Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Ֆրանսայի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի փոխնախագահ Միշէլ Բազումեանը, որ, առաջին հերթին, յիշեալ կառոյցի ատենապետ Պետրոս Թերզեանին անունով զեկոյց մը տուաւ վեհափառին` հիմնադրամին կատարած աշխատանքներուն մասին, Հայաստանի ու յատկապէս Արցախի մէջ: Ապա ան անդրադարձաւ Սուրիոյ հայութեան հիմնադրամին կատարուած աջակցութեան եւ շեշտեց պատրաստակամութիւնը` շարունակելու նպաստել Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն:
Վեհափառ հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Սուրիոյ հայութեան նկատմամբ հիմնադրամին ցուցաբերած գործնական զօրակցութեան համար: Ան յիշեցուց, որ անհրաժեշտ է այժմ շեշտը դնել վերականգնումի առնչուած ծրագիրներուն եւ այս ծիրին մէջ այնպիսի նախաձեռնութիւններու վրայ, որոնք կը նպաստեն տնտեսութեան զարգացման: Արամ Ա. յայտնեց, որ վերջերս Հալէպ կատարած իր այցելութեան ընթացքին մօտէն տեղեակ դարձած է ժողովուրդին կարիքներուն եւ, հետեւաբար, անհրաժեշտ է օգտակար հանդիսանալ արհեստաւորներուն ու փոքր գործատեղիներ ունեցողներուն, որպէսզի անոնք կարենան հանգրուանային կերպով զարգացնել իրենց աշխատանքի ծիրը ու արդիւնաւէտութիւնը: Ան նաեւ կարեւորութեամբ շեշտեց, որ վերականգնումի աշխատանքները պէտք է ըլլան աւելի ծրագրուած ու հետեւողական` առաջնահերթութիւններու յստակ ճշդումով: