Այս տարի եւս (2024) հայ ժողովուրդը, ամէն տարուան նման, ապրիլի 24-ին պիտի յիշատակէ Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը:
Արդեօ՞ք ամէն տարուան նման:
Հայութիւնը, հազիւ ճողոպրած սպանդէն, աշխարհացրիւ դարձած, մանաւանդ` Հայաստանին Մերձաւոր` Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ, իր գաղթակայաններուն մէջ ապաստանած` սկսաւ յիշատակել բազմաբիւր նահատակներուն յիշատակը ապրիլ 24-ին:
Այդ յիշատակումը սուգի ու հոգեհանգիստի բնոյթ ունէր, ցաւ ու ողբ կ՛արտայայտէր:
Աւելի քան տասնամեակ մը պէտք եղաւ, որ վերապրողը կարենայ ոտքի կանգնիլ, այսինքն` ունենալ իր բնակարանը, ունենալ իր դպրոցն ու եկեղեցին, ուր սորվեցաւ յիշատակել իր նահատակները, բան մը, որ օրէնքի վերածուեցաւ ինքնաբերաբար:
Ապա կազմակերպեց` իր ընկերութիւնը, հայրենակցական, բարեսիրական կառոյցներն ու հաստատութիւնները:
Վրայ հասաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմը, որուն աւարտին տեղի ունեցան խորհրդաժողովներ, գագաթաժողովներ, ու ապա` մեծապետական սակարկութիւններ. աշխարհը կարկանդակի նման բաժնուեցաւ անոնց միջեւ:
Հայութիւնը, որ որոշ յոյսեր կապած էր այդ ժողովներուն, յուսախաբ եղաւ, իր երազներն ու տենչերը փոշի դարձան, երբ հակառակ ՄԱԿ-ի նման կառոյցի մը հաստատման` աշխարհը բաժնուեցաւ երկու բեւեռի` դրամատիրական` արեւմտեան, եւ համայնավարական` արեւելեան:
Ու ցեղասպանուած հայութիւնը մնաց անոնց մուրճին ու սալին միջեւ:
Թաւալած ու թաւալող տասնամեակները ճերմակ կամ կանաչ չեղան հայութեան համար, այլ` կարմիր, նոյնիսկ իր ճերմակը կարմիր էր:
Ու հասաւ Հայոց ցեղասպանութեան յիսնամեակը:
Յիսնամեակ մը ամբողջ սգացող հայութիւնը ուզեց, որ իր յաջորդ տարիները տարբեր ըլլան, ու ունեցաւ անկիւնադարձային թեքում: Յիսնամեակ մը լռութեան դատապարտուած հայրենիքին մէջն իսկ կամքը արտայայտուեցաւ քանդելու լռութեան պատը:
Ամէնուրեք կառուցուած էին Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչող յուշակոթողներ: Այս անգամ հայրենիքին մէջ սկսած էր կառուցուիլ հսկայ յուշակոթող մը` Ծիծեռնակաբերդը:
Շուտով ընթացք առին հայկական պահանջատիրութեան առաջին քայլերը, նախ` քանդելու Հայ դատին առջեւ բարձրացուած լռութեան պատը, եւ շուտով պահանջատիրութիւնը ստացաւ զինական բնոյթ:
Այս անկիւնադարձային քայլին տրամաբանական շարժումը պիտի ըլլար սգատօնը վերածել ոգեկոչման տօնի, յիշատակի տօնի ու, ինչո՞ւ չէ`, պահանջատիրութեան տօնի:
Այսպիսով, Հայ դատը սկսաւ քաղաքականանալ, ու սկսաւ գտնել զինք ճանչցող, ընդունող ազգեր, ժողովուրդներ ու պետութիւններ:
Զինական ու քաղաքական պահանջատիրութիւն:
Նախորդ դարու աւարտին փուլ եկաւ Խորհրդային Միութիւնը: Աշխարհը դարձաւ միաբեւեռ, ու Հայաստանը վերագտաւ իր անկախութիւնը:
Հայկական պահանջատիրութիւնը ստացաւ նոր երանգ, որ պսակադրուեցաւ Արցախի ազատագրութեան պայքարով, եւ որուն ազատութիւնը վաստակուեցաւ հազարաւոր նահատակներու արեամբ, գումարեալ` 1915-ի մէկուկէս միլիոն նահատակներուն թիւին վրայ:
Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի մէջ ապրիլեան նահատակներուն ոգեկոչումը ստացաւ նոր ոճ, համապետական ու համահայկական բնոյթ:
Անցան եւս երեսուն տարիներ, ու հայկական պահանջատիրութեան պատկերը աղաւաղուեցաւ 2018-ին, մանաւանդ` այս օրերուն, երբ Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ իշխանութիւններ հետամուտ են ձերբազատուելու համահայկական պահանջատիրութենէն, երբ` աշխարհի մէջ ցեղասպանին բարեկամ ու դաշնակից պետութիւններ իսկ ճանչցած են Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Այսօր միաբեւեռ աշխարհի կաթսան կ՛եռայ, ու ճիգ կը թափուի փոխել այդ միահեծան իրողութիւնը:
Եթէ մէկ կողմէ մերօրեայ Արեւելքի մեծ պետութիւններ (Ռուսիա, Չինաստան, Հնդկաստան, Իրան… եւ այլք) ճիգ կը թափեն ձերբազատուելու միաբեւեռութենէն, սակայն միւս կողմէ` Արեւմուտքը կը մաքառի պահպանելու իր մենաշնորհը:
Հայաստանի տարածաշրջանին մէջ գտնուող պետութիւններ կը ջանան ամէն գնով իրենց տեղը պարտադրել տակաւ կազմուող համակարգին մէջ, իսկ Հայաստանը մնացած է վերոյիշեալ մրցակիցներուն կրունկներուն տակ, որպէս ժողովուրդ` ակամայ, սակայն որպէս իշխանութիւն` կամովին:
Այսօր` 2024-ին, երբ կորսնցուցած ենք Արցախը հայաթափուած, հայրենի հայութեան մէկ կարեւոր զանգուածը տակաւին չէ սթափած իր կամովին թմբիրէն, արդեօք ինչպէ՞ս պիտի ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը: Պիտի սգա՞յ, պիտի ոգեկոչէ՞, պիտի պահանջէ՞, կամ պիտի յիշէ՞ Արցախը: Պիտի ողբա՞յ իր սգանման վիճակը: Թէ՜… Թէ՞ պիտի տօնէ ինչպէս որեւէ թուական, օրինակ` Ամանոր, Ս. Ծնունդ, Ս. Սարգիսի տօն, կամ Վալանթայնի՞ տօն…
Սփիւռքի վիճակն ալ շատ մխիթարական չի թուիր: Այսպէ՛ս, Միջին Արեւելքի երկիրներուն, բռնագրաւուած Հայաստանին դրկից երկիրներուն (Սուրիա, Իրաք, Իրան, Լիբանան…) մէջ բնակող հայութիւնը դէմ յանդիման կանգնեցաւ եւ կը շարունակէ թէժացած տարողութեամբ դիմագրաւել բազմաբնոյթ (քաղաքական, ընկերային, տնտեսական…) տագնապներ, որոնք կամայ թէ ակամայ, եթէ չեն ամլացներ, գէթ կը կաշկանդեն անոր տասնամեակներու պահանջատիրական երթը:
Իրան` ծանրաբեռնուած Արեւմուտքի տնտեսա-քաղաքական պատժամիջոցներուն տակ, այսօր կը դիմակայէ անոնց նոյնիսկ ռազմական սպառնալիքները:
Իրաքի հայութիւնը, իր նուազած թուային պատկերով, հազիւ թէ կը կարողանայ իր գոյութիւնը պահել պառակտուած երկրի մը մէջ, որ միայն քայլ մը ետ է անիշխանութենէն:
Սուրիահայութիւնը, թուային թէ որակական տեսանկիւնէն դիտուած, հիւծուած է անցնող 12 տարիներու տնտեսական թէ ռազմա-քաղաքական տագնապին տակ կքած, առաւել եւս` աւերիչ երկրաշարժին պատճառով, այսօր գերմարդկային ճիգեր կը թափէ իր պահանջատիրական ձայնը լսելի դարձնելու:
Լիբանանը եւս Սուրիայէն ետ չի մնար իր տագնապալի իրավիճակով: Կարծես անոր տնտեսական սուր տագնապը բաւարար չըլլար, ան այսօր ենթակայ է իսրայէլեան ռազմատենչ ու արիւնարբու սպառնալիքներուն, ու հարաւի շրջաններուն մէջ անկէ` թշնամիէն տեղացող հարուածներուն:
Իսկ ի՞նչ խօսինք Արեւմուտքին մէջ ապաստանած հայութեան մասին: Անոր ներկայիս նոր հաստատուած սերունդը գուցէ երբ գաղթած է Միջին Արեւելքէն, յաջողած է հետը տանիլ պահանջատիրութեան գաղափարը, ոգին, ուժականութիւնը, սակայն որքանո՞վ կարող է զայն գործնականացնել, պահանջել: Իսկ անոր յաջորդող սերունդները պիտի յաջողի՞ն չմոռնալ իր մեծ հայրերուն ցեղասպանութիւնը:
Քեսապի մէջ մեր գոյութիւնը պահպանելու գերմարդկային ճիգերը չեն յաջողիր մոռացութեան տալ պահանջատիրութեան կամքը, նոյնիսկ` ցեղասպան երկրի սահմանին վրայ իսկ նստած. սակայն մեր հորիզոնին, հաւաքական կամքի, պահանջատիրութեան կամքի հորիզոնին վրայ կուտակուող ու ծաւալով սեւ ամպերը չենք կրնար անտեսել. անոնց իրողութիւնը արդէն սարսափազդու է:
Սակայն կը հաւատանք բանաստեղծին գաղափարին ու խօսքերուն.
«Երբ չի մնում ելք ու ճար,
Խենթերն են գտնում հնար…»:
16 ապրիլ 2024
Քեսապ