Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գայլիկ Եւ Արծուիկ Ճիւղերու Բազմաբնոյթ Խաղեր

June 25, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

kaylig-(1)_61916

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խմբապետութիւնը կազմակերպած էր գայլիկ եւ արծուիկ ճիւղերու յատուկ բազմաբնոյթ խաղերը, կիրակի, 19 յունիսին Պէյրութի Նշան Փալանճեան կեդրոնի բակին մէջ:

Այս յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին  Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի, Ժտէյտիի եւ Ռաուտայի մասնաճիւղերու` 6-8 տարիք ամբողջացնող աւելի քան 110 գայլիկ-արծուիկներ, ինչպէս նաեւ` վոհմակ-երամներու խմբապետական կազմերը:

Բազմաբնոյթ խաղերուն նպատակն էր ստեղծել ընկերային մթնոլորտ մը` համախմբելով ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքի փոքր տարիքի տարբեր մասնաճիւղերու գայլիկներն ու արծուիկները եւ անոնց տալ զանազան գիտելիքներ, զարգացնել անոնց սկաուտական, ազգային, գիտական եւ տարբեր գիտելիքները, ինչպէս նաեւ մտային ու մարզական կարողութիւնները` հաճելի խաղերու միջոցով:

kaylig-(2)_61916

Առաւօտեան ժամը 8:30-էն խանդավառ գայլիկներն ու արծուիկները շրջեցան Պէյրութի Նշան Փալանճեան կեդրոնի բակէն ներս` զանազան բնոյթի 12 կանգառներով, գիտական տեսութիւններու զանազան փորձերու միջոցով ծանօթացան ազգային ու սկաուտական գիտելիքներու, առողջապահական ուտելու կարեւորութեան, վերամշակելու կարեւորութեան` պատրաստելով ձեռայիններ, ճարտարագիտութեան, գոյներու երանգներուն, երաժշտութեան ու մարզական եւ մտային խաղերու:

Յայտագրին ներկայ էին Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչն ու Շրջանային սկաուտական խորհուրդը, ինչպէս նաեւ կարգ մը մասնաճիւղերու սկաուտական խորհուրդները:

Յայտագրի ընթացքին գայլիկներն ու արծուիկները միասին դադար մը առին ու Նշան Փալանճեան կեդրոնի  պարտէզին մէջ հաւաքուեցան, ճաշեցին ու խմբային նկար առին: Իսկ աւարտին բոլորը շատ ուրախ եւ հաճելի յիշատակներով վերադարձան իրենց ակումբները:

Նախորդը

ՊՕՂՈՍ Գ. Կարմիրեան Վարժարանի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յաջորդը

Մոկլի Ճիւղի «Փարքուր Տէ Սավէօր» Ագարակի Այցելութիւն

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.