Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

June 24, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

A-K-(29)_61516A-K-(5)_615162015-2016 կրթական տարեշրջանի աւարտին Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը ժողովուրդին ներկայացաւ ամավերջի հանդէսով եւ վկայականաց բաշխումով, որ տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 15 յունիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ վարժարանի բարերարին կնոջ եւ դուստրին, պատկան մարմիններու եւ ծնողներու:

Հանդէսին թեման հայոց դիւցազներգութեան հերոս Սասունցի Դաւիթն էր: Աւարտական կարգի աշակերտները թատերական ներկայացումով պատմեցին Սասունցի Դաւիթին հերոսութեան, անկորնչելի կամքին եւ պայքարունակ ոգիին մասին` ընդդէմ թշնամիին: Բեմայարդարումը, որ կը պատկերէր հայրենի հողը եւ Մսրայ հողը լաւապէս կը բնորոշէր օրուան թեման: Թատրոնը եւ պարերը իրարու օղակուած էին: Մանկապարտէզի աշակերտները յաջորդաբար ներկայացուցին հրեշտակներու, ջահերու, եգիպտական եւ զինուորներու պարերը: Զ.  դասարանը ներկայացուց յաղթանակի պարը: Մանկապարտէզի դողդոջուն աշակերտները երգեցին «Զինուորիկն եմ» եւ «Ղարաբաղի բալիկն եմ» երգերը, իսկ նախակրթարանի երգչախումբը երգեց «Արփա- Սեւան», «Ազատ Հայաստան» եւ «Գետաշէն» խմբերգները:

Վարժարանի տնօրէն Արեգնազ Աղասարգիսեան  արտասանեց տնօրէնութեան խօսքը: Ան արժեւորելէ ետք աշակերտներուն գեղեցիկ կատարումները` անդրադարձաւ օրուան թեմային` Սասունցի Դաւիթին: Ան ըսաւ, որ Սասունցի Դաւիթներ, ոչ թէ միայն վրէժ կը լուծեն թշնամիէն, այլ կը պաշտպանեն հայրենիքը, որպէսզի խաղաղ ապրի հայը իր հողին վրայ: Ապա Ա. Աղասարգիսեան յայտնեց, որ զուգահեռներ կը տեսնուի Սասունցի Դաւիթի եւ ներկայիս հայրենիքի ու Արցախի սահմանին վրայ հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրուած եւ ծառայող զինուորին հոգեվիճակին մէջ: Ասոնք ցոյց կու տան, որ պատմութեան ընթացքին ամէն ժամանակաշրջաններուն հայ ժողովուրդը կրնայ նոր Դաւիթներ եւ հերոսներ ծնիլ, որոնք պիտի պաշտպանեն իրենց ընտանիքը, դպրոցը, ազգը, գաղութն ու հայրենիքը եւ թոյլ պիտի չտան, որ Մսրայ Մելիքներ կողոպտեն եւ կոտորեն մեզ:

Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր, Ուսումնական խորհուրդին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղականութեան, բարերարներուն եւ միութիւններուն, որոնք իրենց բարոյական եւ նիւթական ներդրումով անցնող տարեշրջանին ընթացքին սատարեցին վարժարանին: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն, որոնք խորապէս գիտակցելով իրենց ստանձնած պարտականութեան` ծառայեցին նուիրումով եւ հաւատքով:

Ծաղիկ եւ վեցերորդ կարգերու վկայեալները բեմ բարձրանալէ ետք շրջանաւարտներուն անունով ուղերձ կարդաց վեցերորդ դասարանի աշակերտ Հուրի Օհանեան: Ան ըսաւ, որ Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի մէջ ստացան հայեցի դաստիարակութիւն եւ կրթութիւն: Իր եւ դասընկերներուն անունով երախտագիտութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչաց կազմին եւ տնօրէնութեան եւ խոստացաւ բարձր պահել վարժարանին անունը եւ փայլուն արդիւնքներով քալել դէպի ապագայ:

Ապա տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխումը, որուն ընթացքին վարժարանի տնօրէնը յայտարարեց, որ 2016-2017 տարեշրջանին «Աքսոր Գասարճեան կրթական ֆոնտ»-ին կ՛արժանանայ Հուրի Օհանեան:

Օրհնութեան խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան հանդէսը նկատեց ուրախութեան առիթ` ի տես հունձքին: Ան ըսաւ, որ մենք վստահութեամբ կը նայինք հայ վարժարանին, որ իր աշխատանքով կը շարունակէ ոռոգել հայ ազգի ածուն: Ան մաղթեց, որ այս ածուն ըլլայ արգասաբեր, որովհետեւ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ կարիքը կայ հայ վարժարանի աջակցութեան եւ անոր բարիքներով կրնայ ինքզինք նորոգել եւ ամուր հիմերու վրայ պահել: Այս ձեւով մենք ապագային կրնանք նայիլ աւելի մեծ վստահութեամբ եւ յարատեւել` համաձայն մեր ժողովուրդի իտէալներուն:

Սրբազան հայրը շնորհաւորեց բոլոր անոնք, որոնք Ազգային Աքսոր Գասարճեանի յարատեւութեան համար ըրին այն, ինչ որ հարկաւոր էր, նուիրաբերելու գիտակցութեամբ, որպէսզի հայ վարժարանը ի խնդիր մեր ամրութեան ըլլայ կանգուն: Ան ըսաւ, որ վարժարանները կ՛ուզենք տեսնել աւելի բարօր պայմաններու մէջ եւ պիտի հասնինք ցանկալի այդ իրավիճակին: Շահէ եպս. Փանոսեան  մաղթեց, որ ծնողները պայծառ գիտակցութեամբ իրենց զաւակներու կրթութեան գործը վստահին հայ վարժարանին: Իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ մնան հայ վարժարանին բարեկամը: Հայ դպրոցը շրջանաւարտներուն մէջ կը տեսնէ իր իտէալներուն շարունակութիւնը:

2015-2016 տարեշրջանի մանկապարտէզի հունձքը.
Սարին Ունանեան, Վերժինի Ղազարեան, Էլիաս Մաթթա, Միրէյ Պիթար, Աննա Մարիա Խաժի, Արման Ղազարեան, Լիւսի Ներսէսեան, Սագօ Տէր Պօղոսեան, Խաչիկ Փալասեան, Նաթալի Գէորգ:

2015-2016 տարեշրջանի նախակրթարանի հունձքը.
Ռիթա Գլաֆեան, Ալինա Արսլանեան, Մակի Տեկիրմենճեան, Հուրի Օհանեան, Էլիսա Սաֆատի, Խաչիկ Գազանճեան, Ճօուի Պուլետ, Յովսէփ Ղալունճեան, Սագօ Թաթարեան, Սերժ Սանոսեան:

Նախորդը

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Մանկապարտէզի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յաջորդը

Թրքական Կատակերգութիւն. Կիներ… Նամակ… Ֆութպոլ… Բամբասանք…

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.