Երբ 1977-ին Ճորճ Փոմփիտուի անուան «Սանթր Պոպուրկ» ժամանակակից արուեստի թանգարանի բացումը տեղի ունեցաւ Փարիզի մէջ, բաւականին աղմուկ յարուցեց արուեստի աշխարհէն ներս` թէ՛ կառոյցի իր տարօրինակ լուծումներով եւ թէ իր «արտակեդրոն» ոճերու հարստութեամբ ու որակով: Հոն մուտք գործեցին աշխարհի ամէնէն բարձրորակ ու նորարար կերպարուեստագէտներու գործերը: Այլոց շարքին երեք հայ արուեստագէտներու (Արշիլ Կորքիի, Եագուլովի եւ Երուանդ Քոչարի) մէկական ստեղծագործութիւններ եւս դասուեցան աշխարհի լաւագոյններու շարքին եւ զետեղուեցան «Սանթր Պոպուր»-ի մէջ:
Վերջերս չորրորդ հայ արուեստագէտի մը` Փոլ Կիրակոսեանի մէկ գեղեցիկ` «Ժամանակի ընդմէջէն» ստեղծագործութիւնը (իւղաներկ, չափը` 90 x 80սմ) ներառուեցաւ այս միջազգայնօրէն մեծ հեղինակութիւն ձեռք բերած արուեստի կեդրոնին մէջ: Թէեւ գեղանկարը կը գնահատուի հարիւրէն մինչեւ երկու հարիւր հազար ամերիկեան տոլար, սակայն «Փոլ Կիրակոսեան» հիմնադրամի նախագահ Մանուէլա Կիրակոսեանի կողմէ (որուն վերապահուած է հանգուցեալ գեղանկարիչի հեղինակային իրաւունքը) խորհրդանշական կէս գինով տրամադրուեցաւ յիշեալ թանգարանին:
Կիրակոսեանի «Ժամանակի ընդմէջէն» ստեղծագործութիւնը կը պատկանի գաղթականներու շարքին: Պատկերուածը երփներանգ հագուստներ հագած, վերացարկուած եւ իրարու խռնուած կին կերպարներու զանգուած մըն է, որոնցմէ կ՛անջատուի սեւ ու սլացիկ կերպար մը, որ շատ հաւանաբար Ցեղասպանութենէն ճողոպրած արուեստագէտին մայրը կը ներկայացնէ: Բացառիկ արտայայտչականութեամբ օժտուած այս գեղանկարը թուագրուած է 1986: Ութսունականներուն Կիրակոսեան արդէն իսկ ձեռք բերած էր թէ՛ համաարաբական եւ թէ՛ միջազգային ճանաչում: Ան ընդունուած եւ գնահատուած է նոյնի՛սկ Ինկրիտ Պըրկմընի եւ կամ Անթընի Փըրքինզի նման հոլիվուտեան աստղերու կողմէ:
Փոլ Կիրակոսեանի այս նուաճումը նոր յաջողութիւն մըն է առհասարակ հայ մշակոյթի համար:
ԹՂԹԱԿԻՑ