Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Փորձառական Հեքիաթ

Յուլիս 13, 2017
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Համազգայինի երիտասարդական թատերախումբը, Հրայր Գալեմքէրեանի բեմադրութեամբ, չորս ելոյթներով ներկայացուց «Լեոն» թատերախաղը, որ հիմնուած է Նիլ Սայմընի «Յիմարներ» (Fools, 1981) կատակերգութեան վրայ: Ելոյթները յառաջացուցին խանդավառութիւն եւ հետաքրքրութիւն:

Բնագիրը.- Նիլ Սայմընի «Ֆուլզ»-ը  յաճախ կը ներկայացուի ուսանողական խումբերու կողմէ, հաւանաբար այն պատճառով, որ դիւրին կը սեպուի  բեմի վրայ խեղկատակ ձեւերով թափառիլ: Գոյ է վարկած, թէ Սայմըն դիտմամբ գրած է թոյլ ձեւով, որովհետեւ հասոյթը պիտի տրամադրուէր իր ամուսնալուծուած կիներէն մէկուն: Իրօք կատակերգութիւնը արագ փակուած է Պրոտուէյի վրայ:

Հեղինակը թատրերգութիւնը որակած է «զաւեշտային հեքիաթ»: Դէպքերը կը պատահին 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն: Ուքրանիոյ խուլ անկիւններէն մէկուն  մէջ գիւղ մը «անիծուած» է երկու դար առաջ: Այսինքն` Մեծն Պետրոսի օրերուն, երբ կայսրութիւնը  այդ շրջանի «արդիականութեամբ» կը լուսաւորուէր: Անիծուած գիւղը դուրս մնացած է այդ գործընթացէն:  Ամբողջ գիւղը յիմարացուած է: Կովը, օրինակ, շրջուած կը կթէին, որպէսզի կաթի սերը ստանային: Անէծքը կարելի էր բեկանել, եթէ իշխանուհին յանձնուէր վիշապին… ներողութիւն, եթէ բժիշկին դուստրը` Սոֆիա  ամուսնանար կոմսին հետ, եւ կամ դառնար գրաճանաչ: Գիւղի առաջնորդ  բժիշկն ու կինը կ’ընտրեն լուսաւորութիւնը, այլ ոչ` անձնատուութիւնը խաւարամիտ կոմսի բռնակալութեան: Այդ նպատակով կը վարձեն ռուս ուսուցիչ Լեոնը: Լեոն կը յաջողի խաբէութեան միջոցով փրկել գիւղը: Հեքիաթներու հերոսները յաճախ կը դիմեն խաբէութեան: Պարզ է, որ գործը այլաբանական է:

Առաջին բանալին այն է, որ բնակիչները կը գիտակցին, թէ իրենք յիմարացուած են: Այս խոտոր է յիմարներու հոգեբանութեան: Տկարամիտ մարդիկ առհասարակ դժգոհ չեն իրենց մտային կարողութենէն: Երկրորդ բանալին այն է, որ յիմարութիւնը հաւաքական է: Այդ կը թելադրէ, որ կը խօսինք ընկերային երեւոյթի մը մասին: Անէծքը առնչուած է կոմսի՛ հետ: Գիւղին առաջնորդը որոշած է բեկանել անէծքը: Կոմսի բռնակալութիւնը կը տապալի ռուս մտաւորական Լեոն Թրոցքիի… ներողութիւն, ռուս ուսուցիչ Լեոն Թոլչինսքիի օգնութեամբ:

Ելոյթին դրոյթը.- Սայմընի կատակերգութեան յաւելուած էին շուրջ վեց տարրեր: Նախաբան եւ վերջաբան, շուքերու պաստառ, երկու միջնարարներ` առնչուած կոմսի հետ եւ «passe-partout» միմոս մը, որ կատարեց նաեւ մոլորած հովիւի եւ զառամած ատենակալի (magistrate) դերերը: Սայմընի բնագրի երկխօսութիւնը այլապէս մնացած էր գրեթէ անփոփոխ: Ատիկա ի հարկէ ելոյթին մեկնաբանութիւնը կը դնէ հարցականի տակ:

Բեմայարդարում եւ այլն.- Երկու «գիտաշխատողները»  հիմնականին մէջ կը պատրաստեն ամպիոն մը եւ պաստառ մը: Այսինքն բեմ` բեմի վրայ: Նման լուծում ունէր նաեւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին նախորդ ելոյթը: Ստուերներու պաստառը ճկուն միջոց մըն է, որ կարելի է մեկնաբանել բազմաթիւ ձեւերով: Շա՛տ բարի: Պաստառի կլոր եւ նախնական ըլլալը խոտոր կը համեմատի ապագայապաշտ (futuristic) ճարտարագիտութեան հետ, բայց` ինչեւիցէ:  Շարժական վանդակաճաղը էական էր Ռոմէօ-Ժիւլիեթ պատշգամի… ներողութիւն, Լեոն-Սոֆիա պատշգամի (կրճատուած) տեսարաններուն համար: Խոտոր էր նաեւ սեւ «օճառի սնտուկը» (1):  Լեոն ունէր բարձրախօս, իսկ գիւղացիք ատենախօսներ չէին: Բեմայարդարումը առհասարակ նուազապաշտական էր (մինիմալիստ): Բարի՛: Ինչպէս «Գասպար Իփէկեան»-ի նախորդ երեք ելոյթներուն մէջ, նոյնպէս եւ այստեղ, բեմի ձախ կողմին վրայ կար բարձրախօս: Ասիկա կը թուի օրինաչափ դարձած ըլլալ: Կարելի է նշել, որ այս «Յիմարներու» առաջին մինիմալիստ մերօրեայ եւ պաստառաւոր բեմայարդարումը չէ: Կողքի նկարին մէջ` նկատել մէկ ու միակ նստարան-ամպիոնը եւ պաստառը, որ ցոյց կու տայ Ամերիկայի կորած անկիւններէն մէկը (2): Այսուհանդերձ, բարի՛:

Նկատել նաեւ, որ Լեոն կը կրէ մերօրեայ զգեստ, բայց` ռուսական բաբախ: Ի դէպ, հովիւը կը կրէ գոռ եղջերափող (այդ իր ցաւոտ աղաղակն է), այլ ոչ` ճմուռ եւ համր շեփոր: Մեր Լեոնը եւս կը կրէր մերօրեայ զգեստ, բայց… սեւ քասքեթ,  որ աւելի յարիր է ռուս յեղափոխականի: Կողքի գծանկարը եւս առնուած է ուսանողական ելոյթի մը տարազներէն (3): Մեր վայելուչ կոմսը կը կրէր նոյն տարազին մուգ տարբերակը:

Սոֆի կը զանազանուէր իր կարմիր բաճկոնով: Շա՛տ բարի: Մսավաճառը ունէր վախազդու տեսք: Այլ պայմաններու տակ` բարի՛, բայց այդ յարիր չէ «քուլիենչիքով»-ցիներու խառնուածքին: Մնացեալ դերակատարները կը կրէին գրեթէ միօրինակ տարազներ: Առանց այդ ալ դժուար է «յիմարները» զանազանել հիմնուած լոկ երկխօսութեան վրայ: Հագուկապը «կ’ամրագրէ» այն թելադրանքը, որ հարկ չէ զանազանել տիպարները:

Երաժշտութիւնը երկու տեսարաններու մէջ դեր ունէր: Առաջին հերթին` պատշգամի, ուր երկու անգամ լսեցինք Նաթ Քինկ Քոլի շնորհիւ հռչակ ստացած «Ուեն այ ֆոլ ին լաւ» (Երբ սիրահարիմ) երգին երաժշտութիւնը (4): Սէրը ցաւօք չեղաւ յաւիտեանս, ինչպէս երգը կը խոստանայ: Երկրորդն էր` ջութակի «Թրանսիլվանիական օրօրը», որ յօրինուած է Մել Պրուքսի «Երիտասարդ Ֆրանքընշթայն» ժապաւէնին համար (1974): Այս հատուածը այլ ուսանողական ելոյթներու մէջ գործածուած է իբրեւ կոմսին բներգը (theme) (5): Թերեւս երաժշտութիւն կարելի է համարել նաեւ «Իկոր»-ի մանտոլինի մէկ ու միակ «աքոր»-ով (կապան, ձայնակապակցութիւն) տնկրտած ծիծաղաղերս ելոյթը:

Լուսաւորումը չունէր մեկնաբանական դեր: Շուրջ երեք անգամ լուսարձակը կեդրոնացաւ գործող անձերու վրայ:

Որմազդը  ծայրայեղօրէն նուազապաշտական է: Ցոյց կու տայ թեթեւ, աժան նիւթով (շերտակ – contre-plaqué) շինուած երկլեզու գորշ քառակուսի մը. «Լեոն»: (Ո՞վ) Կը նկատենք, որ լատիներէն տառերը (բնագի՞րը) յարմարեցուած են հայերէն տառերուն (ելոյթի՞ն), ի գին որոշ կորուստի: Մինիմալիզմը եւ յարմարեցումը յարիր են ելոյթի բնոյթին: Այսուհանդերձ, որմազդը կրնար ըլլալ աւելի խօսուն եւ գրաւիչ:

Լեզու եւ հումոր.- Նիլ Սայմընի հումորին նախապէս անդրադարձած եմ քանի մը անգամ: Կը հիմնուի մէկ տողնոց սրամտութիւններու եւ բառախաղերու վրայ: Ելոյթի բնագիրը դժբախտաբար ինծի հասանելի չեղաւ: Այստեղ կ’ուզեմ հրապարակաւ շնորհակալութիւն յայտնել այն բեմադրիչներուն, որոնք կը տրամադրեն իրենց ելոյթներուն բնագիրը` քաջ իմանալով, որ ատիկա կրնայ հիմնաւորել նկատողութիւնները: Հիմնուած լոկ մէկ դիտումի վրայ` կարելի է նկատել, որ բառախաղեր զեղչուած են եւ երբեմն` սխալ ըմբռնուած: Անգլերէնի մէջ  purse, nurse, եւ curse  (դրամապանակ, բուժքոյր եւ անէծք) համահունչ են: Թարգմանութեան մէջ  purse եւ nurse փոխարինուած են «սարսափելի» բառով: Կային նաեւ երանգային տարբերութիւններ: Լեոն բժիշկին կը հարցնէ` «Ի՞նչ է մարդու գոյութեան իմաստը»: Թարգմանուած է` «Ի՞նչ է մարդու գոյութեան նպատակը»: Իմաստը փիլիսոփայական է, իսկ նպատակը կրնայ ըլլալ ընկերային կամ անհատական: Անգլերէնի մէջ dust կը նշանակէ փոշի: Բժիշկին կինը «to dust» կը հասկնայ տառացիօրէն, այսինքն` «փոշոտել»: Ներս կը բերէ դիտմամբ փոշոտուած գիրքը: Ներկայ ելոյթին մէջ բժիշկը կը թելադրէ փոշին մաքրել: Հումորը կորսուած է: Անգլերէն լեզուի մէջ մատանին կը դնեն «մատի վրայ» (on the finger): Պսակի ընթացքին մատանին տառացիօրէն կը դնեն մատի վրայ: Մատանին անշուշտ կ’իյնայ գետին: Նման բան չտեսայ: Չտեսայ նաեւ շրջուած կով կամ կորած ոչխար: Գիւղի տառապալից, բայց պայքարող եւ կենսուրախ կենցաղը ցաւօք հիմնովին զեղչուած էր:

Ոչ ի թեր կատակերգութեան, կարելի է դիտել տալ, որ նման թիւրիմացութիւններու շարքը շուտով ձանձրացուցիչ կը դառնայ: Ի վերջոյ քանի՞ ապարանցիի անեկդոտ կարելի է շարունակաբար լսել եւ ծիծաղիլ: Բեմադրիչը փորձած էր այս տաղտկալի միօրինակութիւնը մեղմել միմոսի ոստոստիւններով: Հարկ է, որ «յիմարութիւնները» ունենային իւրաքանչիւր տիպարի առանձնայատուկ բնոյթ: «Վերացական» յիմարութիւնը ծիծաղաշարժ չէ: Արդար ըլլալու համար պէտք է նշել, որ բնագիրին մէջ կան նման առանձնայատկութիւններ: Սոֆիի մայրը դուռ բանալու դժուարութիւն ունի, իսկ Սոֆին` նստելու եւ իր ծնողքը զանազանելու: Սոֆին կրնայ դիւրութեամբ նստիլ եւ ծնողքը զանազանել Լեոնի յայտնութենէն անմիջապէս ետք: Այսինքն` նախքան անէծքին պաշտօնական բեկանումը: Սոֆի ոչ թէ յիմար է, այլ` յիմարացուած: Նախքան անէծքի բեկանումը` իմացական կարողութեան նշաններ ցոյց կու տայ նաեւ Սոֆիին մայրը: Սայմընի տղամարդոցմէ ոչ մէկը իմացականութեան նշան ցոյց կու տայ…

Տիպարներ եւ կատարում.- Ըստ երկխօսութեան մէջ իրենց մասնակցութեան ծաւալին, տիպարներն են` Լեոն, բժիշկ Նիքոլայը, Սոֆիան, մայրը` Լենիան, կոմս Կրեկորը, ատենակալը, նամակատար Միշքին, ծաղկավաճառ Ենչնան, հովիւ Սնիեթսքին եւ մսագործ Սլովիչը: Բայց թատերական հանգոյցի առումով դասաւորումը այդպէս չէ: Բժիշկն ու կինը պարզապէս կ’արտադրեն ծիծաղաշարժ նախադասութիւններու հեղեղ: Կեդրոնական քառեակն են` Լեոն, Սոֆիան, կոմսը եւ նամակատար Միշքին: Առաջին երեքը հասկնալի են: Նսեմացուած էր սակայն նամակատարին դերը: Պէտք է նկատել, որ ան կը կարդար բոլոր նամակները եւ երբեմն կը պահէր զանոնք (արխի՞ւ): Տեղեակ է ամէն ինչէ: Տեղեակ է նաեւ անէծքին ծագումէն եւ  բեկանելու այլընտրանքներէն: Վստահաբար կարդացած էր նաեւ Լեոնի նամակը, որ ի հարկէ իր հօրեղբօր մահուան մասին չէր: Ուրեմն մեղսակից էր Լեոնի խաբէութեան: Հետագային ան պատմութեան հաստափոր գիրք մը կը գրէ: Նամակատարը կը ներկայացնէր հաւաքական յիշողութիւնը եւ ժողովրդական իմաստութիւնը: Մենք այդ չտեսանք:

Բժիշկը վերամբարձ կը մօտենայ իր կնոջ եւ դստեր, բայց ինք աւելի իմաստուն չէ: Ի տարբերութիւն երկուքին` ոչ մէկ իմաստալից խօսք կ’արտասանէ:

Ատենակալը ի հարկէ զառամած է, վատառողջ եւ մահամերձ, որովհետեւ կը ներկայացնէ քաղաքական (ցարական) իշխանութիւնը: Իսկ հոգեւոր հոգատարութիւնը ի սպառ կը բացակայի: Կը լսուի լոկ եկեղեցւոյ զանգը (որ փոխարինուած էր կաթսայով մը):

Կրեկոր (Գրիգոր) կը նշանակէ «արթուն»: Ատիկա հաւանաբար հեգնական է: Որովհետեւ կոմս Կրեկոր նոյնպէս զոհն է անէծքին: Իմա` խաւարամտութեան: Սայմընի ստեղծած կերպարը ցաւօք համոզիչ չէ: Կոմսը չունի տնտեսական եւ քաղաքական իշխանութիւն: Շատ դիւրաւ կ’ընդունի իր պարտութիւնը: Ո՛չ միայն այդ, այլեւ կ’ապաշխարէ եւ կը դառնայ վանական: Հարցը դրուած է անհատական-հոգեբանական գետնի վրայ:  Քուլիեչնիքովի մէջ ընկերային-տնտեսական հարցեր եւ պայքար չկան: Ասիկա համահունչ է Սայմընի պահպանողական ըմբռնումներուն: Այս մասին նախապէս  քանի մը անգամ արտայայտուած եմ:

Սայմընի Լեոնը սրամիտ չէ: Հազիւ թէ կ’արտաբերէ որեւէ ծիծաղաշարժ խօսք: Ուշադրութի՛ւն.  կատակերգութեան վարպետ Սայմըն գլխաւոր հերոսին չի տար որեւէ ծիծաղաշարժ խօսք: Մինչդեռ ամէնէն սրամիտ տողը տրուած է կոմսին («Աստուած վկայ, սկսայ ատել այս անէծքը»): Ատիկա ի հարկէ դիտաւորեալ է: Լեոն կը ներկայացնէ տափակ, անհրապոյր արդիականութիւնը: Կը ծրագրէր Սոֆիին ուսուցանել աստղագիտութիւն եւ փիլիսոփայութիւն: Մինչդեռ Սոֆի կ’ուզէ սորվիլ «նապաստակներու լեզուն»: Իմա` կ’ուզէր հաղորդակցիլ բնութեան, կեանքին հետ: Հայրը նկատել կու տայ, որ այլեւս այդ լեզուն չեն խօսիր…  Ի դէպ, Սոֆի կը նշանակէ «իմաստութիւն»: Նոյն ուղղութեամբ, գիւղացիներուն համար օրաթերթին անձրեւէն թրջուած ըլլալը աւելի իմաստալից է, քան` անոր բովանդակութիւնը:

Լեոն կարճատես է (թերեւս եւ` ֆիզիքապէս), ոչ իմաստուն: Անէծքի բնոյթը կը հասկնայ միայն այն ժամանակ, երբ եկեղեցւոյ զանգը կը հնչէ յայտնելով ժամկէտը: Առաջին արարին մէջ Լեոն կոյր հաւատք ունի արդիականութեան «ազատագրական» բնոյթին նկատմամբ: Կը ներկայացնէ 19-րդ դարու միամիտ եւ լաւատես մտաւորականութիւնը: Գրեթէ «Ընկեր Փանջունի» մըն է: Լեոն կը «մարդկայնանայ», երբ կը սկսի սիրել ո՛չ միայն Սոֆին, այլեւ` ամբողջ գիւղը:

Խաղարկութեան շուրջ արդէն իսկ լոյս տեսած են ակնարկներ: Խումբը վստահաբար արժանի է գնահատանքի: Կատարողական առումով, նկատելի էր, որ խումբը կը ներկայացնէր հաւաքական «ապրող պաստառներ» (tableaux vivants): Շա՛տ բարի (6): Թէեւ այդ պատկերներէն քանի մը հատը  դժուար վերծանելի էին ինծի համար: Ինչո՞ւ համար, օրինակ, մսավաճառը, որ անէծքի բեկանումէն ետք ալ մնաց անբան, միւսներուն հետ ծունկի չեկաւ աղօթքի ընթացքին: Արդեօք անհաւատութիւնը առնչուած է անխելքութեա՞ն: Արդեօք երկինքը անոր զլացաւ փրկութիւն, որովհետեւ անհաւա՞տ էր: Կողքի պատկերին մէջ Լեոն մաս կազմած է քուիենչիքովցիներու: Շա՛տ բարի: Բայց աւելի յարմար էր, որ ծաղկավաճառ կինը հովանոցի փոխարէն` գործածէր ա՛յլ, նուազ նպատակայարմար իր: Բարձրախօսին առջեւ Լեոնի մտորում-մենախօսութիւններուն ընթացքին կարելի էր տեսերիզի (վիտէօ) նման սառեցնել տեսարանը, ապա «վերակենդանացնել»: Եւ այլն: Անհատ դերասաններու խաղարկութեան վերաբերող նկատողութիւնները կը թողում նորակազմ երիտասարդ թատերախումբի հետագայ ելոյթներուն: Գալեմքերեան կ’ըսէ, թէ փորձարկած է խաղարկային այլազան դպրոցներ: Միմոսի պարագայն ատիկա, ըստ երեւոյթին, արուեստակողականն էր (mannerism)…

Մեկնաբանական.- Քուլիենչիքովի մէջ սիրտը գերադաս է մտքին, այդտեղ կը սիրեն առանց իմանալու բառին իմաստը: Այդտեղ մարդիկ իրենց սահմանափակ կարողութեամբ յամառօրէն եւ լաւատեսօրէն կը պայքարին ամէնէն պարզ բաները կատարելու համար. կով կթել, սրուակ բանալ եւ կամ պարզապէս աթոռի վրայ նստիլ: Գիւղացիք, այո՛, չեն հասկնար դրսեցի նորելուկ ուսուցիչին խօսքերը, բայց ոչ մէկ դժուարութիւն ունին զիրար հասկնալու: Անոնց յիմարութիւնը այլաբանական է: Անոնք ո՛չ միայն շատ լաւ կը հասկնան զիրար, այլ կ’օգնեն, որպէսզի կարենան շարունակել գոյութեան առօրեայ պայքարը: Կ’օգնեն զիրար, որովհետեւ բոլորը կը գիտակցին իրենց սահմանափակ կարողութիւններուն: Այդտեղ գոյ է հիանալի զօրակցութիւն: Անոնք հաւատացեալ են, բայց` ոչ կրօնամոլ: Անոնք խեղճ են, բայց` ոչ խղճալի: Այս բոլորը, այսինքն` կատակերգութեան ընկերային երեսը, մղուած էին յետին գիծ` ի նպաստ համբակ ուսուցիչի մը արժեւորումին: Այլ ելոյթներ աւելցուցած են շուրջ տասը վայրկեան տեւող միջնարարներ` ցոյց տալու համար գիւղի սրտառուչ առօրեան:

Թատրերգութեան ընկերային երեսին նսեմացումը համահունչ է բեմադրութեան գաղափարապաշտ (իտէալիստ) մօտեցումին (7): Բեմին վրայ շարժող տիպարները իբր թէ Լեոնի մտապատկերներն են: Նիւթականացած «մտքեր»: Մտապատկերներու փոխյարաբերութիւնը կը յանգի անոնց հեղինակի հոգեկան փոխակերպման: Ասիկա կը յիշեցնէ գրական երկեր, ինչպէս` Տիքընզի «Տէյվիտ Քափըրֆիլտ»-ը (1850) կամ Րաֆֆիի «Ֆարհատ»-ը (1883-1887), ուր հեղինակը կը խօսի միամիտ նախագուսանի (փրոթակոնիստ) մը բերնով: Ապա վէպի աւարտին միամիտ հերոսը կը «հասուննայ», ինչպէս Լեոն կը հասուննայ հեքիաթի աւարտին: Ինչպէս Տիքընզի վէպը, նոյնպէս ալ Սայմընի կատակերգութիւնը կը տառապի «խրատամոլութենէ»…

Տէյվիտ եւ Ֆարհատ լաւ մտադրութիւններ ունեցող,  համակրելի, բայց ծաղրանկարային կերպարներ են: Ընթերցողը քաջ գիտէ, որ անոնք Րաֆֆին, Տիքընզը չե՛ն: Լեոն եւս ծաղրանկարային է, բայց` ոչ շատ համակրելի, Սայմըն չի խօսիր անոր բերնով: Սայմընի «Յիմարները» չունի այդ երկու երկերուն կառոյցը: Աւելցուած նախաբանն ու վերջաբանը չեն փոխեր գործին էութիւնը: Ինչպէս վերը յիշած էի, երկխօսութիւնն ու դիպաշարը մնացած են գրեթէ անփոփոխ: Բոլոր «ռումբերը մտքերուն մէջ զետեղուած» էին նոյնինքն Նիլ Սայմընի կողմէ: Ելոյթի աւարտին Լեոն կրկին մօտեցաւ բարձրախօսին, ապա լուռ հեռացաւ: Ուրեմն ոչինչ ունէր աւելցնելիք Սայմընի երկխօսութեան…

Մոպայլները, մոթոսիքլեթը եւ այլն նոյնպէս հազիւ թէ որեւէ բան կ’աւելցնեն Սայմընի կատակերգութեան:

Յաւելուած տիպարը եւս կը յարուցէ հարցականներ: Նախ եւ առաջ անոր «երկխօսութիւն»-ը կը բաղկանայ փռնգտոցներէ, խնչիւններէ եւ խեղ շեփորի խեղդուկ հառաչանքներէն: Ի հարկէ նկատի չունիմ ատենակալին եւ հովիւին բաժինները, որոնք նոյնպէս յանձնուած էին միմոսին` պահելով անոր տարազը (իմա՞ստը): Միմոսը եւս կը դիմէր հանդիսականներուն: Ինչպէ՞ս հասկնալ: Արդեօք ան իսկապէս նոյնինքն փորձարկող «գիտաշխատող»-ներէն մէ՞կն էր: Եթէ այո՛ ինչո՞ւ փորձին միջամտեց իբրեւ միմոս: Ատիկա յարի՞ր է փորձարկողի բարոյականին: Ինչո՞ւ յատուկ ներդաշնակութիւն ունէր բացառաբար կոմսին հետ: Եւ այլն:

Կային անբացատրելի տեսարաններ: Ինչո՞ւ տանտիկինը մէկդի պիտի շպրտէր իրեն նուիրուած ծաղիկները: Ինչո՞ւ Լեոն լուսամփոփ կը վառէր մենախօսութեան ընթացքին: Այդ ի՞նչ բնոյթի «լոյս» էր: Ինչո՞ւ բոլորը բարձրացան «օճառի սնտուկ»-ին վրայ: Ինչո՞ւ Լեոն եւ կոմսը մանտոլինը ձեռքէ ձեռք կ՛անցընէին: Ինչո՞ւ մեծահարուստ կոմսը գլխուն լաչակ կապած` իր սպիտակեղէնները պիտի լուար: Ինչո՞ւ այն թելը, որուն վրայ կախուած էին կոմսին եւ իր անծանօթ սիրականին հագուստները, վերածուեցաւ յաղթական պսակի լոյսերուն: Պսակ, որուն ծիսական խօսքերը լպրտեց նոյնինքն միմոսը:  Ինչո՞ւ Լեոն իր գիրքերուն վրայ փակցուցած էր հայուն տանջահար եռագոյնը:

Ելոյթը փաստեց, որ կարելի է յարուցել ուրախ ծիծաղ` առանց դիմելու գռեհիկ լեզուի եւ վարքի: Ասիկա իրապէս կարեւոր եւ դրական իրագործում է: Շա՛տ բարի: Թէեւ անձնապէս չհասկցայ, թէ ինչպէ՛ս Լեոն կրցաւ չհամբուրել Սոֆին:

Սայմընի վերջաբանը տխուր է: Բանականութիւնը երջանկութիւն չի բերեր գիւղին: Ոչ բոլոր հարցերը լուծուած են: Բժիշկը տակաւին դժուարութիւն ունի սրուակներ բանալու: Ելոյթին աւարտը յատկապէս տխուր էր: Պաստառի վրայ Սոֆի իր թեւի շարժումով «մնաք բարով» կ’ըսէ հանդիսատեսին: Լեոն իր կարգին կը վերադառնայ ապագայ: Ամուսնութիւնը չի պտղաբերիր:  Տեսական փորձը աւարտած է… ինչո՞ւ: Այլ ելոյթներու մէջ հանդիսատեսին ցոյց կը տրուի սիրահար զոյգի սիրուն առողջ նորածինը:

Գալեմքերեան կ’ըսէ, որ ընտրած է կատակերգութիւն, որովհետեւ տրաման «… կրնայ հանդիսատեսին ուշադրութիւնը մղել դէպքերուն, աւելի քան` պատգամին…»: Սայմընի կատակերգութիւնը հիմնուած է գլխաւորաբար լեզուական խաղերու վրայ: Ատիկա ի հարկէ դիւրաւ թարգմանելի չէ: Թերեւս այդ պատճառով բեմադրութիւնը աւելի ուղղուած էր հանդիսատեսի աչքին, քան` ականջին: Ասիկա յատկապէս ցայտուն էր միմոսի հազիւ արդարանալի կամ իմաստալից միջամտութիւններուն ընթացքին: Միթէ այդ թամաշան հանդիսատեսի ուշադրութիւնը չէ՞ր շեղեր թատրերգութեան պատգամէն:

«Լեոն»  իբրեւ կատարում գերադաս է` բաղդատած այս թատերական շրջանին ներկայացուած այլ ելոյթներու: Յոյսով եմ, որ թատերախումբին ապագայ մեկնաբանութիւնները ըլլան աւելի լաւ հիմնաւորուած:

Բարի՛ երթ:

———————-

1.- Ժողովրդական հաւաքներու ընթացքին խօսք առնողներ կը բարձրանան «օճառի սնտուկի» վրայ:
2.- Տես` «iDrama  1994» youtube v=_llBz-fZXgg.
3.- Francis Marion համալսարան 2007: Նման տարազներ կան նաեւ այլ ուսանողական ելոյթներու մէջ:
4.- Երաժշտութիւն  Victor Young,  բառեր`  Edward Heyman  1952.
5.- Transylvanian Lullaby,  John Morris. 1974: Գործածուած է, օրինակ` Hilsboro Players  ուսանողական խումբի 2013-ի ելոյթին մէջ: Այդ ելոյթին մէջ կար նաեւ նուագախումբ:
6.- «Փարաջանովի արուեստը», «Ազդակ», 14 յուլիս 2014:
7.- Նկատի ունիմ եզրի քանթեան իմաստը:

Նախորդը

Կին Դէմքեր. Իզապել Սատոյեան

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Նախնիներու Անմոռաց Ստուերներ #

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով
Արուեստ - Մշակոյթ

Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով

Սեպտեմբեր 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

«Ոսկէ Ծիրան»-ի 22-րդ Բերքափակը Բ.

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?