ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Հասարակութիւն-եկեղեցի կապը կարեւորելով` 16 ապրիլ 2012-ին կատարուած է օծումը Սուրբ Վարդան մատրան, որ կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան կրթահամալիրին մէջ, Երեւան:
Ինչպէս պատերազմի դաշտ մեկնող զինուորները կը ստանան եկեղեցւոյ օրհնութիւնը, նոյնպէս ոստիկանութեան համար առաջնային տեղ կը յատկացուի ուսանողներու հոգեւոր անվտանգութեան, որուն համար կրթահամալիրին մէջ հաստատուած է ս. մատուռ, որուն մէջ հոգեւոր առաքելութիւն կ՛իրականացնէ քահանայ հայր մը, ինչպէս կը հաղորդէ ոստիկանութեան կրթահամալիրի պաշտօնական կայքէջը:
Վստահաբար պատահականութեան արդիւնք չէր կրթահամալարին մէջ մատրան հաստատումն ու ի մասնաւորի Սուրբ Վարդանին անուանակոչութիւնը:
Աւարայրի դաշտերը ցնցող Վարդան Մամիկոնեան խիզախութեան, նուիրումի, ծառայութեան, անձնազոհութեան ու պայքարի տիպարն է, որուն օրինակին պէտք է հետեւին բոլոր ոստիկանները: Իսկ եկեղեցւոյ կողմէ Վարդան սրբադասումը կ՛ամրապնդէ եկեղեցւոյ ազգային պատկանելիութիւնը:
Պատմութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը (յօդուած 18) ցոյց տուած են, որ ազգ-եկեղեցի յարաբերութիւնը անքակտելի է, եւ նշեալ հաստատումէն մեկնած` ոստիկանութեան կրթահամալիրին մէջ հաստատուած մատուռը նոյնինքն խորհրդանիշ է հոգեւոր արժէքներուն եւ եկեղեցւոյ նկատմամբ ուժայինի կապուածութեան:
Հայ զինուորի եւ ոստիկանի հոգեմտաւոր դաստիարակութիւնը էական է իր ծառայութեան յաջողութեան համար: Տակաւի՛ն, ծառայողը պէտք է հետեւի Վարդանի ուղիին` մերժելով մեր հասարակութեան մէջ վասակներուն ներկայութիւնը, յանձնուողականութիւնը եւ ազգակործան աւերները:
Վերջապէս, այս մատրան խորհուրդով ոստիկանները պէտք չէ հակադրուին իրենց սկզունքներուն, էութեան եւ կրթահամալիրի ուխտին:
Այո՛, ոստիկանը իր կոչումով պէտք է առաջին պաշտպանը ըլլայ եկեղեցւոյ, եկեղեցականին եւ ազգային-հոգեւոր արժէքներուն:
Այսօր այդպէ՞ս է…