Լինելութեան եւ ինքնավար Հայաստանի համար հայ ժողովուրդին գոյապայքարը խլեց բիւրաւոր զոհեր: Սակայն արիւնը որքան ալ հոսեցաւ եւ լճացաւ մեր շուրջը, այնքան բազմացաւ անձնուրացներու, նահատակներու, յեղափոխականներու լեգէոնը:
Այսօր տարելիցն է գաղափարի այն բուռ մը զինուորներուն, որոնք ուխտած էին իրենց արեւոտ կեանքին ու հերոսական արեան գնով կառուցելու մարմարեայ սիւները մեր հայրենիքին:
Խորապէս ըմբռնելով պահի լրջութիւնը, մտահոգ` ծանր հաւանականութիւններով յղի ժամանակաշրջանի փոթորիկներով, եւ սարսափահար` ահաւոր այն անդունդէն, դէպի ուր արեւմտահայութիւնը կ՛առաջնորդէին Իթթիհատի ղեկավարները, ՍԴՀ կուսակցութիւնը ընտրեց յեղափոխական ուղին:
Ժամանակ չկար երկար խորհելու: Անհրաժեշտ էր ամէն գնով արգիլել այդ հրէշաւոր ծրագիրին գործադրութիւնը:
Տրուած էր յեղափոխականի վճիռը: Անհրաժեշտ էր չէզոքացնել ամբողջ ժողովուրդ մը սպանդանոց առաջնորդողները:
Սակայն դաւաճանի մը ձեռքը ճակատագրական պահուն սանձեց բազուկը:
Ահեղ դատաստանը տակաւին չպատահած` քսան անձնուրացները առաջնորդուեցան կառափնարան:
Ահա խոստացուած միութիւնը… եւ յառաջդիմութիւնը…
Քսանները ինկան մեր ազգային իտէալին յաջողութեան սատարելու ճանապարհին վրայ: Եթէ այսօր ստիպուած ենք սգալ, համոզուած ենք ու կը հաւատանք, որ վաղը ամբողջական Հայաստանի մէջ ցնծութեամբ պիտի ոգեկոչենք քսաններու յիշատակը:
Քսանները եւ անոնց նման բիւրաւոր նուիրեալներ անմահացան ամբողջական Հայաստանի երազով:
Մարդկային ինչպիսի՜ հեգնանք, երբ այսօր ոմանք, առանց դոյզն գիտակցութիւն եւ յարգանք ցուցաբերելու, «Աւետեաց երկրի երազէն» հրաժարելու կոչ կ՛ուղղեն մեր ժողովուրդին: Մարդկային ինչպիսի՜ հեգնանք, երբ քաղաքական այրեր, հրապարակայնօրէն կը հեգնեն մեր պահանջատիրական պայքարը, հրապարակայնօրէն հարցնելով` պատմական արդարութիւնը վերականգնելու եզրոյթին բացատրութիւնը:
Համայն հայ ժողովուրդը այսօր եւ վաղը պիտի շարունակէ պայքարիլ յանուն պատմական արդարութեան վերականգնման:
Քսանները եւ անոնց նման բիւրաւոր նուիրեալներ նահատակուեցան յանուն պատմական արդարութեան վերականգնման: Եթէ չիրականացան քսաններուն բոլոր յոյսերը, գէթ Արարատի ստորոտը ունեցանք փոքրիկ աշխարհ մը, ուր պիտի համախմբուին հայ ժողովուրդի բեկորները` կառուցելու համար ապագայ մը, որուն հիմերը համերաշխութեան ամրակուռ սիւներուն վրայ բարձրացած պիտի ըլլան:
Պիտի ապրինք` պատմական արդարութիւնը ցեղասպանին պարտադրելու, Արցախին վերատիրանալու, հայրենիքը հզօրացնելու գաղափարով: Ահա՛ նորօրեայ սերունդներուն քսաններուն պատգամը:
Եւ սակայն ո՞ւր կը գտնուինք այսօր մենք, քսաններու նահատակութենէն 109 տարի ետք: Ցաւալի է, որ անկախութեան երեսուն եւ աւելի տարիներու ընթացքին ձախողեցանք ամրապնդել պայքարներու եւ յաղթանակներու վրայ վերընձիւղուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Բոլորիս խղճին վրայ պատասխանատուութեան բաժին մը կը ծանրանայ այսօրուան կացութեան մէջ:
Մեր կարճատեսութեամբ, պետութեան հաշուոյն արագօրէն հարստանալու մարմաջով, անձնական շահը պետական եւ հաւաքական շահէն բարձր դասելով, կեղծ եւ շինծու հայրենասիրութեամբ մսխեցինք նուաճուած անկախութիւնը, հզօրանալու փոխարէն` թուլացանք, հայրենիքի մէջ բազմանալու փոխարէն` նուազեցանք, ներգաղթի փոխարէն արտագաղթեցինք, պետականութիւն դառնալու` փոխարէն` բաժան-բաժան դարձանք, պետականութիւն կառուցելու եւ հզօր պետութիւն դառնալու փոխարէն` թալանեցինք այն, ինչ որ կրցանք…
Այս մտայնութեամբ եւ ընթացքով կրնանք կորսնցնել` ինքնիշխան եւ ազգային պետութեան չափանիշները, մեր ազգային արժանապատուութիւնը, մեր հեղինակութիւնը:
Այսօր ազգովին ծանր եւ մտահոգիչ իրականութեան առջեւ կը գտնուինք բոլորս: Կորսնցուցինք Արցախը: Գորշ ամպեր կը ծածկեն մեր պետականութիւնը: Խաղաղութեան մուրացիկ դարձուցած են մեզ:
Հող կը զիջինք` ոչինչ ստանալու փոխարէն… Ունինք քաղաքական այրեր, որոնք հայրենի հողի վրայ Մայր կուսակցութեան նուիրուած տօնակատարութեան առիթով, իրենց արտասանած խօսքին մէջ Փարամազը վերամկրտեցին արամազ, Սապահ-Գիւլեանը դարձաւ ապահ, եւ տակաւին (տեսնել հայրենական մամուլը)… Պարսաւա՞նք, թէ՞ պատահականութիւն:
Հետեւելով հայրենի զարգացումներուն` եկած եմ այն համոզումին, որ անկախութեան առաջին (1991) օրէն ստեղծուած համակարգն է այսօրուան կացութեան պատասխանատուն: Անձնափոխութենէ առաջ համակարգի փոփոխութիւնն է առաջնայինը, որպէսզի ազգակործան պատուհասներ, պատեհապաշտներ վերստին չհասնին իշխանութեան:
Քսաններու պատգամը այսօր պիտի ըլլայ` փոխել համակարգը, չբաւարարուիլ անձնափոխութեամբ:
Քսաններու պատգամը այսօր պիտի ըլլայ կերտել ազգ- բանակ հայեցակարգի վրայ խարսխուած ինքնիշխան ազգային պետականութիւն:
Դուրս գալու համար այս տխուր իրականութենէն մեզի անհրաժեշտ է վճռակամութիւն: Համազգային վճռակամութիւն, որպէսզի դուրս գանք ներկայ թմբիրէն եւ կերտենք նոր արշալոյս:
Գաղափարի տաժանագին տառապանքներուն վրայ ինկած մեր սրբազան նահատակնե՜ր, դուք ձեր արիւնովը անգամ մը եւս հայացուցիք հազարաւոր տարիներու մեր նուիրական հայրենիքը:
Հանգի՜ստ ձեր ոսկորներուն, անձնազոհ ընկերնե՛ր, հանգի՜ստ ձեր սուրբ ու նուիրական աճիւններուն:
Փա˜ռք եւ յարգանք` հայ ժողովուրդի քսաններուն:
Փա˜ռք եւ յարգանք` հայ ժողովուրդի բոլոր նահատակներուն:



