Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգ. Ե. Մանուկեան Քոլեճի Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզի Հանդէս

Յուլիս 10, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 2 յունիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Սիրան Մանուկեան» հանդիսասրահի գեղեցկօրէն յարդարուած բեմը, հրաւիրատոմսն ու յայտագիրը կը յուշէին, որ հանդէսի կեդրոնական նիւթը ամառնային արձակուրդն էր` հերոսական Արցախի մէջ:

Կոկոն դասարանի աշակերտները հանդէսի բացումը կատարեցին Լիբանանի, Հայաստանի ու քոլեճի քայլերգներով, իսկ Ծաղիկ դասարանէն երեք աշակերտներ կատարեցին բացման խօսքը:

Գոյնզգոյն տարազներով բեմ բարձրացան մանկամսուրի մանուկները` ուրախութեամբ լեցնելով իրենց ծնողներուն ու հարազատներուն սրտերը: Անոնք իրենց բեմական առաջին փորձառութիւնը ապրեցան` մերթ բեմէն իրենց ծնողները փնտռելով, մերթ պարելով:

Ապա Ծաղիկ դասարանի աշակերտները յաջորդաբար  ներկայացուցին  թատրոնը, զինուորական տարազներով հանդէս եկան «Հայեր, միացէ՛ք»  պարով, ապա պարեցին  «Նազան իմ եարը» երգի կշռոյթով: Յաջորդաբար, կոկոնները ներկայացուցին վարդերու եւ զատկաճճիներու պարը, իսկ բողբոջները` թռչուններու, մեղուներու եւ թիթեռնիկներու պարերը, մինչ Ծաղիկ դասարանի աշակերտները մէջընդմէջ  հանդէս  եկան թատերական  պատկերներով, եւ պարերու յատկացուած գեղարուեստական բաժինը փակեցին հայկական պարով:

Իւրայատուկ էին Ծաղիկ դասարաններու ներկայացուցած զոյգ չափական նուագները: Առաջինը ձեռքերու երգչախումբն էր, երբ փոքրիկները իրենց ձեռքերուն կապած ծաղիկներ ու թիթեռնիկներ` համաչափ շարժումերով հետեւեցան եղանակի կշռոյթին, իսկ երկրորդը` աթոռներու վրայ նստած ու հետաքրքրական ձեւերով ներկայացուցին չափական նուագը, ապա երգեցին հայերէն երգեր:

Շրջանաւարտ փոքրիկները իրենց վկայականի տարազներով ու իրենց  ձեռքին  ունենալով  դպրոցին  կողմէ  իրենց  տրամադրուած   ընտանեկան լուսանկարները` տողանցեցին սրահէն դէպի բեմ եւ իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութին`  այդ նկարները տուին իրենց ծնողներուն:

Գործադիր մանկապարտիզպան Մարալ Էքմեքճեան բեմ հրաւիրեց քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեանը, որ խօսք առնելով` հաստատեց, թէ ոգեւորող ու յուսադրիչ է տեսնել մանուկներ, որոնք կը խօսին իրենց հայրենիքի յաղթանակներուն, հայրենի հերոսներուն ու հերոսամարտերուն մասին եւ աւելցուց. «Հերոսները կ՛անմահանան ահա այսպէս, երբ ժառանգորդները կը խօսին, կը պատմեն եւ` ինչո՞ւ չէ, կը քալեն այն ուղիէն, ուրկէ քալած են իրենց հայրերն ու եղբայրները եւ կերտած պատմութիւն, փառք ու յաղթանակ»:

Ան նշեց, որ արձակուրդը անցընել հայրենիքի մէջ, վազվզել անոր բաց դաշտերուն մէջ, շնչել անոր ջինջ օդը, խմել անոր զուլալ ջուրը եւ  սորված հայոց պատմութիւնն ու աշխարհագրութիւնը տեսնել ու ապրիլ` ամէն հայու երազն է:

Ապա ան խօսքը փոքրիկներուն ուղղելով` ըսաւ, որ անոնք խթան կը հանդիսանան անձնակազմին` աւելի եւս սիրելու իրենց առաքելութիւնը եւ  նոր թափով լծուելու նոր սերունդներ կերտելու ծանր աշխատանքին:

Իր խօսքի աւարտին տնօրէնը մաղթեց, որ 12 տարիներ ետք, նոյն բեմին վրայ, հրաժեշտի խօսք ուղղուի նոյն սերունդին` դէպի փայլուն եւ յաղթական ապագայ:Ապա շնորհաւորեց ծնողները, ուսուցիչները եւ քոլեճի մեծ ընտանիքը:

Տնօրէնը, գործադիր մանկապարտիզպանը եւ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը կատարեցին վկայականներու բաշխումը:

Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան խօսք առնելով հաստատեց, որ վկայուող սերունդները հայ ժողովուրդի ապագան են, եւ մաղթեց, որ անոնք աւելի բարձր վկայականներու արժանանան: Հանդէսը վերջ գտաւ հրավառութեամբ:

Մանկապարտէզի  վկայական ստացան`

Ծաղիկ 1

Բարսեղեան Թէա Մարիա, Գարակաւուրեան Բալիկ, Գոլաքճեան Դալար, Զաքարեան Մարիթա, Թահմիզեան Քրիսթի, Թասլագեան Արփի, Թրթռեան Քրիսթել, Մարկոսեան Մեղեդի, Արթինեան Էնտրու, Գաթըգլեան Յարութ, Մանճիկեան Կոմս, Միսիսլեան Ալեքս, Պապոյեան Աւետ, Տէր Մեսրոպեան Րաֆֆի եւ Տիմիճեան Սեւակ:

Ծաղիկ 2

Հայեք Սաշա, Խտըրեան Նարին, Կիրակոսեան Ալիք, Կիւլեան Փաթիլ, Պապոյեան Լոռի, Սոլաքեան Լոռի, Տեմիրճեան Գայեանէ, Քեչեպաշեան Վալիա, Աւետիսեան Փոլ, Դաւիթեան Ֆրանքօ, Եափուճեան Շանթ, Կէօզիւպէօիւքեան Արեգ, Մարգարեան Փաուլօ, Պաթանեան Ժան եւ Նոխուտեան Հրակ:

Նախորդը

Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան Միջնակարգ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը

Յաջորդը

Ռեքվիեմ. Մայրամուտից Առաջ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?