Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումի (ՀՀՀ) պատուիրակութիւնը հինգշաբթի, 23 յունիս 2016-ին այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին:
Շուրջ ժամ մը տեւած այս հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան գաղութին առնչուող զանազան հարցեր` ազգային, կրթական եւ յարակից մարզերէն ներս, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Պուրճ Համուտի հայկական դիմագիծի վերաշխուժացման անհրաժեշտութեան:
Հանդիպումը նաեւ առիթ մը եղաւ խորհրդակցելու Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումի գործունէութեան, ծրագիրներուն եւ նպատակներուն շուրջ:
Այս առթիւ առաջնորդ սրբազան հայրը շեշտեց ազգային աշխարհայեացքի վերանայման ու զարգացման անհրաժեշտութիւնը` միաժամանակ կառչած մնալով աւանդական մեր բարքերուն եւ սովորութիւններուն, յատկապէս` գաղութէն ներս փոխուող պայմաններու լոյսին տակ: