Գաղութային

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Ամավերջի Հանդէս Եւ Տնօրէնութեան Պաշտօնի Փոխանցում

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Ամավերջի Հանդէս Եւ Տնօրէնութեան Պաշտօնի Փոխանցում

1 յուլիս 2017-ին Հայ Աւետարանական քոլեճը տօնական տրամադրութեամբ հայ ազգին ու Լիբանանին պարգեւեց իր 89-րդ հունձքը: Ժամը 8:00-ին, կրթական եւ հոգեւոր պատասխանատուներու, ծնողաց եւ հիւրերու ծափողջոյններուն ընկերակցութեամբ, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ շրջափակ հանդիսաւոր մուտք գործեցին երկրորդականի 9 շրջանաւարտներն ու նախակրթարանի 7 ընթացաւարտները եւ դպրոցի ուսուցչական կազմը, տնօրէնն ու փոխտնօրէնը, եկեղեցւոյ հովիւն ու հոգեւոր տեսուչը եւ բանախօսը: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու...

Օտար Ուխտաւորներ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ

Օտար Ուխտաւորներ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ

Շաբաթ, 8 յուլիս 2017-ի առաւօտեան շուրջ 150 օտար ուխտաւորներ այցելեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանք: Ուխտաւորները դիմաւորեց եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մասին բացատրութիւններ տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբան հայրերէն Թաթուլ աբղ. Գարտանաքեանը: Ուխտաւորներ շրջեցան վանքին զանազան բաժանմունքները եւ ապա ստացան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը:

Լիբանանի Համախարբերդցիական Միութիւն.  Գնահատանքի Յատուկ Երեկոյ

Լիբանանի Համախարբերդցիական Միութիւն. Գնահատանքի Յատուկ Երեկոյ

Հինգշաբթի, 22 յունիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի «Պատկեր» գեղարուեստի կեդրոնին մէջ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ դեսպանատան մշակութային կցորդ Վլատիմիր Պօղոսեանի ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ հայոց բանակի գնահատանքի երեկոյ: Արդարեւ, Համախարբերդի հայրենակցական միութեան պատանիներու տաղանդներով պատրաստուած երկու պաստառները եւ հայ զինուորին ուղղուած նամակ-մաղթանքները յանձնուեցան դեսպանին եւ հայոց բանակին: Հիւրերու կողքին ներկայ էին «Ակունք...

Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Կրթական Վերջին Բերքը` 30 Շրջանաւարտներ

Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Կրթական Վերջին Բերքը` 30 Շրջանաւարտներ

Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը 2016-2017 տարեշրջանի կրթական իր վերջին բերքը լիբանանահայութեան ներկայացուց երեքշաբթի, 4 յուլիս 2017-ի երեկոյեան, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ կազմակերպուած հանդէսով մը: «Կար ու չկար» հեքիաթին ընդմէջէն հանդէսին վկայեալ սերունդը ներկայացուց քոլեճին 53 տարուան պատմութիւնը` հիմնադրութենէն մինչեւ կրթական ծաղկուն գործունէութիւն եւ Ազգային Միացեալ վարժարան փոխանցման հանգրուան: Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցող աշակերտները տեսերիզով, թատերական պատկերով, մենախօսութեամբ,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Միջեկեղեցական Շարժումին Մասին Դասախօսեց Համալսարանական Աշակերտներու

Արամ Ա. Կաթողիկոս Միջեկեղեցական Շարժումին Մասին Դասախօսեց Համալսարանական Աշակերտներու

Երեքշաբթի, 4 յուլիս 2017-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս միջեկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ կացութեան մասին դասախօսութիւն մը տուաւ` շեշտելով համաքրիստոնէական այս շարժումին կարեւորութիւնը, ներկայացնելով անոր դիմագրաւած ներկայ խնդիրներն ու մարտահրաւէրները: Վեհափառ հայրապետը միաժամանակ իր մտահոգութիւնը յայտնեց, որ եկեղեցիներ սկսած են անտարբերութիւն ցոյց տալ ներկայ աշխարհը տագնապեցնող հարցերուն եւ միջքրիստոնէական այս շարժումին նկատմամբ: Համալսարանական...

