Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մենք Ենք Մեր Գարունը

April 2, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բնութեան վերակենդանութիւնը խորհրդանշող գարնան եղանակը` գեղարուեստական իւրայատուկ ճաշակով ներկայացուեցաւ Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճի աշակերտութեան կողմէ, կիրակի,  24 մարտ 2019-ին երեկոյեան, «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ:

Լիբանանի, Հայաստանի ու վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, գեղարուեստական երեկոյին բացումը կատարեց Ժ. կարգի աշակերտ Սիւզան Սապունճեան, որ բնութեան զարթօնքը` գարունը նկատեց  թարմացումի, գեղեցկութեան, կենսունակութեան ու ջերմ զգացումներով լիցքաւորուելու առիթ, նաեւ պատկերաւոր նկարագրութեամբ ուրուագծեց բնութեան զանազան երանգները` «երբեմն նոյնանալու անոր հետ, զգալու եղանակի ջերմութիւնը եւ գոչելու «ՄԵՆՔ ԵՆՔ ՄԵՐ ԳԱՐՈՒՆԸ»:

Խօսքի աւարտին մաղթեց, որ երեկոն բոլորին համար ըլլայ առողջութեան, գեղեցկութեան, ազնուութեան ու բարօրութեան գարնանային անդաստան, ինչպէս նաեւ վարժարանը յաղթական իր երթը շարունակէ կրթական իր առաքելութեան ընդմէջէն:

Օրուան հաղորդավարներ` Ժ. դասարանի աշակերտներ Ռուպի Պետրոսեան եւ Ճորճ Արուշեան, մերթ ընդ մերթ իրենց արտասանած ելոյթներով յատուկ փայլք տուին գեղարուեստական մատուցումին` գարնան խորհուրդով պարուրելով ներկաներուն հոգիները:

Յայտագիրը ընթացք առաւ նախակրթարանի Ա.-Գ. երգչախումբի գարնանային երգերով, որոնց ընդմէջէն անոնք ներկայացուցին «Եկէք այս օրը լաւ սկսինք», «Արեւը շողում է», «Ես գնացի սարերը» եւ «Կարուսել» երգերը:

Այնուհետեւ, երկրորդականի աշակերտներ ներկայացուցին «Շողարք» նազպարը, որուն յաջորդեց նախակրթարանի Ե.-Զ. պարախումբի վրացական «Լեզկինքա» պարը:

Ա.-Գ. երգչախումբը անգամ մը եւս ծաղկեցուց բեմը` մատուցելով երեք երգեր` «Տարուան եղանակները», «Պաղպաղակ» եւ «Տիկնիկ»` ընկերակցութեամբ Դ. դասարանի խումբ մը աշակերտներու պարային շարժումներուն եւ երգերու  թեմաներու համապատասխան  բեմական կենդանի պատկերներուն:

Լիբանան հայրենիքի նուիրուած երգով Է.-Ը. կարգերու պարախումբը հմայեց ներկաները` արաբական պարով մը, որմէ ետք Ճորճ Արուշեան ասմունքեց Ալիսիա Կիրակոսեանէն համադրուած փունջ մը բանաստեղծութիւն:

«Կարմիր վարդի ալն եմ սիրում» հայկական պարով ելոյթ ունեցաւ Գ.-Դ. պարախումբը, որուն յաջորդեց Թ.-ԺԱ. դասարաններու լատինական պարը, իսկ նախակրթարանի Ա.-Բ. պարախումբը ներկայացուց «Քոչարի»-ն:

Յայտագիրի աւարտին, մասնակից բոլոր աշակերտները իրենց պատասխանատու ուսուցիչներուն հետ բարձրացան բեմ եւ արժանացան բոլորին ջերմ գնահատանքին ու բուռն ծափահարութեան: Իբրեւ երախտագիտութիւն, ծաղկեփունջեր յանձնուեցան վարժարանի տնօրէնին, երգի դասատուին ու պարուսոյցին:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (2 Ապրիլ 1969)

Յաջորդը

Աշակերտական Սուրբ Պատարագ Երկու Ազգային Վարժարաններուն Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.