը խօսէր միշտ իր դպրապետին` Վարդան Սերայտարեանին մասին: Մենք ալ իր ողջութեան կը վկայէինք եւ յետմահու ալ կը վկայենք դպրապետ Գէորգ սրկ. Պէպէճեանին մասին, որուն նուիրեալ վաստակը, շարականագիտութեան լաւապէս գիտակ ըլլալը, հարազատութիւնը, սէրը համակած էր բոլորս: Որքան հաճելի էր լսել իր կատարողութեամբ Ծաղկազարդի դռնբացէքին «Բա՛ց մեզ, տէր» շարականը, Աւագ հինգշաբթի խաւարման գիշերուան «Ո՞ւր ես, մայր իմ»-ը: Յիշարժան է դպրապետին օրով Լիբանանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Արամ արք. Քէշիշեանի կողմէ հիմնադրուած եկեղեցւոյս «Նարեկացի» երգչախումբին ելոյթներու պատրաստութեան այնքան բծախնդիր աշխատանքը, յայտագիրներուն բարձրորակ երգերն ու մանաւանդ իր կողմէ կատարուած մեներգները, որոնք առաւել փայլք կու տային ելոյթներուն:
Դպրապետը` Ընկերային Անձ
Հակառակ դպրապետութեան իր ծանր պարտականութեան եւ ընտանեկան պարտաւորութեանց` դպրապետ Գէորգ սարկաւագը կը սիրէր եկեղեցւոյ դպրաց դասի կողմէ կատարուած ընկերային հաւաքները, որոնց համար շինիչ առաջարկներ կը կատարէր եւ գրեթէ գործօն մասնակցութիւն կը բերէր` առաւելագոյնս կազմակերպուած յայտագիր եւ ճաշացուցակ հրամցնելու համար մեզի` դպրաց դասի անդամներուս:
Դպրապետը` Աշուղական Երգիչ
Դպրապետը հայ մշակոյթի գանձարանին մէջ նաեւ իր ներդրումը ունեցաւ: Արդարեւ, եկեղեցական ձեռնարկներէ բացի, ազգային, միութենական, կուսակցական ձեռնարկներու ընթացքին մեներգեց Սայաթ Նովայէն, Աշուղ Ջիւանիէն աշուղական երգեր, ազգային ու ժողովրդային երգեր, մեծ երաժիշտներէն որակաւոր կտորներ: Չմերժեց որեւէ ձեռնարկ, որովհետեւ կը հաւատար, որ երգը բալասան է ծարաւ ու անջրդի հոգիներուն: Բացի ասկէ` հարկ է նշել նաեւ անգլերէն, իտալերէն, գերմաներէն երգերու իր թենոր ձայնով կատարումները: Ի զուր չէ, որ հայկական թէ օտար շրջանակներու մէջ կոչած էին զինք «Հայերու Փաւարոթթի»-ն:
Դպրապետին Թողած Աւանդը
Բնականաբար մենք` իբրեւ մարդ արարածներ, Աստուծոյ կողմէ նախասահմանուած կեանքով աշխարհ եկած ենք մեր հետքն ու ժառանգը թողելու` ի սպաս ապրողներուն, նոր սերունդին եւ ապագային: Առաջին հերթին դպրապետը ժառանգ ձգեց իր բոլոր ազգային, աշուղական, ժողովրդային երգերը, որոնք պիտի շարունակեն լսուիլ հայ ընտանիքներու յարկին տակ` ըլլա՛յ ձայնասփիւռի կայաններէն, ըլլա՛յ մեր բջիջային հեռաձայններու միջոցով: Դպրապետը սերունդներ պատրաստեց, որոնք Լիբանանի մէջ կամ այլուր, իրենց կարգին, կը ծառայեն Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ: Դպրապետը կատարեց Հայ եկեղեցւոյ շարականներու` կիրակի օրերու, Աւագ շաբթուան եւ տաղաւար տօներու ժամերգութեանց ձայնագրութիւն, որմէ օգտուեցան եւ կը շարունակեն օգտուիլ շատ մը դպրապետներ ու սարկաւագներ, որոնց կարգին նաեւ ես ալ օգտուեցայ:
Դպրապետին Պարգեւատրումը
Որքա՜ն հոգեկան բերկրանք էր դպրապետին ընտանիքին, երաժշտասէր հասարակութեան, նոյնպէս մեզի` Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի դպրապետ Գէորգ սրկ. Պէպէճեանին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2013 թուականին «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց շքանշան»-ով պարգեւատրումը: Վեհափառ հայրապետը այս առիթով իր կոնդակին մէջ նշած էր. «Տարիներ շարունակ ձեր կարեւոր նպաստը բերիք դպրեվանքի մարդակերտումի առաքելութեան: Դուք նաեւ անցնող շուրջ քառասուն տարիներուն ձեր գործօն մասնակցութիւնը բերիք հայ մշակոյթին ու յատկապէս հայ հոգեւոր, դասական ու ժողովրդային երաժշտութեան տարածման` որպէս դպրապետ, խմբավար ու դասական երգերու գնահատուած մեկնաբան»:
Վերջին Զրոյց
Վերջին հեռաձայնային կապս դպրապետին հետ կայացաւ շաբաթ, 30 սեպտեմբեր 2023-ին, երբ շնորհաւորեցի իր անուանակոչութիւնը Ս. Գէորգի տօնին առիթով: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց, որ զինք չեմ մոռնար բոլոր առիթներուն: Դպրապետը նշեց, որ զիս իր զաւակին պէս կը սիրէ: Ան մաղթեց, որ երջանիկ, երկար ապրիմ: Ան փափաքեցաւ նաեւ, որ միասին հանդիպինք Այնճարի իր բնակարանին մէջ, ժամանակ անցընենք, բայց ափսո՜ս… այդ հանդիպումը չկայացաւ, եւ պատահեցաւ չարաբաստիկ ինքնաշարժի արկածը:
Եթէ տակաւին ուզեմ մեծարել Գէորգ սրկ. Պէպէճեանի անձն ու արժէքը` որպէս մարդ եւ դպրապետ, շատ էջեր պիտի մրոտեմ, որովհետեւ մեծ վաստակ ունէր: Աշուղ Ջիւանիի երգին բառերը մեզմէ շատերուն դրական արդիւնք եւ հոգեկան բերկրանք պատճառելու փոխարէն` այս անգամ դժբախտաբար ժխտական անդրադարձ ունեցան եւ հոգեկան խռովք պատճառեցին դպրապետին ընտանիքին, աշակերտներուն, եկեղեցական եւ ազգային շրջանակներուն` ի տես այս մեծ կորուստին: Միակ սփոփիչն այն է կեանքի մէջ, որ իր յիշատակը վառ կը մնայ բոլորիս յիշողութեան մէջ: Ես կորսնցուցի երկրորդ հայրս` դպրապետս: Կը խոնարհիմ վաստակիդ առջեւ: Ցտեսութի՜ւն, դպրապետ Գէորգ սրկ. Պէպէճեան:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: