Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Համախարբերդցիական Միութիւն. Գնահատանքի Յատուկ Երեկոյ

July 12, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 22 յունիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի «Պատկեր» գեղարուեստի կեդրոնին մէջ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի եւ դեսպանատան մշակութային կցորդ Վլատիմիր Պօղոսեանի ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ հայոց բանակի գնահատանքի երեկոյ: Արդարեւ, Համախարբերդի հայրենակցական միութեան պատանիներու տաղանդներով պատրաստուած երկու պաստառները եւ հայ զինուորին ուղղուած նամակ-մաղթանքները յանձնուեցան դեսպանին եւ հայոց բանակին: Հիւրերու կողքին ներկայ էին «Ակունք 4»-ի մասնակից աշակերտներ, ծնողներ եւ հայրենակիցներ:

Բացման իր խօսքին մէջ, ատենադպիր Անի Պուճիգանեան անդրադառնալէ ետք հայ աշակերտին եւ Հայոց բանակին միջեւ ստեղծուած կապին,  շեշտեց հայ ազատագրական շարժումներուն ընթացքին եւ 1918-էն ետք խարբերդցի տեղացի թէ արտասահմանէն ժամանած կամաւորներու նպաստը: Անոնցմէ ոմանք նաեւ հետագային հանդիսացան Սուրիոյ եւ Լիբանանի համախարբերդցիական միութիւններու հիմնադիրներ եւ գործիչներ: Ան նշեց, որ համիտեան ջարդերէն ետք Խարբերդ 5000 հոգիի ապաստան եւ 100.000 հայերու խնամատար հանդիսացած է: Պուճիգանեան աւելցուց, որ «Սպանդի նահանգ»-ին (Խարբերդի մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոս Լեսլի Տէյվիսի համանուն գիրքին անուանումով), մեծագոյն նպաստը հանդիսացած է հայ ազգին լուսաւորութիւնը` շնորհիւ յատկապէս 1878-ին հիմնուած «Արմինիա», ապա «Եփրատ» քոլեճ անուանուած կրթօճախի հազարաւոր, այր թէ կին, ձեռնհաս դաստիարակներ պատրաստելու առաքելութեան` ուղեւորելու զանոնք հայկական ամենափոքր գիւղէն մինչեւ հայահոծ քաղաքներ:

Գեղարուեստական յայտագիրին ծիրին մէջ Գարին Սարգիսեան ջութակով նուագեց «Չքնաղ երազ»-ը, որմէ ետք միութեան ատենապետ Ռուբէն Մանկասարեան ներկայացուց «Ակունք 4» 2017-ի արդիւնքները եւ երեկոյին նպատակը: Ան նախ կարդաց չորս աշակերտներու գնահատանքի նամակները` յղուած քաջարի հայ զինուորներուն: Ապա ներկայացուց խմբային աշխատանքի արդիւնք` երկու պաստառներուն միտք բանին: Հայրենիքի պաշտպան հայ զինուորը կը հսկէ հայրենի սահմանները, որպէսզի  իւրաքանչիւր քաղաքացի կարենայ բարօր կեանք ապրիլ եւ իր աջակցութիւնը բերել հայրենիքի առօրեային: Եկեղեցին, որդեծնող մայրը, հողագործը, գործարանին մէջ աշխատողը, իւրաքանչիւր հայ օղակ մը կը ներկայացնէ ազգակերտումի, որպէսզի հայ մանուկն ու պատանին ապրին ազատ, զարգանան մտքով, հաւատքով եւ հայրենանուէր  հոգիով:

Ապա գնահատական խօսքի համար բացիկ գրող եւ պաստառ գծող պատանիներու խմբակը բեմ հրաւիրուեցաւ:

Երաժշտական ընդմիջումով Արմիկ Հեքիմեան քլարինեթի, իսկ Նարեկ Հեքիմեան սրինգի վրայ յաջորդաբար հանդէս եկան եւ ապրումով նուագեցին Քարլ Ուեպերի «Քոնչերթինօ» եւ Ժորժ Պիզէի «Մենուեթ» եղանակները:

Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին մշակութային կցորդ Վլատիմիր Պօղոսեանին կողմէ ներկայացուած` հրաշագեղ եւ քաջարի Արցախին նուիրուած հայրենասիրական տեսերիզը:

Ոգեւորուած հայրենի գեղատեսիլ բնութեամբ` «Ակունք 4»-ի 13-18 տարեկան չորս պատանի-պատանուհիներուն սիրտը կը բաբախէր. Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը, իբրեւ գնահատական, 2017 ամրան համար խոստացած էր «ԱՐԻ ՏՈՒՆ» հայրենի ծրագիրին մէջ խարբերդցի պատանիներ ընդունիլ: Ներկայ կրտսերագոյն անդամը վիճակաձգութեամբ ընտրեց երկու անուններ` Էլի Գրիգորեանը եւ Ներսէս Ներսէսեանը: Անոնց հրճուանքը անսահման էր:

Ապա քաջալերական յորդորներով խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը: Ան նշեց, որ պէտք է ճանչնալ հայրենիքը, 30 տարիներ առաջ մղուած արցախեան պայքարը: Երկու պաստառներուն մէջ ներկայացուած բոլոր կողմերը` զինուոր թէ շինական, ուսում, մշակոյթ, հաւատք թէ աշխատանք, բոլորն ալ շատ կարեւոր են հայրենակերտումի համար: Պէտք է գուրգուրալ բոլոր խորհրդանիշներուն վրայ, ինչպէս որ գեղեցիկ կերպով բանակին զինանշանը սրտաձեւ պարունակի մէջ ներկայացուած է պատկերներէն մէկուն մէջ: Դեսպան Մկրտչեան աւելցուց. «Այո՛, այժմ կ՛այցելենք ներկայ Հայաստանն ու Արցախը այն յստակ մտասեւեռումով, որ օր մը իբրեւ ժառանգորդ տէր դառնանք պատմական Հայաստանի մեր իրաւունքներուն եւս»: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց չորս բացիկներուն եւ երկու պաստառներուն համար, զորս պիտի ղրկէ հայրենիք` առ որ անկ է:

Վերջին բաժնին մէջ ցանկին այլ երկու թեկնածուներուն ակներեւ յուզումը տեսնելով` դեսպան Մկրտչեան խոստացաւ զանոնք եւս ուրախացնել եւ ներառել ծրագիրի ցանկին մէջ: Այսպիսով, Արմիկ Հեքիմեան եւ Գարին Սարգիսեան մաս պիտի կազմեն այս ամառուան «ԱՐԻ ՏՈՒՆ» հայրենի ծրագիրին:

Հանդիպումը աւարտեցաւ միութեան ատենապետին շնորհակալական խօսքով` Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան, գեղարուեստական յայտագիրի պատասխանատու Սեւան Յովակիմեանին, մասնակից պատանի-պարմանուհիներուն եւ «Պատկեր»-ի տնօրէնութեան:

Ապա ներկաները աւելի մտերմացան մրգասեղանի շուրջ:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

«Հայ Լրագրողին Գրիչը Ի Նպաստ Հայութեան Իղձերուն Եւ Նպատակներուն, Ի Նպաստ Հայոց Պետականութեան Հզօրացման Պիտի Գործէ» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Նաղաշ Մարտիրոսեան

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.