Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի Մանկապարտէզի Հանդէս

Յուլիս 5, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 10 յունիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հետուիկ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի մանկապարտէզի բաժնին հանդէսը:

Ներկայ էին հոգեւոր հայրեր, մարմիններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ խուռներամ բազմութիւն մը:

Բացման խօսքը կատարեց մանկապարտիզպանուհի Նաթալի Քենտիրճեանը, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ հայ վարժարանին շնորհիւ է միայն, որ կրնանք վառ պահել պահանջատիրական մեր ոգին, եւ թէ Այնճարը ամրոցն է հայկականութեան` իր զուտ հայկական միջավայրով եւ հայեցի դաստիարակութեամբ, իսկ հայ եկեղեցին` փարոսը, որ կը լուսաւորէ մեր քայլերը Տէր Յիսուս Քրիստոսի օրինակով, նաեւ ան շեշտեց այն կարեւորութիւնը, որ մանկապարտէզին մէջ կը տրուի մանուկներու բազմակողմանի զարգացման ի խնդիր եւ ապա ներկայացուց հանդէսի թեման` «Ըլլամ ես ընկեր քեզ»:

Ան ըսաւ, որ «Ծիածան ձկնիկ»-ին պատմութեան ընդմէջէն փոքրիկները կազմեցին այն գաղափարը, թէ երբ մենք լաւ ընկերներ կ՛ըլլանք եւ կ՛ապրինք միասնաբար եւ զիրար սիրելով, մեր շրջապատը կ՛ըլլայ խաղաղ ու համերաշխ եւ մենք կ՛ապրինք ներդաշնակ կեանքով:

Եւ ահա մանուկները հոգեւոր եւ ազգային բաժինէն ետք իրենց երգերով եւ  պարերով ներկայացուցին երաժշտախառն թատրոնը` «Ծիածան ձկնիկը»: Երեխաները բեմ բարձրացան ծովային տիպարներու հիանալի տարազներով, որոնք աշխատանքն էին ամբողջութեամբ մանկապարտէզի ուսուցչուհիներուն. մանուկները ներկայացուցին լաւ ընկերներու յատկութիւնները, եւ պատգամեցին, որ ընկերութիւնն ու բարեկամութիւնը աշխարհի ամենագեղեցիկ հարստութիւններն են:

Ծաղիկ դասարանէն վկայուեցան հետեւեալ աշակերտները` Սելա Նգրուրեան, Էսթերա Հասան, Լուսին Էյուպի, Զէյնապ Եուսեֆ, Աննա Թրթրեան, Աբրահամ Փիլաւճեան, Ալեքս Անտոնեան, Սերժ Եաշուհ, Նաթալի Գէորգ:

Հանդէսի աւարտին պատ. Յակոբ Ագպաշարեան իր հուսկ բանքին մէջ անդրադարձաւ իսկական ընկեր ըլլալու գաղափարին, որ մարդկային բնական երեւոյթ եւ պարտաւորութիւն է երեք միջոցներով` բարի կամեցողութեամբ, բաժնեկցելով եւ սիրելով: «Ըլլամ ես ընկեր քեզ» կը սորվինք Տէր Յիսուս Քրիստոսի օրինակով, եւ ասիկա մեր բոլորին մարտահրաւէրն է` իբրեւ հայ քրիստոնեաներ», ըսաւ պատուելին:

Նախորդը

Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէսները 2016-2017

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?