ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»
Քանի մը տասնամեակ շարունակ Իսրայէլ ու Թուրքիա մեղրամիսի մէջ էին` քաղաքական եւ տնտեսական աջակցութիւն ցուցաբերելով իրարու:
Սակայն տարիներու ընթացքին անոնց յարաբերութիւնները սրեցան պաղեստինեան հարցերու վերաբերեալ իրենց հակադիր դիրքորոշումներուն պատճառով: Քանի մը անգամ Իսրայէլ եւ Թուրքիա նման հակամարտութիւններու պատճառով յետս կանչեցին իրենց դեսպանները մայրաքաղաքներէն, սակայն` զանոնք կրկին վերականգնելու համար: Այլ կերպ ըսած` բազմիցս վիճած եւ հաշտուած են:
Բոլորս ալ գիտենք հետեւեալ արտայայտութիւնը` «Քաղաքականութիւնը տարօրինակ կողակիցներ կը ստեղծէ»: Իսրայէլ եւ Թուրքիա այդ քաղաքական տարօրինակ զոյգերէն են: Ի սկզբանէ անոնց գործընկերութեան մէջ կար որոշակի հիմք, որ աւելի ճիշդ` կարելի է կոչել փոխադարձ շահագործում: Իսրայէլ` շրջապատուած մեծ թիւով արաբական թշնամական երկիրներով, Թուրքիոյ կարիքը ունէր` իբրեւ իր քաղաքական եւ տնտեսական դաշնակիցը եւ իսլամական պետութիւն մը, որ 1949-ին դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած է Իսրայէլի հետ: Մինչդեռ Թուրքիա Իսրայէլի՛ կարիքը ունէր տարբեր պատճառներով, ներառեալ` Արեւմուտքի քաղաքական աջակցութիւնը, յառաջադէմ զինամթերքի ձեռքբերումը եւ միլիառաւոր տոլարներու առեւտուրը:
Այս կեղտոտ դաշինքին մէկ այլ կողմն ալ այն էր, որ երկու երկիրներն ալ կը ժխտէին Հայոց ցեղասպանութիւնը: Թուրքիա օգտագործեց Իսրայէլի հետ իր յարաբերութիւնները` համոզելու Միացեալ Նահանգներու հրէական հզօր լոպին` արգելափակելու Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը: Թուրքիա ճնշում գործադրեց Իսրայէլի վրայ` արգելափակելու Ողջակիզումի եւ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ միջազգային գիտաժողովը Թել Աւիւի մէջ, 1982-ին, եւ կանխելու` Հայոց ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական ժապաւէնի մը հեռարձակումն ու Քնեսեթի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Թուրքիա այնքան հեռու գնաց, որ սպառնաց հրէական իր ներքին համայնքին եւ պահանջեց Պոլսոյ գլխաւոր ռաբիէն` Թուրքիոյ անունով լոպիինկ իրականացնել ամերիկեան հրէական կազմակերպութիւններու մօտ:
2009-ին, Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի ընթացքին, համաշխարհային ղեկավարներու ներկայութեամբ, Էրտողան ըսաւ Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեսի. «Ես շատ լաւ գիտեմ, թէ դուք ինչպէ՛ս սպաննած էք մանուկներ (Կազայի) ծովափներուն վրայ»:
Այնուհետեւ, 2010-ին տեղի ունեցաւ «Մաւի Մարմարա»-ի միջադէպը, երբ իսրայէլեան զինուած ուժեր յարձակեցան Միջերկրական ծովուն մէջ գտնուող թրքական քաղաքացիական վեց նաւերու վրայ, որոնք կը փորձէին մարդասիրական օգնութիւն հասցնել Կազա, սպաննելով ինը թուրք ուղեւորներ: Այդ յարձակումը լրջօրէն վատթարացուց իսրայէլա-թրքական յարաբերութիւնները: Թուրքիա Թել Աւիւէն յետս կոչեց իր դեսպանը եւ արտաքսեց Իսրայէլի դեսպանը` Անգարայէն: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ներողութիւն խնդրեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն եւ 20 միլիոն տոլար հատուցում վճարեց յարձակման համար:
Հոկտեմբեր 2023-ին, ՀԱՄԱՍ-ի կողմէ Իսրայէլի վրայ յարձակումէն կարճ ժամանակ առաջ, իսրայէլցի մաքսաւորները գրաւեցին հրթիռներու պատրաստման համար նախատեսուած 16 թոն պայթուցիկ նիւթեր, որոնք պահուած էին Կազայի համար նախատեսուած թրքական շինարարական բեռներու մէջ: Զարմանալի է, որ Իսրայէլ ոչ մէկ քայլի ձեռնարկեց Թուրքիոյ դէմ: Ասիկա եւս օրինակ մըն էր, թէ ինչպէ՛ս Իսրայէլ կը մեղմէ Թուրքիոյ հակաիսրայէլեան գործողութիւնները: Փոխանակ Թուրքիան կոչելու ահաբեկչութիւնը հովանաւորող պետութիւն, Իսրայէլի ղեկավարները փայփայեցին Էրտողանը` զայն խրախուսելով շարունակելու իր չարագործութիւնները:
Իսրայէլի վրայ ՀԱՄԱՍ-ի վերջին յարձակումէն ետք Էրտողան ՀԱՄԱՍ-ը կոչեց «ազատութեան մարտիկներ», իսկ Նեթանիահուն նմանցուց «Հիթլերի, Մուսոլինիի եւ Ստալինի` այսօրուան նացիստականներուն»:
Յունուար 2024-ին Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը Թուիթըրի մէջ գրեց. «Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան` Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւն ունեցող երկրէն, ներկայիս կը պարծենայ Իսրայէլի դէմ անհիմն մեղադրանքներով: Մենք կը յիշենք հայերն ու քիւրտերը: Ձեր պատմութիւնը ինքնին խօսուն է: Իսրայէլ կը պաշտպանուի ձեր բարբարոս դաշնակիցներէն, այլ ոչ թէ կը կործանէ»:
Անցեալ շաբաթ Իսրայէլի արտաքին գործերու նախարար Իսրայէլ Քաց կանչած էր Թուրքիոյ դեսպան Շաքիր Օզքան Թորունլարը` բողոքելու համար Էրտողանի այն յայտարարութեան դէմ, որ ան` «Նեթանիահուն կ՛ուղարկէ Ալլահին մօտ` անոր մասին հոգ տանելու, զայն դժբախտացնելու եւ անիծելու համար»: Քաց պատասխանած է X/Twitter-ի մէջ. «Դո՛ւն (Էրտողան), որ կ՛աջակցիս ՀԱՄԱՍ-ի յանցագործներուն կողմէ մանուկները վառելուն, մարդասպաններուն, բռնաբարողներուն եւ դիակներու խեղման, վերջինն ես, որ կրնաս խօսիլ Աստուծոյ մասին: Չկայ Աստուած, որ կը լսէ անոնք, որոնք կ՛աջակցին ՀԱՄԱՍ-ի ձեր բարբարոս ընկերներուն կողմէ իրականացուած վայրագութիւններուն ու մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններուն»: Այնուհետեւ Քաց զգուշացուցած է Էրտողանը. «Լռէ՛ եւ ամօ՛թ քեզի…»:
Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարութիւնը պատասխանեց Քացի. Իսրայէլ իր ստեղծման առաջին օրէն կառուցուած է պաղեստինեան բռնագրաւուած հողի վրայ: «Պաղեստինեան հողերու գրաւման առաջին օրէն Իսրայէլի իշխանութիւնները մեծ ջանքեր գործադրած են պաղեստինցիներու դէմ գործած ծանր յանցագործութիւնները գաղտնի պահելու համար եւ փորձած են իրենց համար անձեռնմխելիութեան զրահ ստեղծել: Անոնք թիրախաւորած են մեր նախագահը, որ կը գոռայ ճշմարտութեան մասին»:
Այնուհետեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեղադրեց Իսրայէլը «ցեղասպանութիւն» իրականացնելու մէջ` յայտարարելով, որ` «Համաշխարհային ամբողջ հանրային կարծիքը անհամբեր կը սպասէ այն օրուան, երբ յանցագործութիւն կատարած իսրայէլցի պաշտօնեաները պատասխանատուութեան կ՛ենթարկուին»:
Աւելի կանուխ Նեթանիահու, որ ինք եւս չի ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը, քննադատեց Էրտողանը Ցեղասպանութիւնը ժխտելուն համար: Նեթանիահու իր թուիթըրեան էջին մէջ գրեց. «Իսրայէլ, որ հաւատարիմ է պատերազմի օրէնքներուն, չ՛ընդունիր բարոյական քարոզները Էրտողանի, որ կ՛աջակցի ՀԱՄԱՍ ահաբեկչական կազմակերպութեան մարդասպաններուն եւ բռնաբարողներուն, կը ժխտէ հայկական ողջակիզումը, կը կոտորէ քիւրտեր իր երկրին մէջ եւ կ՛ոչնչացնէ վարչակարգին հակառակորդներն ու լրագրողները»: Այսուամենայնիւ, Նեթանիահու կը շարունակէ զինել Թուրքիոյ դաշնակից Ազրպէյճանը արդիական զէնքերով, որոնք օգտագործուած են Արցախի մէջ հայերու դէմ նոր ցեղասպանութիւն իրականացնելու համար:
Եզրափակելով, թէ՛ Էրտողան, թէ՛ Նեթանիահու պէտք է ամչնան իրենց վէճերուն մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Ողջակիզումը իբրեւ սակարկութեան առարկայ օգտագործելու համար:
Զիրար կշտամբելու համար ցեղասպանութիւն եզրոյթը իբրեւ մահակ օգտագործելու փոխարէն` ե՛ւ Իսրայէլ, ե՛ւ Թուրքիա պէտք է շատոնց ճանչցած ըլլային Հայոց ցեղասպանութիւնը, որպէսզի դասուէին քաղաքակիրթ պետութիւններու շարքին…
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