Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երախտագիտական Այցելութիւն Բարերար Բիւզանդ Գէորգեանի

Յունիս 20, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_1102

Իննսունհինգ տարիներու պատմութիւն ունեցող «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը իր բժշկական, ընկերային եւ համայնքային ծառայութիւններու ընդմէջէն յաջողած է լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներու կեանքերուն մէջ արմատական փոփոխութիւններ արձանագրել եւ հոն դրոշմել աստուածային սէրն ու ողորմածութիւնը:

Սակայն մարդասիրական եւ ընկերային ծառայութիւնները առաւել եւս կը դրսեւորուին, կ՛արժեւորուին եւ ծառայութեան աշխատանքը կը դառնայ համազգային, երբ մեր ազգի մէջ գտնուող կարգ մը անհատներ, որոնք անցնելով կեանքի դաժան պայմաններու ընդմէջէն, ճաշակելով  տառապանք, անօթութիւն, զրկանք` իրենց անդուլ աշխատանքով ու ճակտի արդար վաստակով կը հասնին բարեկեցիկ կեանքի հանգստաւէտ պայմաններուն եւ քաջալերուած մարդասիրական առաքելութեան գաղափարէն` կ՛որդեգրեն մարդասիրական ծառայութիւնը, կը գործեն լուռ, առանց փոխադարձ ակնկալութեան եւ կը գոհանան կարիքաւորին ժպիտով եւ օրհնութեան խօսքերով:

Այս օրինակելի փաղանգի հազուագիւտ անձերէն մէկն է Բիւզանդ Գէորգեանը, որ ազգային-ընկերային կեանքին մէջ երկար տարիներ իր ներդրումը ունենալէ ետք, վերջին տարիներուն գեղեցիկ գաղափարը կը յղանայ ամսական դրութեամբ հարիւր հայ կարիքաւոր ընտանիքներու հայթայթել 100 հազար լ. ո. արժողութեամբ ուտեստեղէնի նպաստ, որպէսզի ամենակարիքաւոր ընտանիքներն անգամ առօրեայ կենսական սնունդէն զուրկ չմնան. եւ այսպէս, 2014 թուականի փետրուար ամիսէն սկսեալ «Գարակէօզեան» հաստատութենէն 20-25 ընտանիքներ ամսական դրութեամբ կ՛օգտուին այս նպաստէն:

Բիւզանդ Գէորգեան իր այս աստուածահաճոյ առաքելութեամբ, ոչ միայն նեցուկ կանգնեցաւ կարիքաւոր ընտանիքներու այլեւ  ընկերային գործիչներու համար եղաւ մղիչ ուժը, որպէսզի առաւել եւս զօրանան իրենց առաքելութեան մէջ:

Ծառայութիւնը առաքելութիւն է, որուն վարձատրութիւնը Աստուծոյ ողորմածութիւնն ու օրհնութիւնն է. սակայն «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէնութիւնը իր սրտի պարտքը զգաց շնորհակալութիւն յայտնելու եւ ըստ պատշաճի գնահատելու անոր մատուցած այս սրբազան ծառայութիւնը:

Այս նպատակով, ուրբաթ, 10 յունիս 2016-ին հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, ընկերային ծառայող Քրիստին Սարգիսեան եւ գործի հայթայթման գրասենեակի պատասխանատու Ժանին Մարգարեան պաշտօնական այցելութեամբ տեսակցութիւն ունեցան Բիւզանդ Գէորգեանին հետ եւ զայն պատուեցին «Գարակէօզեան» հաստատութեան 90-ամեակի յուշանուէրով:

10 յունիս 2016
Պէյրութ

 

Նախորդը

Իւրօրինակ Քննութիւն

Յաջորդը

Ներկայիս Անցեալը Եւ Անցեալի Ներկան Մեր Օրերուն Մէջ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?