Ուրբաթ, 16 յունիս 2017-ի երեկոյան ժամը 5:00-ին Ազգային Ռուբինեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը: Հանդէսի նիւթն էր մաշտոցեան հայոց լեզուն:
Բեմի յետնամասին զետեղուած էր հայոց լեզուի զօրութիւնը խորհրդանշող գծապատկեր մը, որ գործն էր վարժարանի նկարչութեան ուսուցչուհի Ամալիա Երամեանին նկարին մէջ պատկերուած էին` Արարատ լեռը, Ազգային Ռուբինեան վարժարանի անունը, մայրենի բնութիւնը, հայոց առաջին ուսուցիչ Մեսրոպ Մաշտոցը, հայոց տառերը եւ հայ աշակերտը:
Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներուն ունկնդրութենէ ետք գործադրուեցաւ յայտագիրը:
Ծաղիկ դասարանէն Աղասի Փափազեան եւ Մապել Գասսար Այնթապի միասնաբար արտասանեցին բացման խօսքը:
Անոնք բարի գալուստ մաղթեցին բոլորին, հայոց լեզուի գովքը հիւսեցին եւ աւարտեցին իրենց խօսքը` ներկաներուն բարի վայելում մաղթելով:
Ծաղիկ դասարանի աշակերտները կատարեցին խմբային արտասանութիւններ, հայերէնով` «Իմ հայ լեզու» եւ «Հայոց լեզու», ինչպէս նաեւ իրենց գեղեցիկ ձայներով հրամցուցին մանկական «Ա- Բ-Գ» երգը:
Ապա մանկամսուրի փոքրիկներու պարային մուտքը «Այ էմ տը միուզիքմեն» եղանակով շատ զուարճացուց ներկաները, եւ բոլորը ծափով ընկերակցեցան:
Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները արաբերէնով արտասանեցին «Իմ գիրքը» արտասանութիւնը եւ խմբային երգեր կատարեցին: Իսկ Կոկոն դասարանի աշակերտները ներկայացուցին հայկական պար մը, որուն յաջորդեցին անգլերէնով երկու երգեր` «Սինկ տը ալֆապեթ» եւ «Մայ Էյ. Պի. Սի.», ինչպէս նաեւ «Քինտըրկարթըն» արտասանութիւնը:
Դարձեալ սրահին մէջ խանդավառութիւն տիրեց, երբ Ծաղիկ դասարանի աշակերտները արաբական պարով մը բեմ բարձրացան, որմէ ետք ներկաները ըմբոշխնեցին Բողբոջ դասարանի փոքրիկներուն երեք լեզուներով կատարած խմբային արտասանութիւնները, երգերն ու «Պելլա» պարը:
Յայտագիրի աւարտին Ծաղիկ դասարանի աշակերտները հաւաքաբար արտասանեցին «Այբուբեն հայոց»-ը, իսկ Տիեկօ Մալճեան ատասանեց «Հայ ենք մենք» բանաստեղծութիւնը:
Անոնք կատարեցին նաեւ «Մենք մանուկներ» եւ «Հայերէն այբուբեն» մանկական երգերը:
Հայկական պարէ մը ետք վարժարանի տնօրէն Յակոբ Կէրկէրեան ուղղեց իր սրտի խօսքը: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն` ըսաւ. «Աւարտեցինք 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանը: Մենք տարեկան ուսումնական ծրագիրը բարեխիղճ նուիրումով կատարեցինք ու աւարտեցինք` գործակցութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին»:
Կէրկէրեան անդրադարձաւ դպրոցին մէջ ուսուցիչներու վերապատրաստման աշխատանքներուն` գործակցութեամբ «Գարակէօզեան» հաստատութեան, ինչպէս նաեւ` Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին կազմակերպած վերամշակման ծրագիրներուն ուսուցիչներուն մասնակցութեան:
Յակոբ Կէրկէրեան իր խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին եւ տնտեսական խորհուրդին` իրենց զօրակցութեան համար, բարերարներուն` անհատ թէ հաստատութիւն, ուսուցչակազմին, պաշտօնէութեան եւ ծնողներուն, որոնք վարժարանին վստահած էին իրենց զաւակները: Ան նաեւ շնորհաւորեց շրջանաւարտներն ու անոնց ծնողները` մաղթելով բարի երթ:
Այնուհետեւ մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի փոքրիկ շրջանաւարտները բեմ բարձրացան եւ ստացան իրենց վկայականները` ձեռամբ Նոր Հաճըն թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հովիւ Նարեկ քհնյ. Հեճինեան, հոգաբարձութեան ատենապետուհիին, վարժարանի տնօրէնին եւ մանկապարտիզպանուհիին:
Հանդէսը փակուեցաւ Նարեկ քհնյ. Հեճինեանի «Պահպանիչ»-ով: