Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կամար»-ի Երկեակ Աստղերը` Կամիլա Եւ Արմինէ, Շողշողեցին Երաժշտասէր Հանրութեան Ներաշխարհը

Ապրիլ 12, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանահայ եւ ոչ հայ երաժշտասէր հանրութիւնը 9 ապրիլի երեկոյ ապրեցաւ երաժշտական անկրկնելի պահեր: Արդարեւ, կազմակերպութեամբ Լիբանանի պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին եւ հովանաւորութեամբ անոր նախագահին` Պասսամ Սապայի, դաշնամուրային անմոռանալի համերգ մը տեղի ունեցաւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի «Փիեռ Ապու Խաթեր» սրահին մէջ:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան եւ Արմինէ Ապաճեան-Պասմաճեան հմայեցին երաժշտասէր ունկնդիրները` զանոնք փոխադրելով դասական երաժշտութեան տիտաններէն` Պախի, Ֆրանսիս Փուլենքի, Առնօ Բաբաջանեանի եւ այլոց աշխարհը, ուր տիրական գերիշխողը երաժշտութիւնն է: Մերթ ընդ մերթ ծափողջոյններով ընդմիջուելով` անոնք ներկայացուցին բարձրորակ զուգանուագ: Անոնց ելոյթը մեծապէս խանդավառեց ներկաները, որոնց կրկնուող ծափահարութիւններու տարափին ընդառաջելով, անոնք կրկին անգամ նուագեցին` դարձեալ հմայելով արուեստասէրները: Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր դասական երաժշտութեան ականաւոր դէմքերու գործերը, ինչպէս` Պախի քոնչերթոն, Փուլենքի սոնաթը, Մ. Աշճեանի յատուկ «Կամար»-ի համար յօրինուած` «Ներշնչում»-ը («Ինսփիրէյշըն») եւ «Առաջին տեսողութեամբ»-ը («Էթ ֆըրսթ սայթ»), ինչպէս նաեւ` Տ. Կուլկասեանէն «Ռահպէ թանկօ»-ն եւ Ալեքսանդր Յարութիւնեան-Առնօ Բաբաջանեանէն «Հայկական ռափսոտի»-ն:

2015-ին իրագործելով իրենց տարիներու երազը` տաղանդաւոր դաշնակահարներ Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան եւ Արմինէ Ապաճեան-Պասմաճեան հիմը դրին դաշնամուրային «Կամար» երկեակին, որ պիտի գար ցոլացնելու այս զոյգ դաշնակահարներու մատներու պարային ղօղանջումի մեղեդին: Երկուքն ալ կու գան հայրենի երաժշտասէր հմուտ արուեստագէտներու ընտանեկան մթնոլորտէն, որ զանոնք փոքր տարիքէն արդէն թրծած էր երաժշտական ընտիր աւիշով:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (12 Ապրիլ 1969)

Յաջորդը

Ձեզ Պէտք Է Մինչեւ Վերջին Մարդը Ոչնչացնենք. Մարաղայի Ցեղասպանութիւնը` Ականատեսի Վկայութեամբ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?