Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանդիպում-Զրոյց` Հայ Քաջ Տօ Մարտարուեստին Մասին

Ապրիլ 8, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ուրբաթ, 29 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց` Հայ քաջ տօ մարտարուեստի հեղինակ մասթըր Միհրան Աղվինեանին հետ` մասնակցութեամբ մեծ թիւով երիտասարդներու, պատանիներու եւ դպրոցական աշակերտներու:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յարութ Լափաճեանը, որ անդրադարձաւ այսօրուան ելեկտրոնային աշխարհին ստեղծած անախորժ վիճակին, երբ մարդ անհատը սկսած է կորսնցնել իր ֆիզիքական, մտային եւ ոգեղէն արժանիքները եւ դարձած է թիրախ` արտադրողական հսկաներու շահադիտական նկատառումներուն: Ան դիտել տուաւ, որ, հակառակ այս բոլորին, կան անձեր, որոնք տակաւին կը հաւատան մարդ արարածին բնածին եւ հարազատ ներքին ուժին, որ կը ներկայանայ որպէս միակ հիմքը մարդուն ֆիզիքական, մտաւոր եւ ոգեղէն արժանիքներու իրագործման: Իր խօսքի աւարտին Յարութ Լափաճեանը ԼԵՄ-ի անունով բարի գալուստ մաղթեց այս համոզումին հաւատաւոր նուիրեալ` մասթըր Միհրան Աղվինեանին, որ Միացեալ Նահանգներէն Լիբանան եկած է` աշխատանքային այցելութեամբ:

Ապա բեմ բարձրացաւ մասթըր Միհրան Աղվինեանը, որ հակիրճ ձեւով ներկայացուց իր կենսագրութիւնը ու մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ Հայ քաջ տօ մարտարուեստի գործունէութեան նպատակին եւ սկզբունքին մասին. հիմնել յատուկ հայկական մարտարուեստ, որ կ՛ընդգրկէ տարբեր տեսակի մարտարուեստներու շարժուձեւերը` մարզիկին հայթայթելով արհեստավարժ կարողութիւններ որեւէ վտանգաւոր կացութենէ դուրս գալու համար: Ան նաեւ խօսեցաւ Հայ քաջ տօ մարտարուեստի գործելակերպին, ոճին եւ մասնաճիւղերուն մասին: Մասթըր Միհրան Աղվինեանը շեշտակի կրկնեց, թէ մարտարուեստի դպրոցի մը առաքելութիւնը միայն կռուող պատրաստելով չի սահմանափակուիր, այլ կարեւոր է մարզել տիպար նկարագիրով, առողջ միտքով հեռատես անհատներ, որոնք գիտեն հաւասարակշռուած կեանք մը ապրիլ` հեռու մնալով ծայրայեղութիւններէ թէ՛ ֆիզիքական, թէ՛ նկարագրային առումով: Այս մօտեցումով է, որ կը գործէ իր հիմնած Հայ քաջ տօ մարտարուեստի ինքնուրոյն դպրոցը, որ արդէն աշխարհին չորս կողմը տարածուած է եւ յաճախ գրաւած է բոլորին ուշադրութիւնը` իր արձանագրած յաջողութիւններուն պատճառով:

Զրոյցի աւարտին ներկաներուն առիթ տրուեցաւ հարցումներու, որոնց պատասխանները տրուեցան բեմին վրայ` ինքնապաշտպանական գործնական օրինակներով:

Ապա ԼԵՄ-ի կողմէ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ օրուան զեկուցաբերին:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (8 Ապրիլ 1969)

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան Վերջապէս Ունի Իր Առանձին Հարթակը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?