Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ոգեղէն Ձայնի Մը Յաւերժ Ունկնդրութիւնը (Գէորգ Պէպէճեանի Անմեռ Յիշատակին)

April 6, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Յետադարձ ակնարկ մը նետելով լիբանանահայ գաղութի հայաշունչ առօրեային, մեր մտքի ու հոգիի պաստառին վրայ կ՛ուրուագծուի լուսաշող պատկերը արուեստագէտի մը, որուն ստեղծագործ կեանքը յագեցած է երաժշտութեամբ, նուիրումով եւ ազգային արժէքներու ծառայութեամբ:

Տարիներ շարունակ, ան` անզուգական ձայնի տէր ու բացառիկ մենակատար Գէորգ Պէպէճեան, ներկայութիւն եղաւ հայ բեմերու վրայ, իբրեւ ոգեղէն ապրումներու եւ յոյզերու մեկնաբան, որ իր «քարակերտ», հնչեղ եւ զուլալ ձայնով շունչ ու ոգի կու տար ազգային, հայրենասիրական, սիրային ու աշուղական երգերու:

Իրօք, Գէորգ Պէպէճեանի խրոխտ ու պատուաբեր մասնակցութիւնը տարբեր ձեռնարկներու յաւելեալ հմայք ու ներշնչում կ՛ապահովէր այս կամ այն առիթով կազմակերպուած հանդիսութիւններու, ուր արտասանուած խօսքին, պատգամին ու գեղարուեստական յայտագրին որակային փայլք մը կ՛ապահովէր ան` ներկայ բազմութեան սրտի լարերը թրթռացնելով եւ հոգեկան ապրումներու խայտանքին նպաստելով:

Արուեստագէտի գերզգայուն շունչով եւ մարդկային վառ բարեմասնութեամբ ի վերուստ օժտուած Գէորգ Պէպէճեանի համար բեմը մեծ նշանակութիւն ունէր: Իրեն համար անիկա սովորական տարածք մը չէր կամ ալ` միջավայր, ուր ան իր սրտի պարտքը պիտի կատարէր երգացանկով մը, այլեւ իրեն տրամադրուած հարթակը, ինչպիսի տարածք ալ ունենար անիկա, կը դառնար Գէորգ Պէպէճեանի հաստատուն եւ անկորնչելի «բեմադաշտ»-ը, ուր ան իր տիրական ու յաղթանդամ ներկայութեամբ պիտի մատուցէր իր աստուածային շնորհը, հայ երգին ու հնչիւնին փոխանցելով իր ձայնին գեղահունչ գրգիռները:

Փաստօրէն, Գէորգ Պէպէճեանի համար հայ երաժշտութիւնը բարձրարժէք գանձ մըն էր, որուն մաքրութիւնը պահելու եւ պաշտպանելու կոչուած էր ան` եզակի ու ոգեղէն իր ձայնը շաղախելով հայ երգի բառերուն եւ մեղեդիին:

Ազգային թէ հայրենասիրական երգերը մատուցելու պէպէճեանական ժանրը կը զատորոշուէր ուրիշներէ, որովհետեւ ան իր հնչեղ ու որոտան ձայնին կ՛ագուցէր բիւրեղացած ներսիդին ժուժկալ կեցուածքը, տիրական հմայքն ու բարեսիրտ հոգին:

Այլապէս, մենք` երբեմնի ունկնդիրներս, ինչո՛ւ կը յափշտակուէինք եւ հպարտ աչքերով կը հետեւէինք Պէպէճեան մեծութեան, որ պահու լրջութեամբ տարուած կը կախարդէր հանդիսատեսը` հայ երաժշտութեան գոհարները լսելի դարձնելով մեծին ու փոքրին, այս կամ այն հաւաքական ձեռնարկի ընթացքին:

Աւելի՛ն. կը յիշենք, Լիբանանի քաղաքացիական դաժան պատերազմի ամբողջ շրջանին, երբ հայ երիտասարդութիւնը պատերազմի անդոհանքը իր շալակին կ՛ապրէր, նաեւ լծուելով` հայահոծ թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան, զոհեր ու վիրաւորներ ունենալով առօրեայ կեանքին մէջ, իբրեւ սփոփանք, յաճախ կ՛ուզէր ունկնդրել Գէորգ Պէպէճեանի անկրկնելի կատարումները:

Արդ, ինչպէս կարելի է մոռացութեան տալ «Յուշարձաններ», «Դաժան կռւում», «Ապրիլ կրկին», «Գարահիսար լերան լանջին», «Կռունկ», «Տլէ Եաման» ու բազմաթիւ երգերը, որոնք Գէորգ Պէպէճեանի շունչին ու ձայնին ներքեւ այլ որակ ու հնչեղութիւն կը ստանային, ամոքելով հայ երիտասարդութեան ցաւն ու տառապանքը, հարազատի թէ ընկերոջ կորուստին պատճառով:

Այո՛, պէպէճեանական ոգեղինացած ձայնին ուժեղ ազդուութեան տակ մեր օրերու «արծիւներու հոգին վեր կը խոյանար», «քարակերտ յուշարձաններ»-ը մեզի յոյս կը ներշնչէին, «Վանայ ծովին» ալիքները` մեր հոգիները կը հանդարտեցնէին:

Կոմիտասի «Կռունկ»-ն ու «Տլէ Եաման»-ը, Պէպէճեանի շունչին տակ դարձեալ կը յարնէին` մեզ փոխադրելով հայրենի աշխարհ, զգալու հողին, օդին ու ջուրին ուժը, ցաւն ու յաւերժութիւնը:

Պատեհ առիթն է նաեւ արձանագրելու, որ Գէորգ Պէպէճեան, հակառակ կեանքի թաւալքին ու աշխատանքային ծանրաբեռնուածութեան, երբեք չէր մերժեր որեւէ առաջարկ, ձեռնարկի մը իր ներդրումը բերելու: Ան իր բարի ժպիտով եւ հեզահամբոյր խօսքերով կը դիմաւորէր իրեն դիմողները եւ յաջողութիւն կը մաղթէր:

Հայ եկեղեցւոյ ու շարականներու նկատմամբ ունեցած իւրայատուկ սէրը զինք մղած է անմնացորդ սպասարկելու Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ:

Անգնահատելի է նաեւ Գէորգ Պէպէճեանի ուսուցողական թէ սերունդներու դաստիարակութեան աշխատանքը երկար տարիներ:

Դաժան ճակատագիրը պատճառ եղաւ, որ ան հեռանայ այս աշխարհէն ու դառնայ յաւերժի ճամբորդ` իր ընտանիքին, հարազատներուն եւ ամբողջ գաղութին յիշողութեան մէջ թողնելով ամենապայծառ յիշատակները կենսուրախ կեանքին, բորբ հայրենասիրութեան ու անկրկնելի արուեստագէտի կոչումին:

Յարգա՛նք անթառամ յիշատակին:

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Է Արեւու Խաւարումը

Յաջորդը

Յետմահու Զրոյց Դպրապետիս Հետ. Գէորգ Սրկ. Պէպէճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.