Կազմակերպութեամբ «Էքզոտ» ցուցասրահին եւ «Զոհրապ» հիմնարկին, 18-27 մարտին «Էքզոտ» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Զոհրապի աքրելիք եւ փասթէլ գործերուն «Նայուածքը» խորագիրը կրող անհատական ցուցահանդէսը, ուր ցուցադրուած էին մօտաւորապէս 50 պաստառներ:
Աքրելիք գործերը կը ներկայացնէին քանի մը գիծերով գծագրուած իմաստալից դիմանկարներ, իսկ փասթել գործերուն թեման բնութիւնն էր:
Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան արուեստագէտներու միութեան տնօրէն Միշէլ Ռուհանա եւ միութեան անդամ Ֆուատ Շեհապ, որոնք Զոհրապի նկարը կրող յուշատախտակ մը յանձնեցին «Զոհրապ» հիմնարկի տնօրէն Թոնի Շատարեւեանին: