
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խմբապետութիւնը կազմակերպած էր դաստիարակչական ու հաճելի յայտագիր մը` յատուկ մոկլի ճիւղի «Փարքուր տէ Սավէօր» ագարակի այցելութիւնը, Քֆարշիմա, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 18 յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-7:00:
Մոկլի ճիւղի ագարակի այցելութեան մասնակցեցան ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի եւ Ժտէյտիի մասնաճիւղերու 75 մոկլիներ, մոկլի վոհմակներու խմբապետական կազմերը, ինչպէս նաեւ ներկայ էին Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու կարգ մը մասնաճիւղերու սկաուտական խորհուրդները:
Յայտագիրի ընթացքին մոկլիները բաժնուեցան խմբակներու եւ այցելեցին ագարակի զանազան բաժանմունքները` հաւնոցն ու ագարակը, բանջարանոցն ու անասուններու պարտէզը եւ ճաշարանը` իւրաքանչիւր բաժանմունքի մէջ կատարելով գործնական աշխատանքներ:
Անոնք, խմբակներու հերթով, այցելեցին ագարակի հաւնոցը եւ ծանօթացան զանազան տեսակի հաւազգիներու (հաւերու, հնդկահաւերու, սիրամարգերու…), բադիկներու եւ սագերու: Անոնք նոյնիսկ մտան հաւնոց եւ պատասխանատուին ցուցմունքներով հաւերու բոյնէն հաւկիթները հաւաքեցին եւ զետեղեցին յատուկ սակառներու մէջ: Ապա մոկլիները ծանօթացան ագարակի` կովերուն, հորթուկներուն, ոչխարներուն, այծերուն ու ուլիկներուն, առիթ ունեցան կթելու կթան այծը: Ագարակի անասուններուն ծանօթանալով` անոնք տեղեկացան նապաստակներու, ձիերու մասին, ինչպէս նաեւ` ագարակի «թշնամի» անասուններէն` աղուէսին եւ շնագայլին մասին, որմէ ետք բոլորը առիթ ունեցան փոնի-ներուն վրայ նստելու ու պտտելու:

Պարտէզին մէջ մոկլիները ծանօթացան ագարակին մէջ ցանուած տարբեր բանջարեղէններուն (ինչպէս` լոլիկ, վարունգ, ազատքեղ) զանազան պտուղներու (օրինակ` կիտրոնի, նարինջի եւ փոմելոյի, թթենիի): Այս փուլի աւարտին բոլոր մոկլիները սորվեցան ցանել ու հոգ տանիլ բոյսերու, իւրաքանչիւրը պատրաստեց իր թաղարը ու ցանեց իր արեւածաղիկը:
Անոնք նաեւ շրջեցան ագարակին անասուններու յատուկ պարտէզին մէջ եւ ծանօթացան տարբեր անասուններու, ինչպէս` եղնիկներու, ոզնիներու, կապիկներու զանազան թռչուններու, թութակներու եւ ձուկերու:
Վերջին բաժնով մոկլիները այցելեցին ագարակին ճաշարանը, համտեսեցին պարտէզէն քաղուած բանջարեղէնները (լոլիկն ու վարունգը), ագարակի արտադրութիւններէն պատրաստուած` փոքր հացիկները (ծոթրինն ու քամած մածունը) ու խմեցին կիտրոնի եւ թութի օշարակները:
Այցելութեան աւարտին շատ ուրախ մոկլիները վերադարձան իրենց տուները` ոչ միայն հետերնին տանելով իրենց իսկ ցանած արեւածաղիկները, այլ նաեւ` նոր ամբարած գիտելիքներն ու նոր փորձառութիւնները:


