Հայաստանի նկարիչներու միութեան մէջ 25 օգոստոսին բացումը կատարուած է խորհրդահայ յայտնի լուսանկարիչ Գագիկ Յարութիւնեանի առաջին յետահայեաց ցուցաահանդէսին, որուն խորագիրն է «ժամանակի ստուէրները»:
«Մշակոյթներու երկխօսութիւն» կազմակերպութեան եւ «Լուսադարան» հայ լուսանկարչութեան հիմնադրամին կողմէ ներկայացուած ամփոփ ընդգրկուն ցուցահանդէսը լոյս սփռած է 20-րդ դարու աւարտի խորհրդային լուսանկարչութեան անտեսուած ժառանգութեան վրայ եւ ներկայացուցած է Գագիկ Յարութիւնեանի լուսանկարչական արուեստը 1970-1995 թուականներուն:
Ցուցահանդէսը համադրողը Վիգէն Գալստեանն է, իսկ նախագիծին ղեկավարը` Սոնա Յարութիւնեանը:
Ցուցահանդէսի բացման արարողութեան օրակարգին մէջ ընդգրկուած էր նաեւ Գերմանիոյ Հալլէ քաղաքին մէջ հրատարակուած երկլեզու պատկերագիրքին շնորհահանդէսը, որ կ՛ընդգրկէ Գագիկ Յարութիւնեանի ամբողջ ստեղծագործական ուղին նկարագրող 183 աշխատանք, որոնց մեծ մասը առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուած է: Պատկերագիրքի հովանաւորներն են դոկտորներ Կիզելա եւ Ռայներ Ֆրիթչերները:
Տակաւին 1970-ական թուականներուն սկիզբէն` Գագիկ Յարութիւնեանի լուսանկարները տարիներ շարունակ հրապարակուած են տեղական եւ համամիութենական պարբերական մամուլին մէջ: Ան միակ խորհրդահայ լուսանկարիչն է, որ պատկերած է Ափրիկէն եւ իւրայատուկ շարքերով անդրադարձած է Լաթվիոյ, Էսթոնիոյ, Ֆրանսային, Պելճիքային, Աւստրիոյ եւ այլ երկիրներու:
Այսուհանդերձ, Գագիկ Յարութիւնեանի հիմնական նպատակն էր ստեղծել Հայաստանի կերպարանափոխուող հասարակութեան իրապէս վերլուծական դիմանկարը, որ ան հետեւողականօրէն կառուցած է` գործածելով հետազօտական պատկերաշարքերու նորարարական ձեւաչափը:
1990-ականներու վերջերուն խոր հիասթափութիւն ապրած արուեստագէտը ոչնչացուցած է իր տպուած լուսանկարներուն գրեթէ ամբողջ հաւաքածոն: Պահպանուած ժխտանկարներէն շուրջ երկու հարիւրը վերականգնուած ու տպուած են այս նախագիծին իրականացման համար պահանջուած վեց տարուան ընթացքին:
Գագիկ Յարութիւնեանի առաջին յետահայեաց ցուցահանդէսին մէջ մէկտեղուած լուսանկարները կ՛ընդգծեն Յարութիւնեանի տեսլականի զարգացումը` 1970-ականներուն Հայաստանի բանաստեղծական պատկերաւորումներէն մինչեւ բարդ փիլիսոփայական հարցադրումներով յագեցած անոր վերջին պատկերաշարքերը:
«Ժամանակի ստուէրները» ցուցահանդէսը նորովի կը բացայայտէ Գագիկ Յարութիւնեանի լուսանկարչական ստեղծագործութեան լայնածաւալ համայնապատկերը եւ կը հաստատէ ատոր առանցքային կարեւորութիւնը արդի հայ արուեստի պատմութեան մէջ:
Նախագիծը կ՛իրականացնէ «Մշակոյթի եւ կառավարական տարրալուծարան»-ը «Հարաւային Կովկասի շրջանային արուեստ եւ մշակոյթ» նախագիծի ծիրին մէջ` Հարաւային Կովկասի մէջ զուիցերիական համագործակցութեան գրասենեակի տնտեսական աջակցութեամբ:
