Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զանգակատան Յարատեւ Ղօղանջը…*

Ապրիլ 8, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ

Գարնան ծաղկունքին զուգահեռ, երջանկութեան ուժ մը կը համակէ մեր սիրտերը. երազանքի շաւիղ մը կը պարուրէ մեր հոգին, կը տանի մեզ հեռուները, յաւերժութեան այն ուղին, որ հարուստ է գրականութեան ակօսներէն կեանքի կոչուած միլիոնաւոր ստեղծագործութիւններով` բանաստեղծութիւններ, արձակ գրութիւններ, թատրերգութիւններ, միտք հարստացնող գոհարներ, երեւակայութեան դաշտը գունազարդող պատկերներ, յոյզեր ու ապրումներ, որոնց հեղինակները ծանօթ, երբեմն ալ անծանօթ մշակներ են, անոնց խոփը, արօրն ու բահը կը գործեն տիւ եւ գիշեր` պերճագեղ անդաստան մը մատուցելու գրականասէր հանրութեան:

Յաճախ կը խոկանք ու կը խորանանք մեր անձին ու մտածումներուն մէջ: Պատկերներու յաջորդականութեան մէջ կը փնտռենք չտեսնուածը, անյայտը, կը հարցնենք բազմաթիւ հարցումներ, որոնց պատասխանը երբեմն կ՛ուշանայ: Կը դիմենք գիրքին, հեղինակի երկունքին, որ իր յագեցումին արդիւնքը կը յանձնէ մեր ձեռքերուն` մեր ներաշխարհին դիմաց նո՛ր հորիզոններ ուրուագծել տալով հրեղէն իր մատեանով:

Վերլուծումը, քննարկումը, տողերու ընդգծումը, միտքերու փոխանակումը պահ մը կ՛անջատեն մեզ առօրեայ վազքէն, մտահոգութիւններէն եւ կը փոխադրեն կեանքի նոր արշալոյս մը, ուր մենք ենք, հեղինակը ու իր ստեղծած տիպարները: Կը կարդանք ու հեղինակին ձայնը կը լսենք. կարծէք` այդ տողերը մեզի համար գրուած ըլլային. կը ժպտինք, կը յուզուինք, կը պայքարինք միտքերու տարափին հետ, մեր աչքերը յառած կը մնան գիրքին, բայց մեր հայեացքը կ՛արշաւէ անլոյս փապուղիներէն ալ անդին:

Այսպէս եղաւ Պարոյր Սեւակի 100 բանաստեղծութեանց ճանապարհորդած շքերթը: Բառարանային բառերը նոր ձեւաւորումով, փարթամութեամբ ու շարահիւսական վարպետութեամբ վերածուեցան պատկերներու, ամփոփուեցան եւ իրենց արձագանգը տարածեցին հայրենիքի մէջ ու աշխարհի վրայ:

Ճիշդ 100 տարի առաջ Զանգակատան ղօղանջները աւետեցին գրական ցոլք մը, անունը` Պարոյր Սեւակ:

100 տարի, ու շարունակուող օրերու թաւալումով, հայոց աշխարհէն ծնած Անլռելի Զանգակատան հարազատ որդին` հետզհետէ ուժգնացող իր բաբախումով, շարունակ ստեղծագործեց հոգեցունց միտքի ճառագայթումով, նաեւ` բարձրաձայնած իր համոզումով, որ «բանաստեղծութիւններ գրելու համար պէտք է շատ գիտելիքներ ձեռք բերել եւ շատ բան սորվիլ»: Այս առթիւ կը մէջբերեմ Կարօ Սասունիին խօսքը. «Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւններուն քով եթէ դնենք գրական քննադատութիւններն ու պատմական վերլուծումները, գերազանցապէս միտքի մարդը կ՛արձանանայ մեր դիմաց»: Ընդգծենք «միտքի մարդը»` իբրեւ ուշագրաւ եզր. միտք, որ առանձնայատուկ կարեւորութեան շնորհ տուող ամբողջութիւն է, մարդու էութեան զարգացման համար նպաստող կենսատու առաջնորդ, նշանակալից ու ճարտար խօսքի արտայայտութեան հարստութիւն, որ կը բնութագրէ մարդը իր արժէքով ու գործով:

Այս լոյսին տակ Պարոյր Սեւակ պիտի գրէր.

«Մարդ կայ` ելել է շալակն աշխարհի,
Մարդ կայ` աշխարհն է շալակած տանում…»:

Հետագային ամբողջ ծաղկաքաղ մը պիտի նուիրէր` «Մարդը ափի մէջ» պատկերելով:

Կ՛ընթերցենք Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւնները: Կը մնանք այն կախարդանքի ազդեցութեան տակ, որ իր անձին ընդերքէն բխող զգացումներ են, յոյզեր ու ապրումներ, որոնք անկեղծութիւն կը բուրեն, երբեմն կը հանդիպինք նաեւ կոչումներու, երանութեան ու սիրտի լարերու թրթռացումին:

Դարձեալ Սեւակի գրիչէն.

«Այդ ո՞վ է ասել` նորից են սիրում:
Նորի՛ց չեն սիրում, սիրում են կրկի՜ն…»:

Յուզական աշխարհէն հրամցուած վարարող միտքերու հոսանքին` կ՛ապրինք Սեւակի «Լռութիւնը»: Երբ կը կարդանք իր իսկ ստեղծագործած Լռութիւնը, գրուածներէն անդին եղող ու յաւիտենականութեան մէջ շնչող լռութիւնը: Խօսուն են իր պատկերները, հասուն ու տրամաբանող են միտքերը` ըլլան անոնք բանաստեղծութիւններու մէջ, հարցազրոյցներու թէ ընդհանրապէս խօսած ժամանակ:

Ան կը գրէ.

«Գեղեցիկը միշտ չէ, որ առողջ է, մինչդեռ առողջը միշտ գեղեցիկ է»:

Պարոյր Սեւակ երկրպագուն ըլլալով գեղեցիկին եւ պերճանքին, բանաստեղծական այլ շարքի մէջ, իւրայատուկ տեղ կը պահէ հայ ժողովուրդի տառապալից կեանքին` յատուկ ժամանակաշրջանին անդրադարձող, երբ Կոմիտասի կեանքին ցնցող պատմութեան միջոցով կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի ողբերգական ճակատագիրը: Սակայն կանգ չ’առներ այդտեղ, այլ խրախուսիչ ու վերականգնումի աշխարհահայեացքով կը փորձէ գրական հասարակութիւնը առանձնապէս եւ ողջ հայութիւնը ամբողջապէս առաջնորդել դէպի «բարձրանո՛ւն Հայաստան»:

Մեզմէ իւրաքանչիւրը տարբեր ըմբռնումով ու վերլուծումով կը խորանայ Պարոյր Սեւակի տողերուն մէջ: Թերեւս ուրիշ ժամանակներու ալ տարբեր ազդեցութիւն ու տպաւորութիւն ունենան նոյն այդ տողերը մեր վրայ: Այս մէկը ապացոյց է, որ ժամանակի սահմանումը չի կրճատեր Պարոյր Սեւակի բազմակողմանի ըսելիքներու փոխանցումը, ընդհակառա՛կն, առիթ կը ստեղծէ մտերմանալու բանաստեղծի մտածումներուն հետ, բաժնեկցելու կամ քննադատելու զայն, գրութիւնները անգամ մը եւս ուշի ուշով կարդալու, երբեմն առանձնացնելու տողեր ու պատկերներ:

Հազիւ տասնմէկամեայ Պարոյր Ղազարեան կը գրէ իր առաջին ոտանաւորը` իր կարդացած մէկ վիպակի հերոսուհիին մասին: Հետեւեալը քաղած եմ իր ինքնակենսագրութենէն, ուր կը նշէ թուղթ ու գիրի չգոյութեան մասին: Սակայն դժուարին պայմաններու մէջ ապրելով, նոյնիսկ դիմելով գիրք գողնալու կարողութեան` պատանիին մօտ կը բացայայտուի ներքին մղումը` սէրը դէպի գիրն ու գրականութիւնը, եւ օր մըն ալ իր տպաւորութիւնը յանձնելով թուղթին` մուտք գործէ գրականութեան բեղմնառատ անդաստանէն ներս:

Կը մէջբերեմ իր խօսքը. «Գրողի առաջնահերթ պարտականութիւնը փակագծեր բացելն է եւ ոչ թէ չակերտներ դնելը»:

Եւ տասնեօթը տարեկանին Պարոյր Սեւակ կը դառնայ ուսանող` Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքին, կատարելագործելու իր ուսումը` հասնելով մինչեւ ասպիրանտի տիտղոսին, մի՛շտ մնալով «Պարոյր Սեւակ» գրչանունով:

Բազմաթիւ մտաւորականներու հետ իր հանդիպումը, զրոյցը, ասուլիսները, բանավէճերը, լուսանկարները կը կազմեն հարուստ գանձարան մը Պարոյր Սեւակի կեանքի ժապաւէնին:

Անոր եղերական մահէն ետք ալ նուիրուեցան յօդուածներ, բանաստեղծութիւններ, գրախօսականներ, վերահրատարակուեցան ու ամէնուրեք հնչեցին իր խօսքերը` ապրելով ու ապրեցնելով հայ մեծանուն բանաստեղծին յիշատակը:

Այսօրուան ձեռնարկը լաւագոյն առիթներէն հանդիսացաւ անգամ մը եւս հաղորդուելու Պարոյր Սեւակի անձին ու գործերուն հետ, 100 բանաստեղծութեան հետ միատեղ ամփոփուած են ինքնակենսագրական տուեալներ ու հարցազրոյց, որոնք խճանկարը կը հանդիսանան վաղամեռիկ բանաստեղծին գրական գործունէութեան:

Նայիրեան արշալոյսներէն մինչեւ Սարդարապատի խենթեր, Էրեբունին յուշագրող հայրենի արտեր` Պարոյր Սեւակ անունը կը դառնայ անմեռ: Ան ապրեցաւ անցեալին, բայց կը շարունակէ մնալ մեզի հետ առյաւէտ:

«Գարուն ա, ձուն ա արել»…

———-

Խօսք` արտասանուած Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակին եւ «100 բանաստեղծութիւն» հատորին շնորհահանդէս ձեռնարկներուն:

Նախորդը

«Հայկական Մարդուժի Պատրաստութեան Տարի»-ն Եւ Համազգայինը

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի Այս Տարուան Երրորդ Թիւը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?