(Ապրիլեան Խոհեր) (Գ.)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Տասնամեակներ շարունակ, Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, տարագիր հայութիւնը ապրեր է երազային պահեր, գործեր է «տհաս»-օրէն, սերունդներ դաստիարակեր` ռոմանթիկ զգացումներու յագուրդ տալով, Արարատին նայեր է պսպղուն աչքերով, Սասունի ու Վասպուրականի լեռներուն մասին սորվեր է` ժամանակ կորսցնելով, Վանի, Մուշի, Էրզրումի ու Կարսի անունները հոլովեր է անտեղի, հայաշունչ դպրոց ու եկեղեցի, ակումբ ու մշակութային կեդրոններ կառուցեր է աննպատակ, ինչպէս նաեւ` Արցախի ազատագրութեան ու հայոց պետականութեան վերականգնումէն ետք ցոյց տուած իր բոլոր նուիրական աշխատանքները եղեր են անբարեացակամ ու «շահախնդիր»:
Ահաւասիկ հայոց կեանքի հարազատ մէկ պատկերը, ի տես եւ իմացումն այն յայտարարութեան, հայոց պետութեան գլուխին անցած եւ ժողովրդավարօրէն ընտրուած, այսպէս ըսած, պետական գործիչներու, որոնք աւելի քան հինգ տարիէ հայ աշխարհն ու պետականութիւնը կ՛առաջնորդեն դէպի քաոս, անորոշութիւն ու սեւ ապագայ:
Վերեւի մատնանշումը չ՛արդարացներ բոլոր անոնց, որոնք երեսուն տարի եղան հայոց պետականութեան գլխին, իշխանութիւն ու փառք հիւսեցին, թալանեցին, փոխանակ ամրակուռ, կենսունակ, քաղաքական բարձր ունակութեամբ լիացած, տնտեսապէս հզօր Հայաստան ու Արցախ ժառանգելու հետագայ սերունդներու:
Հետեւաբար, եթէ ունինք սուր մեղադրանք, ապա ատիկա առաջին հերթին ուղղուած է «հին»-ներուն, առանց խտրութեան, իսկ այսօր ունինք խոր ընդվզում ու պոռթկում հանդէպ «նոր»-երուն, պարզապէս որովհետեւ 21-րդ դարուն ա՛լ ընդունելի չէ ականատես ըլլալ ներազգային կեանքի այնպիսի խեղճ, թշուառ ու թրքավարի երեւոյթներու, քաղաքական տհասութեան եւ պետական մակարդակի խաղքութեան, որուն հետեւանքը եղաւ ծանր` հայրենիքի կորուստ, ազգային արժանապատուութեան եւ երազի փլուզում, խաղաղութիւն մուրալու դառն իրավիճակ, իսկ ամենաողբալին` դարաւոր թշնամի թուրքին խրտուիլակը ըլլալու պատրաստակամութիւն:
Մէկ կողմէ ահաւոր ու միւս կողմէ ծիծաղելի կացութեան դէմ յանդիման է հայ ժողովուրդը, իր սփիւռքով, հայրենի ժողովուրդով ու պետականութեամբ:
Այս բոլորը կը կատարուին քաղաքական արեւելումներու ճշգրտման դրօշը պարզած հայոց իշխանաւորներու կողմէ, օտարի աչքերուն բարեկարգիչի ու խելացիի պատմուճանը հանդերձածի «տիպար»-ը ներկայացնելու:
Այն օտարին`ամերիկեան, ռուսական, հրէական, անգլիական ու եւրոպական պետական համակարգին գլուխը անցած, որոնց համայնակուլ, վատոգի ու վայրագ քաղաքատնտեսական ծրագիրները բացայայտ են համայն մարդկութեան եւ բոլոր ժամանակներուն: Ապացոյցը`Արցախին վիճակուած դառն ճակատագիրն էր:
Ապրիլի 24:
Հայոց ցեղասպանութեան 109 տարի ետք, հայ ժողովուրդը` ի հայրենիք եւ սփիւռս աշխարհի, կ՛ապրի արտասովոր, բայց «պատմական» օրեր:
Արտասովոր` իր աշխարհաքաղաքական ընկալումներով, իսկ «պատմական»` հայոց ներքին կեանքի մէջ առկայ անըմբռնելի ու միանգամայն դատապարտելի իրերու դրութեամբ:
Արցախի յանձնումէն եւ հայաթափումէն ետք արդէն յստակ կը դառնար հայոց թշնամի երկիրներու նենգ ու դաւադիր գործընթացները` բոլոր մակարդակներու վրայ, աւելի՛ն. տակաւ կը սկսէին բացայայտուիլ ոչ միայն թուրք-ազերի հորդաներու սեւ ու ոճրային ծրագիրները, այլ նաեւ, այսպէս ըսած, հայոց բարեկամ ու դաշնակից կարգ մը երկիրներու լուռ թէ մեղսակից վերաբերումը` քանդելու, մասնատելու, փլուզելու ամէն ինչ որ հայկական է, կորովի, ազատատենչ, ոգի ունի եւ պարուրուած է ազգային արժէքներով:
Դաժան է նաեւ ներազգային կեանքի միւս պատկերը, որ կու գայ պատմութենէն ու կ՛երկարի մինչեւ մեր օրերը: Թուրքի եաթաղան տեսած, անմարդկային ոճիրներ ու Տէր Զօրի անպատներ ապրած հայու մնացորդացը, իսկ վերջին տարիներուն Արցախ կորսնցուցած հայոց պետութիւնը, զուգընթաց կը շարունակեն ցոյց տալ ապազգային եւ ապաբարոյ քաղաքական վարքագիծ, երբ լո՜ւռ ու մունջ կը հետեւին պետականաքանդ գործընթացներու, անտարբերութիւնն ու ոգեկան պարտութեան շղարշը իրենց ուսերուն հանդերձած:
Այո՛, դառնութեամբ յագեցած հոգեվիճակ մը պատած է մեզ` բոլորս, ի տես այն պառակտիչ մօտեցումին, անպարկեշտ կեցուածքին ու քաղաքական թշուառութեան, երբ հայոց պետութեան ներկայացուցիչներ առանց խպնանքի կը յայտարարեն, թէ «Խոր Վիրապէն անդին Հայաստան չէ», աւելի՛ն. «հարկ է ունենալ 1.5 միլիոն սրբադասուած նահատակներու անուանացանկը» եւ այլն:
Առհասարակ ծիծաղելի պատկերներու, սակայն խորապէս ողբերգական կացութեան մը դէմ յանդիման է ամբողջ հայութիւնը իր բոլոր շերտերով եւ կողմնորոշումներով:
Ոեւէ հայ կրնայ հարց տալ, թէ այս աստիճանի, մակարդակի ենք հասե՞ր իբրեւ հայեր, որ մէկ կողմէ կը յոխորտանք մեր հազարամեակներու պատմութեամբ եւ իմաստութեամբ, եւ միւս կողմէ կ՛անգիտանանք այսօրուան մեր կացութիւնը, որ մեզ դէպի անդունդ ու բնաջնջում կրնայ առաջնորդել:
Արդ, ինչո՛ւ զարմանալ երբ Արցախի կորուստով հպարտացող այրեր, այս օրերուն կը փորձեն ուրանալ 1.5 միլիոն նահատակներու թափած արիւնը, քմծիծաղիլ ու հարցականի տակ առնել թուաքանակը, մոռնալ Արարատը, կորուսեալ հայրենիքը:
Ապշիլ լոկ զարհուրելի երեւոյթի մը դիմաց, երբ թուրքի փոխարէն հայու ձեռամբ կը կատարուին այնպիսի ազգաքանդ արարքներ, զորս մեր թշնամիները կ՛երազէին իրագործել:
21 ապրիլ 2024