Ապրիլ ամիսը մեր ժողովուրդի անբախտ ամիսը եղած է, ամէն հայ սրտի ցաւով կը յիշէ հայ ազգին տառապանքը: Թրիփոլիի ԼՕԽ-ի «Այծեմնիկ» մասնաճիւղին վարչութիւնը իրմէ յաւիտեանս բաժնուած ընկերուհիներուն յիշատակը ոգեկոչեց 6 ապրիլ 2019-ին, ժամը 10:30-ին Ս. Հոգեգալուստ եկեղեցւոյ մէջ: Ներկայ էին ԼՕԽ-ականներ` իրենց պարագաներով, «Բերդավայր» կոմիտէէն ընկերներ եւ հաւատացեալներ:
Եկեղեցւոյ խնկասեղանը ծածկուած էր ԼՕԽ-ի խորհրդանիշը կրող կապոյտ ծածկոցով եւ ճերմակ վարդերու փունջով:
Սամուէլ քհն. Աճեմեանի հակիրճ աղօթքէն ետք կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, վառուեցան սեւ ժապաւէնով կապուած մոմերը` ի յիշատակ հանգուցեալ ընկերուհիներուն:
Յիշեցինք մեր մայրերուն անձնուիրութեամբ եւ ժրաջան աշխատանքով մեզի յանձնուած այս մասնաճիւղը` իբրեւ ժառանգ:
«Այծեմնիկ» մասնաճիւղը, որ մինչեւ օրս կ՛աշխատի իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ, թիկունք կը կանգնի եւ կ՛օգնէ հիւանդին, ծերին, որբին եւ մանաւանդ` ազգային վարժարանին:
Չենք կրնար մոռնալ մեր ուխտը` հաւատարմօրէն շարունակել մեր առաքելութիւնը կանգուն պահելով «Այծեմնիկ» մասնաճիւղը,սիրով ու հոգածութեամբ հասցնելու զայն մեր յաջորդներուն:
Յարգանք եւ ափ մը խունկ` մեր ընկերուհիներու յիշատակին:
ԽԱՉՈՒՀԻ ՄԸ