Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի Ննջեցեալ Բարերարներու Եւ Անդամուհիներու Հոգիներուն Համար Հոգեհանգիստ

May 3, 2019
| Անդրադարձ, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 27 ապրիլ 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ համախմբուեցան ԼՕԽ-ի առաքելութեան հաւատացող հաւատաւոր անդամներ` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու մարդասիրական մեծ կազմակերպութեան` ԼՕԽ-ի ճամբով իրենց անմնացորդ լուման եւ ծառայութիւնը ներդրած ննջեցեալ բարերարներուն եւ անդամներուն:

Արդարեւ, հոգեհանգստեան պաշտօնին նախագահեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Վիգէն վրդ. Տալգըլըճեանը: Իր քարոզին մէջ ան ըսաւ, որ անձ մը կը մեծնայ, երբ իր կեանքը կը զարդարէ եւ կը ծառայեցնէ մարդկութեան համար: Անձ մը կը մեծնայ, երբ իր շահերը մէկդի թողած` ուրիշին օգուտը կը մտածէ ու կը տագնապի զայն վերականգնելու համար: Մարդ կը մեծնայ խոնարհութեամբ, Քրիստոս այդ մէկը սորվեցուց մեզի:

Ապա հայր սուրբը խօսեցաւ ծառայութեան մասին եւ մատնանշեց, որ ծառայութիւնը մարդկային վարք ու փառք է: Ծառան տիրոջմէ մեծ չէ, այլ երկուքը հաւասար են, կ՛ըսէ Քրիստոս: Մեր ծառայական գործերն են, որոնք կը մնան ու կը յիշատակուին, մեր սիրոյ կրակն է, որ մեզ կը յաւերժացնէ, մեզ կեանքէն տանող սէրը կը կամրջէ, մեր անձերը եւ մեզ անթառամ կը պահէ: Ապա ան անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի հիմնադիրներու, բարերարներու եւ անդամուհիներու հոգեհանգստեան յիշատակումին եւ ըսաւ, որ անիկա կ՛ընդգրկէ իրենց անձնուրաց աշխատանքը, զոհողութիւնը եւ սէրը` իրենց նմանին նկատմամբ, այլապէս անոնք դէմքեր չէին դառնար: Անոնք դէմք դարձան իրենց գործունէութեամբ: Իրենց գործունէութիւնը լիբանանահայ համայնքի պատմութեան լուսարձակի տակ չէր առնուեր, եթէ ծառայութիւն, սէր եւ անձնազոհութիւն գոյութիւն չունենար իրենց հոգիներուն մէջ: Եթէ այս առաքինութիւնները մարդու հոգիին մէջ բացակայ են, պարզապէս հոգիի յիշատակում կը մնայ այսօրուան կատարուածը:

Վիգէն վրդ. Տալգըլըճեանը ըսաւ նաեւ, որ ԼՕԽ-ի համար վաստկած անձեր իրենց հանգիստը գտան Աստուծոյ մօտ, եւ հոգիի հանգստութիւնն է, որ կատարուեցաւ հոգեհանգիստի ճամբով: Լիբանանահայ օգնութեան խաչի անուանումը պատահականօրէն չէ անուանուած հիմնադիրներուն կողմէ, այլ անոնք քաջ գիտէին, որ Քրիստոսի խաչը օգնութեան միակ միջոցն էր, եւ անոնք դաւանած են Քրիստոսի խաչը` իբրեւ յաղթութեան եւ յարութեան փարոս: Խաչը միշտ ու միշտ օգնութեան կարիք ունեցողներուն համար մխիթարութիւն է. Քրիստոսէ առաջ` մահուան խորհրդանիշ, բայց Քրիստոսի արեան հեղումով եւ յարութեան յաղթանակով դարձաւ մխիթարութեան, զօրութեան եւ յոյսի սիւնը: Այս տեսլականով ԼՕԽ-ի հիմնադիրներ, բարերարներ եւ անդամուհիներ իրենց առաքելութեան սկզբնակէտը դարձուցին եւ հայ ժողովուրդին օգնութեան հասան, մինչ անոնք գաղթած էին եւ` Ցեղասպանութենէն մազապուրծ ազատած ու հասած Լիբանան: Հայր սուրբը մէջբերեց Քրիստոսի խօսքը, որ` «Ճշմարիտ եղբայրներս անոնք են, որոնք մերկը կը հագցնեն, անօթին կը կերակրեն, ծարաւը կը յագեցնեն եւ անտէր մարդոց տէր կը դառնան»: ԼՕԽ-ի հսկաները իրենց փառքը չէր, որ փնտռեցին, այլ` Աստուծոյ փառքը: Անոնք իրենց անձնական մեծութիւնը չէր, որ ստեղծեցին, այլ Քրիստոսի հետ ճշմարիտ եղբայրութիւնը եւ Աստուծոյ հետ հայր ու որդի յարաբերութիւնն է, որ կերտեցին:

Իր քարոզին աւարտին ան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ իրենց հոգիները լոյս խորաններուն մէջ հանգչեցնէ, եւ մենք անոնց օրինակը տիպար ունենանք մեր դիմաց` նոյն առաքելութիւնը շարունակելու եւ աւելի պայծառակերպելու իրենց յիշատակն ու հոգին:

Հոգեհանգիստէն ետք ներկաները համախմբուեցան Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ «Աթայեան» սրահին մէջ, ուր հոգեճաշ մատուցուեցաւ:

Նախորդը

Ապրիլեան Նահատակներու Ոգեկոչում Այնճարի Մէջ

Յաջորդը

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Դաստիարակչական Յանձնախումբին. Ապրիլեան Նահատակներու Ոգեկոչում

RelatedPosts

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.