Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Հանդիպեցաւ Սփիւռքահայ Ուսուցիչներու Հետ
Պատրաստեց՝ ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ 23 յուլիսին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիրին մասնակից սփիւռքահայ ուսուցիչները` առաջնորդութեամբ Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի նախագահ Ռուբէն Միրզախանեանի: Հանդիպումի ընթացքին Ռ. Միրզախանեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց ծրագիրին 16 երկիրներէ մասնակցող ուսուցիչները` տեղեկացնելով, որ սփիւռքի ամէնօրեայ եւ կիրակնօրեայ ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ դասաւանդող...




















