Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենիքի Համար Պայքարն Է Սրբազան

Յունիս 13, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳՐԻԳՈՐ ՏՈՒՆԿԵԱՆ

Հայ անկախ պետականութեան գոյառման եւ պաշտպանութեան սրբազան պարտաւորութենէն միշտ ալ հեռու չէ եղած Հայ եկեղեցին` բոլոր աստիճաններու իր սպասաւորներով, եւ մարտնչած է անոր համար:

Հայաստանի Հանրապետութեան 106-րդ տարենշման տօնին յիշենք միասին ու յիշեցնենք բոլոր անոնց, որոնք դիտումնաւոր կերպով կ՛անգիտանան այս ճշմարտութիւնը, թէ ինչպէ՛ս 23 մայիս 1918-ին Սարդարապատի ճակատամարտին առաջին դիրքերու վրայ եղած է եւ խրամատէ խրամատ շրջելով զինուորները խրախուսած այդ օրերու Ղեւոնդ Երէցը` Գէորգեան Ճեմարանի վերատեսուչ, մահապարտներու գունդի հոգեւոր առաջնորդ 51-ամեայ Գարեգին արք. Յովսէփեանցը, ապագային (1945թ.) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Ա. շնորհազարդ կաթողիկոսը, որ իր ցուցաբերած արիութեան համար պարգեւատրուած է Գէորգեւսկի բարձր շքանշանով: Իսկ Կարսի անկումին` որպէս բանագնաց, ազատած է պաշարուած կարսեցիները վերահաս ջարդէ: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը առ ի գնահատանք անոր ծառայութեան` կուրծքը զարդարած է սպայից քաջութեան ժապաւէնով:

1927-ին ընտրուած է առաջնորդ Ռուսիոյ, Խրիմի եւ նոր Նախիջեւանի: Գարեգին արք. Յովսէփեանց հոյակապ ներդաշնակած է Աստուծոյ եւ հայրենիքին ծառայողին, Հայ եկեղեցւոյ հաւատաւոր սպասաւորին տիպարը:

Տարօրինակ չէ, որ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» մերօրեայ համաժողովրդային տարերային շարժումը Հայ եկեղեցւոյ սպասաւորը ունենայ Իբրեւ առաջնորդ: Հայ եկեղեցին իր բանիմաց դէմքերով երբեք չէ վարանած սեփական ազգը միաւորելով` գլխաւորելու եւ առաջնորդելու յանձնառութեան առջեւ:

ՀՀ իշխանաւորներուն կողմէ այսօր ներհայաստանեան համաժողովրդային միասնականութեամբ թափ ստացած եւ հայաշխարհն ու Հարաւային Կովկասը դղրդացնող շարժումին առաջին շարքերուն վրայ ընթացող Բագրատ սրբազանի եւ անոր ընդմէջէն Հայ եկեղեցւոյ նման դերակատարութիւնը ընդունելի չնկատելու բարբանջանքը անմեղունակ չէ, այլ թէ՛ ըստ վարքագծի հայ առաքելահաստատ եկեղեցին նուաստացնելու եւ թէ՛ ժողովրդային միասնականութիւնը պառակտելու կը միտի:

Ինչո՞ւ պէտք է զարմանալ, երբ հայ եկեղեցականը առաջնորդէ հայրենատիրութեան ձգտող համաժողովրդային տարերքը եւ չընդվզիլ, երբ ապազգային, թրքամէտ ուղղութեամբ եւ ստրկամտութեամբ կը ղեկավարուի հայրենիքը, այլ խօսքով, երբ մոլորած է ինքնիշխան պետականութեան ղեկավարութիւնը` առաջնորդելով հայրենիքն ու ազգը գոյութենական ստոյգ վտանգի:

Հայրենի Տաւուշի կողը խրուած ցիցերը սահմանազատման նշաքարեր չեն, այլ Հայաստանը յօշոտելու համար ախորժակ սրած, գորշ գայլի մագիլներն են, որոնք հողը կ՛արիւնեն: Երբ հայրենաբնակ թէ սփիւռքաբնակ հայերը միահամուռ կերպով սահմանազատման անուան տակ թշնամիին տարածքներ յանձնումի եւ ստրկամտութեան դէմ էապէս միացած` կը բողոքեն ու հայրենատիրութիւն կը պահանջեն, ցեղին ձայնն է, որ կ՛արձագանգէ հողի կանչին:

Աւա՜ղ, որ հայրենիքի ամբողջականութիւնը պահելու ճիգերը կը բացատրուին իշխանատենչութեամբ: Ափսո՜ս, որ ազգային արժանապատուութեան վերականգնման պահանջը ոմանց կողմէ դիտումնաւոր կերպով ռեւանշիզմ/վրէժխնդրութիւն կ՛անուանուի:

Գիտենք, որ ազգի արժանապատուութիւնը վերականգնելու ելած համաժողովրդային տարերքը Բագրատ սրբազան եկեղեցականով ղեկավարումը չարախօսելու շունչը առաքելահաստատ Հայ եկեղեցին հակապետականութեամբ ամբաստանելու կրնայ հասնիլ. չէ՞ որ մեր եկեղեցին ալ ազգային է, ապա ուրեմն խոչընդոտ է ու վտանգ է թուրքին, ուստի, հակառակ իշխանութեան վարած ամէն գնով զայն սիրաշահելու քաղաքականութեան, պէտք է վերացուի:

Իշխանութիւնը պահելու պահանջուած նոր փրկագինը այսօր, ըստ երեւոյթին, հայ մարդուն համար, հայ հոգեմտաւոր արժէքներու վէմը հանդիսացող առաքելահաստատ Հայ եկեղեցին նսեմացնելն է Հայաստանի մէջ ու խոցոտելը` սփիւռքի մէջ, ա՛յն սփիւռքին, որ աւելի քան երբեք,  այլեւս յայտարարուած թիրախն է թուրքին, իսկ Հայ եկեղեցին ալ անոր յառաջապահ ամրոցներէն է:

Անկախ պետականութեան հռչակման մայիսեան այս օրերը, որոնք արդարօրէն պէտք էր ցնծութեան օրեր ըլլային համայն հայութեան համար, ափսո՜ս, որ ՀՀ իշխանութիւնը պատանդ վերցնողներու կողմէ սահմանազատման կեղծ վերնագրի տակ վերածուեցան նահատակներու արեամբ ստեղծուած ու սրբացած հայրենիքի հողը պատառ-պատառ գորշ գայլի անյագ որկորին կեր մատուցելու մղձաւանջային օրերու:

Տաւուշ/Տայ յոյս, Տաւուշի սրբազան փոթորկումը, թէկուզ` ուշացած, խթանեց Հայաստան, Արցախ, սփիւռք միասնականութիւնը: Հայաստան, Արցախ, սփիւռք ուս-ուսի տուած` կրնան խոստանալ նոր լուսաբաց: Յանձնուողական վարքագիծով Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանազատում կատարող իշխանութեան դէմ, հայրենիքի սահմանները անխախտ պահելու պահանջով:

Սահմանամերձ ժողովուրդի արդար բողոքին միացած է հայրենաբնակ ժողովուրդը, հայրենատիրութեան պահանջով ոտքի է կանգնած: Անոր միացած է համայն սփիւռքը:

Հայաշխարհը Տաւուշով միասնական դարձաւ, երկիրն ու պետականութիւնը պահելու համար ոտքի ելաւ, միացաւ, արար աշխարհ գիտէ այլեւս, թէ ո՛վ է ազգային միասնականութեան խոչընդոտը, ո՛վ է ժողովուրդի միակամութենէն շեղածն ու զգօնութենէն վախցողը:

Հայրենիքը մսխողն ու պահողը ինչպէ՞ս միակամ ըլլան: «Մեղայ» մը պէտք է անպայման:

Տաւուշը փոթորկեցաւ, Կիրանցը բոցավառեց:

Հայրենաբնակ թէ սփիւռքաբնակ հայը, հայրենասիրական եւ մարդկային արժէքներով յորդած, իր ձգտումներուն ազատ անցք տուաւ: Հայրենիքի փրկութեան հաստատակամութեամբ միացաւ:

Ուշացած վճռակամութեամբ ստրկամտութեան «Ո՛չ» ըսաւ:

Տաւուշը հայրենիքին ու անկախ պետականութեան յարատեւման յոյս տուաւ:

 

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

«Կրօն Եւ Ազգ Երբեք Իրարմէ Չենք Կրնար Բաժնել, Անոնք Զիրար Կ՛ամբողջացնեն». Սարգիս Ա. Քհնյ. Սարգիսեան

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?