Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրիլեան Նահատակներու Ոգեկոչում Այնճարի Մէջ

Մայիս 3, 2019
| Անդրադարձ, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին, երեքշաբթի, 23 ապրիլ 2019-ին Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ ապրիլեան Եղեռնի 104-ամեակի ոգեկոչման հսկում:

Հսկումին առաջին բաժինը, որ տեղի ունեցաւ «Հետուիկ» սրահին մէջ, ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, ապա մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելէ ետք մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին խօսքը արտասանեց Պարոյր Սթամպուլեանը: Ան ըսաւ. «Մեզի համար փառաւոր անցեալը մեր անձեռնմխելի սրբութիւնն է, ներկան` մեր արմատներուն ուժն ու սնունդը ծլարձակող շարունակութիւնը, իսկ ապագան բիւրաւոր նահատակներու, հին թէ նոր հերոսներու արեամբ ջրդեղուած ամբողջական Հայաստանն է»:

Ապա ան իր խօսքը շարունակեց ու ըսաւ. «Մենք հպարտ ենք մեր արմատներով, որոնք կը գտնուին հայրենիքի ամբողջ տարածքին, մինչդեռ մեր թշնամիին արմատները ոչնչացուած են շատ կանուխ, որոնք կը կոչուէին սելճուք, չերքեզ կամ ընդհանրապէս վաչկատուն ցեղ»: Ան իր խօսքը աւարտեց՝ ըսելով. «Իբրեւ դաշնակցական երիտասարդներ` անգամ մը եւս կը բարձրացնենք մեր արդար պահանջներուն իրագործումը: Հայ դատը պիտի շարունակուի, նոյնիսկ երբ դարեր ալ անցնին, պիտի շարունակուի, մինչեւ որ յաղթական դրօշը պարզած` վերատիրանանք մեր նախահայրերուն կառուցած Մուշին, Սասունին, Վանին ու Մուսա Լերան»:

Բացման խօսքէն ետք Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի աշակերտներէն եռեակ մը ներկայացուց Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն» բանաստեղծական կտորէն հատուած մը, ինչպէս նաեւ` «Տլէ եաման» երգը:

Օրուան բանախօսն էր Գրիգոր Էքմեքճեանը: Ան ըսաւ. «Հսկումի այս երեկոներու կազմակերպումը ոչ միայն Թուրքիոյ դրօշը այրելով կամ զայն կոխկռտելով` անոր մարտահրաւէր կարդալու համար են, այլեւ հրաւէր մըն են, կոչ մըն են իւրաքանչիւր հայորդիի, որ այստեղ կը գտնուի այսօր` ինքզինք արժեւորելու, իր անձն ու խիղճը քննութեան առարկայ դարձնելու, հանդէպ` իր կատարած կամ չկատարած աշխատանքներուն, որդեգրած կամ չորդեգրած հայավայել եւ ինչո՞ւ չէ, նաեւ դաշնակցականավայել կեցուածքներուն եւ, վերջապէս, նախաձեռնած կամ չնախաձեռնած պահանջատիրական քայլերուն»: Էքմեքճեանը իր խօսքը շարունակելով` ըսաւ. «Սիրելինե՛ր, որեւէ հակամարտութեան ընդմէջէն դուրս գալու գաղտնիքներէն մէկն է, լաւապէս պատրաստուած ըլլալու կողքին, ունենալ մտային, քաղաքական եւ, հարկ եղած պարագային, մարտական բաւարար ճկունութիւն` հակառակորդին կամ, այս պարագային, թշնամիին անակնկալի մատնելու եւ հակակշիռը ի նպաստ մեր կողմ դարձնելու»:

Ան իր խօսքը աւարտեց` ըսելով. «Ժամը հասած է ազգովին վերականգնելու եւ այսօր այստեղ վերանորոգելու մեր հաւաքական կամքը, վերահաստատելու մեր ուխտը` չխնայելով ո՛չ մէկ ցաւ, ո՛չ տառապանք հարկ, եղած պարագային, նաե՛ւ կեանքի գնով հասնելու համար սրբազան յաղթանակին` ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանին»:

Այնուհետեւ ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան պատանիներէն եռեակ մը ներկայացուց Նարէ Գէորգեանի «Զինուորի մօր երգը»` տեսերիզի ընկերակցութեամբ, որմէ ետք Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի աշակերտուհիները ներկայացուցին «Ապրելու ենք ապրիլ» պարը:

Աւարտին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղէն խումբ մը երիտասարդներ ներկայացուցին «Ո՞ւր էիր, Աստուած» կենդանի պատկերը ու ջահերը յանձնելով գիւղի հոգեւոր հայրերուն` ներկաներուն հետ միասին սրահէն դուրս եկան:

Հսկումը շարունակուեցաւ քայլարշաւով: Հոծ բազմութիւնը, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբին եւ ԼԵՄ-ական ու պատանի ջահակիրներուն, ուղղուեցան դէպի  գիւղի բերդի ճամբան ու ականատես եղան կրակավառութեան, ապա քայլարշաւը շարունակելով` հասան Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ կից գտնուող Մուսա Լերան յուշահամալիր, ուր ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին կողմէ, որմէ ետք ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութենէն ընկեր մը ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Ահաւոր բան մը այնտեղ» բանաստեղծութիւնը: Հսկումը աւարտեցաւ աղօթքով` գիւղի հոգեւոր հայրերուն կողմէ»:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի Ննջեցեալ Բարերարներու Եւ Անդամուհիներու Հոգիներուն Համար Հոգեհանգիստ

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?