Մարիանա Պերթիզլեանի Գիրքերը Գինիով Օծուեցան

Մարիանա Պերթիզլեանի Գիրքերը Գինիով Օծուեցան

ՍԵՒԱՆ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆ Հալէպ իր ճգնաժամային օրերուն իսկ կազմակերպեց ձեռնարկներ, բեմականացուց գեղարուեստական ճոխ յայտագիրներ, յոբելենական հանդիսութիւններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր համն ու հոտը ունէր, այնպէս` ինչպէս հինգշաբթի, 22 յունիս 2017-ի երեկոյեան, «Լ. Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցած Մարիանա Պերթիզլեան-Ղազարեանի «Բողբոջող անմոռուկներ» եւ «Ձա՛յն տո՛ւր, ծա՛ռ» գիրքերուն շնորհահանդէսն էր: Ձեռնարկը կը վայելէր Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի հովանաւորութիւնը եւ կազմակերպուած էր...

Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլեճի Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզի Հանդէս

Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլեճի Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզի Հանդէս

Ուրբաթ, 2 յունիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահի գեղեցկօրէն յարդարուած բեմը, հրաւիրատոմսն ու յայտագիրը կը յուշէին, որ հանդէսի կեդրոնական նիւթը ամառնային արձակուրդն էր` հերոսական Արցախի մէջ: Կոկոն դասարանի աշակերտները հանդէսի բացումը կատարեցին Լիբանանի, Հայաստանի ու քոլեճի քայլերգներով, իսկ Ծաղիկ դասարանէն երեք աշակերտներ կատարեցին բացման խօսքը: Գոյնզգոյն տարազներով բեմ բարձրացան մանկամսուրի մանուկները` ուրախութեամբ լեցնելով իրենց ծնողներուն ու հարազատներուն սրտերը:...

Թրիփոլիի Ազգային  Նուպարեան-Խրիմեան Միջնակարգ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը

Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան Միջնակարգ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը

Սովորութենէ մը աւելի, գեղեցիկ աւանդութիւն դարձած Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան միջնակարգ վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 15 յունիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Հայ վարժարանը, հայ լեզուն ու հայ գիրը սիրողներ ուրախութեամբ փութացած էին ներկայ գտնուելու տարեշրջանի այս եզակի հանդիսութեան: Լիբանանեան եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, արաբերէն լեզուով հակիրճ բացման...

Հայ Աւետ. Փ. Եւ Է. Թորոսեան Միջնակարգ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսներ

Հայ Աւետ. Փ. Եւ Է. Թորոսեան Միջնակարգ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսներ

Ուրբաթ, 9 յունիսին Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան միջնակարգ վարժարանի մանկապարտէզի, իսկ ուրբաթ, 16 յունիսին նախակրթարանի եւ միջնակարգի վկայականներու բաշխման օրերն էին: Զոյգ հանդէսներն ալ սկսան զոյգ քայլերգներով ու աւարտեցան հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցիի հովիւ պատ. Սեւակ Թրաշեանի օրհնութեան աղօթքով: Մանկապարտէզի հանդէսը ճոխ էր մանկական երգերով ու պարերով,  նաեւ` արաբերէն զաժալով մը (զոր Ծաղիկ դասարանի աշակերտները կատարեցին շատ յստակ...

Բացուեցաւ «Թրբանճեան Ընծայարան»-ի Հիմնանորոգուած Մասնաշէնքը

Բացուեցաւ «Թրբանճեան Ընծայարան»-ի Հիմնանորոգուած Մասնաշէնքը

19 յունիսին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Հառիճի վանքին մէջ գործող «Թրբանճեան ընծայարան»-ի հիմնանորոգուած մասնաշէնքի բացման արարողութիւնը: Հառիճի ընծայարան այցելութիւնը սկսաւ յուշատախտակի բացումով, որմէ ետք պատմական վանքի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ վեհափառ հայրապետի գլխաւորութեամբ մատուցուեցաւ գոհաբանական աղօթք: Տաճար գտնուող ներկաները ողջունեց Արթիկի թեմի առաջնորդի տեղակալը` ուրախութիւն յայտնելով, որ կեանքի կոչուած է հայոց հայրապետի երբեմնի տեսիլքը եւ բարերարներու...

Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Վարժարանի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Վարժարանի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի 2016-2017 տարեշրջանի եզրափակման եւ վկայականաց բաշխման մանկապարտէզի հանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 17 յունիսի երեկոյեան, վարժարանի շրջափակին մէջ: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք վարժարանի վարիչ մանկապարտիզպան Լենա Սթամպուլեան հանդէս եկաւ բացման խօսքով ու ողջունելէ ետք ներկաները, հաստատեց, որ վարժարանը բարձր պահող ու հարստացնող օղակը` տնօրէնութիւն, խնամակալութիւն, ուսուցչական կազմ եւ ծնողներ, ճիգ չխնայեցին քաջալերելու, համբերելու եւ նեցուկ կանգնելու այս դարբնոցին`...

Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի Մանկապարտէզի Հանդէս

Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի Մանկապարտէզի Հանդէս

Շաբաթ, 10 յունիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հետուիկ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի մանկապարտէզի բաժնին հանդէսը: Ներկայ էին հոգեւոր հայրեր, մարմիններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ խուռներամ բազմութիւն մը: Բացման խօսքը կատարեց մանկապարտիզպանուհի Նաթալի Քենտիրճեանը, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ հայ վարժարանին շնորհիւ է միայն, որ կրնանք վառ պահել պահանջատիրական մեր ոգին, եւ թէ Այնճարը ամրոցն է հայկականութեան`...

Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէսները 2016-2017

Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէսները 2016-2017

Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսը, դպրոցական գեղեցիկ աւանդութիւն մը ըլլալէ աւելի, վկայութիւն է վարժարանին 95-ամեայ ծառայութեան եւ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու 170 տարիներու անսակարկ նուիրումին` նորահաս սերունդներուն ո՛չ միայն լաւագոյն ուսումնառութեան, այլեւ մանաւանդ անոնց հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութեան ջամբման իմաստով: Այս դաստիարակութիւնը հայ քոյրերուն առաքելութեան առաջնահերթ նպատակը ըլլալուն իրողութիւնը կ՛արտացոլայ վարժարանի ամէնէն փոքրերու ելոյթներուն ընդմէջէն: Մանկապարտէզի Բողբոջ եւ Կոկոն...

Ս. Խաչ-Հարպոյեանը 29 Ծաղիկներ Կը Քաղէ  Իր Բերքահաւաքի Հանդէսով

Ս. Խաչ-Հարպոյեանը 29 Ծաղիկներ Կը Քաղէ Իր Բերքահաւաքի Հանդէսով

Շաբաթ, 17 յունիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսը` ներկայութեամբ Գէորգ եպս. Խազումեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Աշոտ Վարդանեանի, Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչներ Մարինէ Յարութիւնեանի եւ Ժենիա Կիւլպէնկեանի, ծնողներու, հարազատներու եւ բարեկամներու: Հանդէսը սկիզբ առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս....

Ազային Ռուբինեան Վարժարանի  2016-2017  Ուսումնական  Տարեշրջանի         Մանկապարտէզի Վկայականաց                    Բաշխման Հանդէսը

Ազային Ռուբինեան Վարժարանի 2016-2017 Ուսումնական Տարեշրջանի Մանկապարտէզի Վկայականաց Բաշխման Հանդէսը

Ուրբաթ, 16  յունիս 2017-ի երեկոյան ժամը 5:00-ին Ազգային Ռուբինեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը: Հանդէսի նիւթն էր մաշտոցեան հայոց լեզուն: Բեմի յետնամասին զետեղուած էր հայոց լեզուի  զօրութիւնը խորհրդանշող գծապատկեր մը, որ գործն  էր վարժարանի նկարչութեան ուսուցչուհի Ամալիա Երամեանին նկարին մէջ պատկերուած էին` Արարատ լեռը, Ազգային Ռուբինեան վարժարանի անունը, մայրենի բնութիւնը, հայոց առաջին ուսուցիչ Մեսրոպ Մաշտոցը, հայոց տառերը...

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարանի 85-ամեակի Հունձքը

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարանի 85-ամեակի Հունձքը

Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ հայ դպրոցին վերապահուած է կեդրոնական դեր հայեցի կրթութեան, հայապահպանման բնագաւառներուն մէջ: Ջարդէն ճողոպրած մեր պապերուն առաջին գործը եղաւ եկեղեցիներու կողքին դպրոցներ կառուցել` հայ ժողովուրդի գոյատեւման տեսլականը ի մտի ունենալով: Այս առումով հայկական վարժարանները եւ ի մասնաւորի Նոր Սիսի Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը 85 տարիներ շարունակ սերունդներ կոփեց ու դաստիարակեց` հայ ժողովուրդին պարգեւելով արժանընտիր զաւակներ: Ուրբաթ, 16 յունիս...

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Մանկապարտէզի Հանդէս

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Մանկապարտէզի Հանդէս

Հայ աւետարանական քոլեճի 2016-2017 տարեշրջանի մանկապարտէզի հանդէսն ու Ծաղիկ դասարանի վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցան ուրբաթ, 16 յունիս 2017-ին, Հայ աւետ. Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Հանդէսի բնաբանը` «Մենք մանուկներ ենք աշխարհի», կ՛արտացոլար ընտրուած պարերուն, երգերուն եւ արտասանութիւններուն ընդմէջէն, որոնք ներկայացուեցան Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու մանուկներուն կողմէ, մերթ` համարձակ, մերթ` ամօթխած արտայայտութիւններով: Որքա՜ն գեղեցիկ է տեսնել մեր մանուկները, որոնք գունագեղ...

Համազգային Թատրոնի Հիւրախաղերն Արցախում Եւ Սահմանամերձ Շրջաններում

Համազգային Թատրոնի Հիւրախաղերն Արցախում Եւ Սահմանամերձ Շրջաններում

2016-17 թթ. թատերաշրջանը «Սօս Սարգսեանի անուան համազգային թատրոն»-ի 25-րդ թատերաշրջանն է: Այն նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին թատրոնն է: Թատրոնն իր մի շարք նպատակների կողքին ունի նաեւ հայ ժողովրդին թատերարուեստի միջոցով «ծառայելու» փիլիսոփայութիւնը: Որեւէ ժողովրդի ձեւաւորման, կայացման գործընթացում թատրոնի դերը անժխտելի է: Հէնց այս համատեքստում թատրոնի հիմնադիր Սօս Սարգսեանը սիրում էր կրկնել. «... շատ ներկայացումներ խաղացէք ժողովրդի առաջ, սովորեցրէք նրանց: Կարեւոր...

Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Երկրորդական Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսները

Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Երկրորդական Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսները

Հինգշաբթի, 8 յունիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7.00-ին Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի «Հասէսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դպրոցի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը: Հանդէսի թեման էր Նոյեան տապանը: Բեմը զարդարուած էր շատ գեղեցիկ հսկայ տապանով մը, ուր նաեւ կը գտնուէին զոյգ-զոյգ ամէն տեսակի կենդանիներու նկարներ: Ծաղիկ դասարանի աշակերտները շատ յստակ եւ ինքնավստահ կերպով ներկայացուցին Նոյին շինած տապանին պատմութիւնը, որմէ ետք մանկապարտիզպան Զեփիւռ...

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Ուրբաթ, 9 յունիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու: Մանկապարտէզի Կապոյտ եւ Կանաչ դասարաններու փոքրիկները իրենց պարերով, երգերով ու արտասանութիւններով ելոյթ ունեցան եւ ներկայացուցին «Կախարդական լաւաշը» խորագրուած հանդէսը: Բեմին իւրայատուկ յարդարումով, բծախնդրութեամբ...

Page 33 of 68 1 32 33 34 68

Արխիւներ