Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դոկտ. Թամար Գապաքեան – Հաշէօլեան Ներկայացուց «Ախտաճանաչում. Դրական Մօտեցում` Առողջ Կեանքի Մը Համար» Նիւթը

March 29, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին կազմակերպած դասախօսական շարքին իններորդ դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 20 մարտ 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին: Օրուան նիւթն էր` «Ախտաճանաչում. դրական մօտեցում` առողջ կեանքի մը համար»:

ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի անունով բացման խօսք կատարեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը: Ան ըսաւ, որ ներկայիս բժշկական մասնագիտութիւններու մէջ մեծ կարեւորութիւն կը տրուի կանխազգուշական բժշկական դարմանումին, նաեւ պարբերական ընդհանուր քննութիւններու` «Ախտաճանաչում եւ յետոյ դարմանում»: Բազմաթիւ են անոնք, որոնք կը վախնան բժիշկի մօտ երթալէ, կը ձգձգեն գիտակցօրէն, մինչեւ որ անբնական ախտանշան մը զիրենք փճացնէ: Արդեօք կամքի պակա՞սը, թէ՞ վախը կը մղեն անձը` խուսափելու: Այս հարցումներուն մասին բացատրութիւն տալու համար ան հրաւիրեց հանրային առողջապահութեան մասնագէտ դոկտ. Թամար Գապաքեան-Հաշէօլեանը:

Դոկտ. Թամար Գապաքեան-Հաշէօլեան դասախօսութեան սկիզբը խօսեցաւ կիներու առողջապահական հարցերու մասին եւ յայտնեց, որ ատիկա տարբեր է տղամարդոց առողջապահական հարցերէն, որովհետեւ կիները կեանքի ընթացքին տարբեր հանգրուաններէ կ՛անցնին: Ֆիզիքական փոփոխութիւնները առողջութեան վրայ յատուկ դրական եւ ժխտական ազդեցութիւն կ’ունենան: Դաշտանադադարը պէտք ունի դրական մօտեցումի: Անիկա իր յատուկ հարցերը ունի, որոնք կրնան նեղութիւն պատճառել:

Ապա ան սահմանեց դաշտանադադարը եւ յայտնեց, որ գիտութիւնը կը փաստէ քրտինքը, մոռացութիւնը, քունի խանգարումը, գիրութիւնը, յարատեւ յոգնածութիւնը որեւէ գիտական միջամտութեան պէտք չունին եւ բնական փուլեր են, որոնք կ՛անցնին: Եթէ չընդունինք որպէս բնական ընթացք,  անիկա կ՛առաջնորդէ ժխտական մտածելակերպի: Ան նշեց, որ կիներու ինքնութիւնը կը յատկանշուի յղանալու եւ մայրանալու առաքելութեան մէջ: Կարգ մը սխալ սահմանումներ ընկերային հարցեր կը յառաջացնեն, ինչպէս` կնոջ ինքնութիւնը հաւասարեցնել մօր ինքնութեան: Կինը տարբեր ինքնութիւններ ունի, եւ պայման չէ, որ մայրանայ: Երբ դաշտանի սկսելուն եւ դադրելուն հետ կը կապենք կնոջ ինքնութիւնը, հոս կը սահմանենք մայրանալու իր տուեալները, ինչ որ ժխտական մտածելակերպի կը մղէ: Եւրոպայի մէջ դաշտանադադարը ժխտական ձեւով ներկայացուած է: Երբեմն երբ միջին տարիքի հասնինք, մարմինը կը պահանջէ, որ յաւելեալ հոգ տանինք մեր առողջութեան: Հոս նաեւ կիները ունին հոգատար դեր, սակայն շարունակել կարենալու համար իր դերը`  ան պէտք է առաջնահերթութիւն տայ իր առողջութեան:

Դոկտ. Թամար Գապաքեան-Հաշէօլեան թուեց այն չորս հիւանդութիւնները, որոնք կարելի է կանխարգիլել եւ ունին ախտաճանաչումներ:

Ա. Տարբեր տեսակի հիւանդութիւններ, ինչպէս` շաքարախտը, արեան գերճնշումը, գիրութիւնը, ծխատոտի կամ կլկլակի օգտագործումը, նստակեաց կենցաղը, հոգեկան ճնշուածութիւնը, դաշտանադադարը, որոնք հակամէտ կը դարձնեն սրտի հիւանդութեան: Պէտք է շուտ ճանչնանք ախտանշանները. անոնք են` ծանրութիւն կուրծքի վրայ, շունչի նեղութիւն, մարմնի վերի մասերու` կուրծքի, թեւի, կռնակի, գլխու ցաւեր, պաղ քրտինք, անբացատրելի յոգնածութիւն, գլխու պտոյտ, սիրտխառնուք: Նաեւ կենցաղային հարցեր կան: Պէտք է մարզանք ընել, գիրութենէ խուսափիլ, ուտել բնական ուտելքներ, հեռու մնալ շաքարէ եւ աղէ, կեղծ իւղէ խուսափիլ: Հաւասարակշռուած պէտք է ուտել:

Բ. Ոսկորի հիւանդութիւններ (օսթիոփորոզ), որոնք շատ տարածուած են: Ատոնք կանխարգիլելու համար կանուխ տարիքէն պէտք է սկսիլ: Քալսիոմի եւ կենսանիւթ Տի.ի կարեւորութիւն կը տրուի: Ատոնք 30-35 տարեկանէն սկսեալ պէտք է ամբարել, նախքան դաշտանադադարը: Պէտք է հեռու մնալ ոգելից ըմպելիներէ:

Գ. Քաղցկեղի տեսակները (կուրծքի եւ արգանդի): Կան ժառանգական ազդակներ, սակայն կարելի է նաեւ կանխարգիլել զանոնք` ուշադրութիւն դարձնելով մեր կենցաղին: Կուրծքի քաղցկեղի պարագային, պէտք է ճնշուածութենէ ձերբազատիլ: Գիտութիւնը այս ծիրէն ներս մեզի բարիք մը կը բերէ,  եւ մամոկրաֆիի ճամբով կարելի կ՛ըլլայ յայտնաբերել  եւ ախտաճանաչել կուրծքի քաղցկեղը: Մամոկրաֆին  հետեւողական ձեւով պէտք է կատարել: Արգանդի քաղցկեղի պարագային,  կայ քննութիւն մը` փաքսմիրը, որուն միջոցով կարելի կ՛ըլլայ գիտնալ, եւ քննութիւնը պէտք է ըլլայ շարունակական ձեւով: Գիտական մեծ յայտնաբերում կայ, որ կը կոչուի Էյչ. Փի. Վի., որ վարակ մըն է եւ կը փոխանցուի սեռային յարաբերութեան ընթացքին: Անիկա արգանդի քաղցկեղի 90 առ հարիւրին պատասխանատուն է: Կարելի է ասոր բուժումը եւ պատուաստը գտնել, բայց սուղ է: Անիկա կը յանձնարարուի իննէն մինչեւ քառասունհինգ տարեկան: Պէտք է ձերբազատինք վախի զգացումներէն, եւ երբ դրական կերպով կը մօտենանք այս հիւանդութեան, մեր մարմինը աւելի հանգիստ կը զգայ: Քաղցկեղի ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, որ երբ հիւանդները դրական կը մօտենան, շատ աւելի արագ կ՛առողջանան, քիչ դեղեր կը գործածեն եւ գործողութիւններու կ՛ենթարկուին, քան անոնք, որոնք ժխտական կը մօտենան: Մենք պէտք է հաւատանք, որ եթէ հիւանդութիւնը կանուխ յայտնաբերուի, հարիւր առ հարիւր կը բուժուինք: Երբ հիւանդութիւնը նոր սկսած է, մեր օրկաններուն մէջ չէ թափանցած, շուտ կը բուժուի:

Դ. Միզարձակութիւնը, որ կիները չեն կրնար զսպել որոշ տարիքէ ետք: Պէտք է օգնել մարմինին եւ մեր առօրեային մաս կը կազմէ: Միզամանին մկանը թուլցած կ՛ըլլայ եւ պէտք է մարզել: Միզած ատեն պէտք է մէզը կեցնել  5 երկվայրկեան, եւ այս վարժութիւնը կատարել օրը քանի մը անգամ եւ այդ մկանը կը մարզուի ու անզսպուածութիւնը կ’երթայ:

Դասախօսը ապա խօսեցաւ այն ուսումնասիրութիւններուն մասին, որոնցմով կարելի կ՛ըլլայ դրական մօտեցում ունենալ: Առաջինը մեր ընկերային յարաբերութիւններն են: Առանձնանալը առողջ երեւոյթ չէ: Պէտք է առիթներ ստեղծել հաղորդակցելու ընկերներու եւ յատկապէս դրական մօտեցում ունեցող մարդոց հետ: Անոնք լաւատես անձեր կ՛ըլլան: Պէտք է ներշնչուիլ անոնցմէ: Երկրորդ` Ժամանակ գտնել իր անձին համար: Այն մարդիկ, որոնք գիշերը գիրք կը կարդան քնանալէ առաջ, ճնշուածութիւնը կը հանդարտի, եւ յաջորդ օրուան էներճին կ՛աւելնայ: Երրորդ` կատարել մեզ հետաքրքրող նախաձեռնութիւններ: Չորրորդ` միշտ նորութիւններ եւ գիտելիքներ սորվիլ:  Ուսումնասիրութիւն մը կ՛ըսէ, որ ուղեղը արթուն պահելը եւ աշխատցնելը կը կանխարգիլէ ալզհայմըրը: Հինգերորդ` խնդուքի հաւաքներ ստեղծել, որովհետեւ անիկա մեր ուրախութեան հորմոնային համակարգին կ՛ազդէ:

Դոկտ. Թամար Գապաքեան-Հաշէօլեանը իր դասախօսութիւնը եզրափակեց եւ յայտնեց, որ դրական մօտեցումի համար պէտք չէ սպասել, որ օր մը ամէն ինչ պիտի շտկուի եւ ուրախ պիտի ըլլանք: Կեանքի մէջ վերիվայրումներ կան: Պէտք է հաւատալ, որ կարելի է յաղթահարել դժուարութիւնները եւ լաւատես ըլլալ:

Դասախօսութեան աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին դասախօսին: Առողջապահական յանձնախումբին անունով յուշանուէր տրուեցաւ օրուան դասախօս դոկտ. Թամար Գապաքեան-Հաշէօլեանին:

Ապա սննդագէտ Սարին Շէկեան խօսեցաւ մարտ ամսուան զուգադիպող Թոքախտի միջազգային օրուան մասին:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (29 Մարտ 1969)

Յաջորդը

Բանաստեղծութիւններ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.