Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բաց Նամակ` Հայաստանի Ոստիկանութեան Պետ Արամ Յովհաննիսեանին. Հաւատարիմ Մնացէ՛ք Ձեր Երդումին Եւ Եղէ՛ք Արդար, Անկողմնակալ Ու Ազնիւ

Յունիս 14, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Պարո՛ն Արամ Յովհաննիսեան,

Կը յիշէ՞ք, որ 2002-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հրամանագիրով ստացած էք մարտական ծառայութեան մետալը: Ո՞ւր է այդ ծառայութեան ոգին ու մետալը: Եթէ տակաւին ձեր քովն է, պահ մը նայեցէք, որպէսզի գիտնաք, որ այդ ծառայութենէն միայն այդ կտոր մը մետաղը մնացած է: Գո՞հ էք:

Իրականութիւնը ա՛յն է, որ նախկինները մեղաւոր են, որ 2002-ին եւ հետագային 2010-ին ու 2016-ին ՀՀ նախագահի հրամանով մետալներով զարդարած են սուտով ու փողերով ծածկուած ձեր կուրծքը: Նախկիններուն նախկինն էք, եւ այսօր իբրեւ նորերու նորը կը ներկայանաք, բայց ամենահինն էք, ամենանախկինը:

Անցնող օրերուն ականատես դարձանք ժողովուրդին դէմ բռնութեան գործադրութեան եւ սադրանքներու: Տասնեակ ոստիկաններով մէկ քաղաքացիին ծեծելը ինչպէ՞ս կարելի է ընդունիլ: Առանց հիմքի ձերբակալութիւնները ինչպէ՞ս կարելի է մարսել: Ցուցարարներու արդար պահանջի ճանապարհը փակելը օրէնքով ի՞նչ բացատրութիւն ունի: Այս արարքները ոստիկանի ծառայութեան մաս կը կազմե՞ն:

Դուք միայն ձեր աթոռին համար բոլոր իշխանութիւններուն «ծառայած էք»: Իրօք դուք ձեր երդումին հաւատարիմ չէք, այնքան ատեն որ խուլիկանութիւններուն ընթացք կու տաք եւ պատասխանատուութեան չէք ենթարկեր խաղաղ ցուցարարներուն դէմ բիրտ եւ նոյնիսկ անմարդկային վերաբերմունք ցուցաբերող կարմիր կամ սեւ գլխարկակիր ծառայողները:

Ներեցէ՛ք, բայց կը կասկածիմ, որ դուք տուած էք շարքային ոստիկանի երդումը` «Հաւատարիմ լինել Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական կարգին, անվերապահօրէն ղեկավարել օրէնքներով, պաշտպանել հայրենիքս, պահպանել պետական եւ ծառայողական գաղտնիքը: Արդար եւ անկողմնակալ իրականացնել լիազօրութիւններս, ազնիւ եւ բարեխիղճ կատարել ծառայողական պարտականութիւններս»:

Իսկ եթէ տուած էք, երդում չէք տուած, այլ երդումը օգտագործած էք գործ եւ ապա պաշտօն ապահովելու ու դրամ շահելու համար: Երդումը տուողը պէտք է ըլլայ անկողմնակալ, իսկ դուք գունաւոր պաղպաղակներով սեւ սիրտը մաքուր ներկայացնել փորձողին աթոռը պահելու հասարակ եւ ազգակործան ճիգերուն կը նպաստէք:

Փաստօրէ՛ն այսօր դուք էք իշխանութեան պահապան «հրեշտակ»-ը, որովհետեւ վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնողը ուժի կեդրոն ըլլալէ դադրած է եւ դարձած է խօսքի ու փող ապահովողի կեդրոն, թշնամիներու կամակատար: Այո՛, ոստիկանութիւնն է, որ դաւաճանական ղեկավարութիւնը կը պահէ, եւ առ այդ, պատասխանատուութիւնը ձեր ուսերուն է: Վաղը դուք անպայման պատասխան պիտի տաք թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան դատարանին եւ թէ՛ ազգի դատաստանին դիմաց:

Երկրի ապագան հանդիսացող երիտասարդին հարուածողը պէտք է կախակայուի, խմբագիրին ու լրագրողին ծեծողը պէտք է դատուի, նահատակի հօր վրայ ձեռք բարձրացնողը պէտք է բանտարկուի…

Վահաններով, լուսաձայնային նռնակներով, հազարաւոր ոստիկաններով, անպարկեշտ արտայայտութիւններով եւ վախի ու սարսափի մթնոլորտ ստեղծելով` չէք կրնար հայու նկարագիրը փոխել, պայքարի ոգին կասեցնել:

Հեծանիւ քշողին անիւները արդէն իսկ շրջուած են: Ժամանակի դէմ պայքար է, եւ հայու տեսակը արդէն իսկ յաղթած է:

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը ոտքի հանած է ազգը: Մի՛ խանգարէք երկրի անդորրութիւնը, եւ ոստիկանները մի՛ հանէք ժողովուրդին դէմ: Հայ ժողովուրդը բաւ է արիւն թափէ: Մենք ազգովի պէտք է վերականգնենք մեր արժանապատուութիւնն ու իւրաքանչիւր հայու պատիւը, անխտի՛ր:

Հաւատարիմ մնացէ՛ք ձեր երդումին եւ եղէ՛ք արդար, անկողմնակալ: Միա՛յն ձեր գործը կատարեցէք: Մէկ անգամուան համար ձեր երդումին հաւատարիմ եղէք: Վերջին առիթն է, քանի մը օր ետք արդէն կրնայ ուշ ըլլալ…

 

 

Նախորդը

Արուեստի Արժէքը Կեանքի Մէջ

Յաջորդը

«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամները Լուսարձակի Տակ Բերին Ներկայ Իշխանութեան Չյարգուած Խոստումները

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?