Պատրաստուած` Քափիթեն ՄՈՎՍԷՍ ՆԱՇԱԼԵԱՆԻ կողմէ
Անգլերէնէ թարգմանուած` ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆԻ կողմէ
Բ.- Անօդաչու թռչող սարքերուն ազդեցութիւնը ժամանակակից պատերազմին վրայ
1.- Պատերազմի զարգացում. անօդաչու սարքերու ազդեցութիւնը ժամանակակից մարտավարութեան եւ ռազմավարութեան վրայ
Անօդաչու սարքերը փոխակերպիչ ազդեցութիւն ունեցած են ժամանակակից պատերազմի վրայ` զինուորական հրամանատարներուն տրամադրելով շարք մը նոր կարելիութիւններ եւ ռազմավարական տարբերակներ: Անօդաչու սարքերուն ամէնէն կարեւոր առաւելութիւններէն մէկը անհամաչափ պատերազմի ներգրաւուելու անոնց կարողութիւնն է, ուր աւելի փոքր ուժը կը հակադրուի աւելի մեծին, աւելի հզօրին: Այսպիսի պարագաներու` անօդաչու սարքերը թոյլ կու տան տեղակայել աւելի փոքր, աւելի արագաշարժ ստորաբաժանումներ, որոնք կրնան ներգրաւուիլ, հարուածել-փախչիլ մարտավարութեան մէջ, խանգարել, խոչընդոտել մատակարարման գիծերը եւ հետախուզութիւն կատարել թշնամիի շարժումներուն վերաբերեալ:
Այսպիսի գործողութիւններու մէջ անօդաչու սարքերու գործածութիւնը կրնայ խաղի կանոնները փոխել ժամանակակից պատերազմին մէջ, երբ աւելի մեծ, աւելի սովորական ուժերը յաճախ անբարենպաստ վիճակի մէջ կը գտնուին հրոսակային մարտիկներու (guerrilla fighters) դէմ:
Ռազմական դաշտի նոյն պահուն օդային հսկողութիւն իրականացնելու անօդաչու սարքերու կարողութիւնը ժամանակակից պատերազմի կարեւոր կողմ մը եւս է, որ յեղափոխութեան ենթարկուած է այս արհեստագիտութեան շնորհիւ: Անօդաչու սարքերը կրնան արժէքաւոր իրավիճակի իրազեկում ապահովել` վերահսկելով թշնամիին շարժումները, բացայայտելով հնարաւոր սպառնալիքները եւ կանխազգուշացնելով մօտալուտ յարձակումներու մասին: Այս տեղեկութիւնները կրնան օգտագործուիլ արդիւնաւէտ ռազմական ռազմավարութիւն մշակելու, մարտավարութիւնը կարգաւորելու եւ բարեկամ ուժերը վնասէն պաշտպանելու համար: Այս հզօրութեամբ անօդաչու սարքերու գործածութիւնը դարձած է ժամանակակից ռազմական գործողութիւններու կարեւոր տարր` հրամանատարներուն նոյն պահուն տրամադրելով հետախուզական կարեւոր տեղեկութիւններ:
Թիրախաւորումը եւս ոլորտ մըն է, ուր անօդաչու սարքերը յեղափոխած են ժամանակակից պատերազմը: Անօդաչու սարքերը կրնան օժտուիլ տարբեր ճշգրիտ կառավարուող զինատեսակներով, որոնք կրնան ճշգրիտ հարուածներ հասցնել թշնամիի թիրախներուն` նուազագոյն ոչ կանխամտածուած վնասներով: Ասիկա թոյլ կու տայ զինուորական հարուածներ հասցնել վտանգաւոր թիրախներուն` չվտանգելով բարեկամ ուժերու կեանքը: Բացի անկէ, անօդաչու սարքերը կրնան երկար ժամանակ շրջագայիլ թիրախի վրայ` սպասելով հարուածելու ճիշդ հնարաւորութեան: Ասիկա կրնայ յատկապէս արդիւնաւէտ ըլլալ այն իրավիճակներուն, երբ թիրախը շատ շարժունակ է, կամ` դժուար հասանելի: Ճշգրիտ թիրախաւորման մէջ անօդաչու սարքերու գործածութիւնը դարձած է ժամանակակից պատերազմի անբաժանելի մասը` հրամանատարներուն տրամադրելով զինուորական ճշգրտութեամբ բարձրարժէք թիրախներ քանդելու նոր կարելիութիւններ:
Վերջապէս, մարդկային կեանքի համար նուազեցուած վտանգը, թերեւս, ժամանակակից պատերազմին մէջ անօդաչու սարքերու ամէնէն կարեւոր առաւելութիւններէն մէկն է: Անօդաչու սարքերու միջոցով զինուորները կրնան ապահով մնալ առաջին գիծի ետին` նոյն ատեն մասնակցելով մարտական գործողութիւններուն: Ասիկա ոչ միայն կը նուազեցնէ զոհերու վտանգը, այլեւ թոյլ կու տայ աւելի արդիւնաւէտ օգտագործել ռազմական աղբիւրները: Անօդաչու սարքերը կրնան երկար ժամանակ մնալ օդին մէջ` ապահովելով շարունակական հսկողութիւն եւ աջակցութիւն, առանց անձնակազմի համալրման կամ հերթափութիւններու (rotation) անհրաժեշտութեան: Այս հզօրութեամբ անօդաչու սարքերու գործածութիւնը փոխեց ժամանակակից ռազմական գործողութիւններու կայացման ձեւը` հրամանատարներուն կարելիութիւն տալով ներգրաւուիլ մարդկային կեանքի համար նուազեցուած վտանգով ռազմական գործողութիւններու մէջ:
Աւելի՛ն. անօդաչու սարքերու գործածութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է ռազմական գործողութիւններ ծրագրելու եւ իրականացնելու ձեւին վրայ: Անօդաչու սարքերը կրնան օգտագործուիլ հետախուզութիւն եւ հսկողութիւն իրականացնելու համար` ռազմական ծրագրողներուն տրամադրելով արժէքաւոր տեղեկութիւններ պատերազմի դաշտի մասին, ներառեալ` թշնամիի ուժերուն գտնուելու վայրը եւ հնարաւոր խոցելիութիւնը: Այս տեղեկութիւնները կրնան օգտագործուիլ արդիւնաւէտ ռազմական ռազմավարութիւն մշակելու, մարտավարութիւնը կարգաւորելու եւ բարեկամ ուժերուն պատշաճ տեղակայումը ապահովելու համար: Աւելի՛ն. անօդաչու սարքերուն գործածութիւնը հսկողութեան եւ հետախուզութեան մէջ կրնայ օգնել` նուազեցնելու բարեկամական կրակի դէպքերու վտանգը, քանի որ հրամանատարները աւելի լաւ կը յաջողին բացայայտել եւ հետեւիլ պատերազմի դաշտին մէջ գտնուող բարեկամ ուժերուն:
Անօդաչու սարքերու այլ հիմնական առաւելութիւնը այն է, որ անոնք կրնան օգտագործուիլ շարք մը միջավայրերու` քաղաքային տարածքներէն մինչեւ հեռաւոր, անհասանելի շրջաններ: Անօդաչու սարքերը կրնան տեղակայուիլ տարբեր հարթակներու վրայ, որոնց շարքին` ցամաքային, ծովային եւ օդային, հրամանատարներուն տրամադրելով ռազմական գործողութիւններ իրականացնելու շարք մը տարբերակներ: Այսպիսի միջավայրերու մէջ անօդաչու սարքերու գործածութիւնը կրնայ յատկապէս արդիւնաւէտ ըլլալ, քանի որ անոնք կրնան ապահովել իրավիճակի իրազեկման բարձր մակարդակ, նոյնիսկ` այն միջավայրին մէջ, ուր դժուար է մուտք գործել կամ խուսանաւել:
Բացի իրենց ռազմական կիրարկութիւններէն` անօդաչու սարքերը օգտագործուած են նաեւ մարդասիրական եւ աղէտներու պատճառով օգնութեան շարք մը գործողութիւններուն մէջ: Անօդաչու սարքերը կրնան օգտագործուիլ` որոնողական-փրկարարական աշխատանքներ իրականացնելու, մատակարարումներու եւ բնական աղէտներու պատճառած վնասը ճշդելու: Այսպիսի գործողութիւններու ժամանակ անօդաչու սարքերը կրնան արագ եւ արդիւնաւէտ տեղակայուիլ` մեծ աջակցութիւն ցուցաբերելով արտակարգ իրավիճակներու արձագանգողներուն եւ օգնութեան աշխատողներուն:
Բայց եւ այնպէս, անօդաչու սարքերու աճող օգտագործումը ինչպէս ռազմական, այնպէս ալ քաղաքացիական ծրագիրներուն մէջ նոյնպէս մտահոգութիւններ յառաջացուցած է գաղտնիութեան, անվտանգութեան եւ բարոյագիտական հետեւանքներու վերաբերեալ: Եղած են դէպքեր, երբ անօդաչու սարքերը օգտագործուած են նպատակային սպանութիւններ իրականացնելու համար, ինչ որ յանգեցուցած է բանավէճերու` այսպիսի գործողութիւններու օրինականութեան եւ բարոյականութեան վերաբերեալ: Բացի անկէ, անօդաչու սարքերու օգտագործումը հսկողութեան համար մտահոգութիւն յառաջացուցած է գաղտնիութեան իրաւունքներու խախտումներու եւ իրաւապահ մարմիններուն կողմէ չարաշահումներու կարելիութեան վերաբերեալ:
(Շար. 2)
————-