Վերջին հարիւրամեակին համաշխարհային պատերազմները տեղի ունեցած են ի մասնաւորի հզօր պետութիւններու տնտեսական բարգաւաճման համար` ըլլան անոնք քարիւղի, ածուխի, ապա նաւթի աղբիւրներուն ձեռք ձգելու պատճառով: Այսօր պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, այս անգամ` կազի տնտեսական յեղափոխութեամբ: Մարդ արարածը երբեք տեղ չէ ունեցած մեծ պետութիւններու ծրագիրներու իրականացման հաշիւներուն ճամբուն վրայ: Դժբախտաբար, մարդու իրաւունքի պաշտպան մարմիններ պահանջատիրութեան սահմաններէն անդին անցնելով չեն կրցած տեղ ունենալ գետնի վրայ եւ ոչ ալ պիտի կարենան ունենալ: Քաղաքականութիւնը, որ հիմնուած է զուտ տնտեսական շահեր ապահովելու վրայ, պատրաստ է ամէն ինչ զոհելու, որպէսզի հասնի իր նպատակին: Քաղաքական ճկունութիւնն ու նիւթական հսկայ կարողութիւնները զուգահեռաբար աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական պատերազմներու ժամանակ կարող կ՛ըլլան յաջողութիւններ ձեռք ձգել եւ երկիրներու գոյատեւման գլխաւոր ազդակը հանդիսանալ:
Փոքր պետութիւններ կարիք ունին քաղաքական խոհեմութեան, որպէսզի հսկայ պետութիւններու ծրագիրներու մշակման ու գործադրութեան ժամանակ կարելի ըլլալ իրենց շահերն ալ ապահովել, եւ նոյն ժամանակ նուազագոյն վնասներ կրելով գոյատեւել: Քաղաքական ղեկավարներ եւ իրենց ետին կանգնած անձնաւորութիւններ շատ անգամ պատճառ եղած են պետութիւններու անկման` սխալ հաշիւներու պատճառով:
Մեծ պետութիւններ այսօր, Սայքս Փիքոյի համաձայնագիրի եւ Սեւրի պայմանագիրի ժամանակաշրջանը վերջացած համարելով, կը ձեռնարկեն նորանոր աշխարհաքաղաքական համաձայնութիւններու, որոնք գալիք օրերուն երեւան պիտի գան եւ յստականան գործադրութեան ժամանակ: Նոր համաձայնագիրներ, որոնք պիտի վերագծեն սահմանները պետութիւններու, որոնց տարածքները 100 տարիներ առաջ գծուած էին մեծ պետութիւններու կողմէ:
Մէկ դար առաջ երկիրներ ծնունդ առին, երբ իրենց սահմանները որոշուեցան հզօր պետութիւններու տնտեսական հաշիւներուն իբրեւ արդիւնք: Այսօր նոյնանման հաշիւներով նոր աշխարհաքաղաքական պատկեր մը մէջտեղ պիտի գայ, այս անգամ շատ մը երկիրներ պիտի կորսնցնեն իրենց սահմանները, իսկ ուրիշներ պիտի ընդարձակեն համաշխարհային ճանաչում ունեցող իրենց տարածութիւնը:
Շատ անգամ ժողովուրդներու պոռթկումը կամ դիմադրողական ուժը կարող կ՛ըլլայ ծրագիրներու գործադրութեան յետաձգման մինչեւ որ տարբեր տեսակի ծրագիր մը մշակուի եւ փոխարինէ նախորդ որոշումը, որ կրնայ նպաստել ժողովուրդի մը գոյութեան ու իրաւունքներուն տիրանալու հաւանականութեան: Այս բոլորը կը կարօտին զոհողութեան եւ պատրաստականութեան, յանուն հայրենիքի արիւն թափելու տրամադրութեան: Բայց եւ այնպէս կարիքը կայ ժողովուրդին եւ ղեկավարութեան միասնականութեան որոշումին, որ պիտի հանդիսանայ հիմնաքարը դիմադրութեան երկարատեւ եղանակի կարելիութեան: Ներկայիս շատ մը երկիրներու գոյութիւնը վտանգուած կը նկատուի, եւ եթէ անոնց ժողովուրդները պէտք եղած քայլերուն չդիմեն, կրնան շուտով կորսնցնել ամէն ինչ: Ժամանակն է ահազանգ հնչեցնելու եւ գործի լծուելու այսօր իսկ, քանի վաղը արդէն ուշ կրնայ ըլլալ: