ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Այսօր Համազգայինի Պուրճ Համուտի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ լիբանանահայ բեմադրիչ Սիմոն Մնակեանի յուշ- երեկոն:
Սիմոն Մնակեան անգամ մը լիբանանահայ թատերական կեանքէն հեռացած է 1978 թուականին, երբ լիբանանահայ թատերական կեանքը վերեք մը սկսած էր արձանագրել, ու իր կնոջ հետ փոխադրուած է Ֆրանսա, Մարսէյ` հոն շարունակելով իր թատերական գործունէութիւնը, իսկ երկրորդ անգամ ալ մեզմէ առյաւէտ հեռացաւ 2017-ին:
Լիբանանի մէջ Մնակեանի բեմադրութիւնները հանդիսացան արտացոլացումը լիբանանահայ ընկերային եւ քաղաքական կեանքին, այդ պատճառով ալ կրնանք ըսել, որ Մնակեան ապրած ու գործած է թէ՛ որպէս արուեստագէտ եւ թէ՛ որպէս մշակութային գործիչ:Անոր բեմադրութիւնները նորարար ու համարձակ էին:
Մնակեան իր թատերական ուսումը ստացած է Պրիւքսել: Պէյրութ վերադառնալէ ետք բեմադրած է դպրոցական ու միութենական մակարդակի թատրոններ, «Վասպուրական»-ի եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի սրահներուն մէջ: Ապա Զոհրապ Եագուպեանին հետ հիմնած է «Նոր թատրոն» թատերախումբը, ինչպէս նաեւ իր եղբօր` Ալեքսան Մնակեանին հետ հրատարակած է մանուկներու հեքիաթներու ձայնասկաւառակ մը: Բեմադրած է նաեւ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբի ներկայացումներէն քանի մը հատը:
Մարսէյի մէջ բեմադրիչ Մնակեան անշուշտ պիտի շարունակէր մաս կազմել հայկական մշակոյթին ու թատերական կեանքին: Արդարեւ, ան ո՛չ միայն որպէս բեմադրիչ, այլ նաեւ որպէս ուսուցիչ եւ մշակութային գործիչ արտադրած է Ֆրանսայի համար` նոր շունչ բերելով ֆրանսահայ թատերական մարզին:
Անոր բեմադրութիւններէն կը յիշենք.

Լիբանանի մէջ` «Երջանիկը» (1968), «Անշնորհք տղաքը» (1968), «Տրամներ» (1969), «Կաղամբ» (1969), «Արա Գեղեցիկ» (1970), «Շողոքորթը» (1970), «Մըթթըրին երգը եւ թիւրիմացութիւն» (1972), «Արա եւ Արշակ» (1973), «Գիքորը» (1973), «Լեռը Մարգարէին քով չերթայ նէ®» (1974), «Վաճառորդի մը մահը» (1975), «Պարահանդէս» (1977), «Տատրագոմի հարսը» (1974):
Ֆրանսայի մէջ` Ռուբէնի յուշերէն հատուածներու ներկայացում (1978), «Պարահանդէս» (1979), «Անլռելի զանգակատուն» (1979), «Շողոքորթը» (1980), «Մուսա Լերան 40 օրերը» (1990):
Ֆրանսայի մէջ բեմադրած է նաեւ թարգմանութիւններ եւ Ֆրանսերէն ներկայացումներ, կատարած է գրական ընթերցումներ, ինչպէս նաեւ ունի վաւերագրական ժապաւէններ:
