Գաղութային

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի  30-ամեակի Հունձքը

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի 30-ամեակի Հունձքը

Շաբաթ, 6 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի շրջանաւարտից հանդէսը` հովանաւորութեամբ հայ կաթողիկէ պատրիարքական Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեանի, նախագահութեամբ Էն. Տի. Եու. համալսարանի նախագահ հայր Ուալիտ Մուսայի: 34 շրջանաւարտներու մուտքին յաջորդեց Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի քայլերգներու ունկնդրութիւնը: Բացման խօսքին մէջ Էլիզապէթ Կիւզելեան շնորհակալութիւն յայտնեց...

Մեսրոպեանի Աշակերտները Ստացան Հայ Զինուորներու Պատասխան Նամակներ

Մեսրոպեանի Աշակերտները Ստացան Հայ Զինուորներու Պատասխան Նամակներ

8 յունիս 2017-ին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան մէջ սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչ Վլատիմիր Պօղոսեան այցելեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան եւ աշակերտներուն յանձնեց Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն վրայ ծառայող հայ զինուորներուն նամակները: Այդ նամակներով զինուորները կը պատասխանէին Մեսրոպեանի աշակերտներու նամակներուն, որոնք ուղարկուած էին քանի մը ամիս առաջ` հայոց բանակին զօրակցութեան արշաւին ծիրին մէջ: Աշակերտութեան հետ հանդիպումին ընթացքին Վլատիմիր Պօղոսեան շնորհակալութիւն...

Հայերը Եւ Սուրիոյ Տագնապը

Յայտարարութիւն Քուէյթահայ Աշակերտութեան

Հիմնուելով ցարդ տրամադրածս երեք մրցանակներու դրական արդիւնքին վրայ` 1.- Նպատակ ունենալով քաջալերել բարի մրցակցութեան ոգին քուէյթահայ աշակերտներուն միջեւ, 2.- Առ  ի գնահատանք ենթակային կատարած վիթխարի աշխատանքին, 3.- Հաւատալով, որ կը սատարեմ հայ աշակերտի մը հետագայ ուսումնառութեան` Կը հաստատեմ ամէնամեայ ՄՐՑԱՆԱԿ Մրցանակը կը կազմէ հազար քուէյթեան տինար` K.D. 1000 (3500 ամերիկեան տոլար): Մրցանակը որպէս պարգեւ ամէն տարի կը տրուի պետական պաքալորէայի...

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատուն. Չորս Աշակերտներ Դարձան Գիրքի Հեղինակներ. «Վարսենիկ Շամլեան-Քիւրքճեան» Մրցանք

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատուն. Չորս Աշակերտներ Դարձան Գիրքի Հեղինակներ. «Վարսենիկ Շամլեան-Քիւրքճեան» Մրցանք

Համազգային «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանի խօսքը Սրբազա՛ն հայր, Յարգելի՛ հովանաւորներ՝ տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններ, Սիրելի՛ տնօրէններ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ աշակերտներ, Այսօր հաւաքուած ենք ուրախ ու ոգեշնչող առիթով մը: 2016 տարեշրջանին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը կազմակերպեց գիրքի պատրաստութեան միջդպրոցական մրցանք՝ «Դարձի՛ր գիրքի հեղինակ» խորագիրով։ Լիբանանահայ վարժարաններէ 17 աշակերտներ մասնակցեցան այս ձեռնարկին։ Յայտնենք, որ նախորդ տարիներուն...

Համազգայինի «Դարձի՛ր գիրքի հեղինակ» Մրցանք. Դատական Կազմը Կը Վկայէ

Համազգայինի «Դարձի՛ր գիրքի հեղինակ» Մրցանք. Դատական Կազմը Կը Վկայէ

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի եւ հրատարակչատան «Դարձի՛ր գիրքի հեղինակ» մրցանքը շնորհաւորելի նախաձեռնութիւն մըն է  մէկէ աւելի պատճառներով. նախ՝ որովհետեւ մրցանքը կը մղէ մասնակիցները, որ իրենց երեւակայութենէն ծնին ստեղծագործական պատումի կացութիւններ, հոն տեղադրեն մարդկային թէ ազգային արժէքներ, եւ այդ բոլորը ագուցեն մտածուած կառոյցով մը։ Երկրորդ՝ մրցանքը կը քաջալերէ մասնակիցները, որ հայերէնով թէ այլ լեզուներով իրենց ուսած գրական ծանօթութիւնները ի մի բերեն...

Համազգայինի «Դարձի՛ր գիրքի հեղինակ» Մրցանք. Տնօրէնները Եւ Մրցանակակիր Աշակերտները Կը Վկայեն

Համազգայինի «Դարձի՛ր գիրքի հեղինակ» Մրցանք. Տնօրէնները Եւ Մրցանակակիր Աշակերտները Կը Վկայեն

Դպրոցական տարեշրջանի ընթացքին աշակերտները առիթը կ’ունենան մասնակցելու հայերէնագիտական,  ընդհանուրզարգացման, մարզական եւ մշակութային մարզերուն մէջ զանազան մրցումներու: 2015-2016 տարեշրջանին կազմակերպուած «Դարձի՛ր գիրքի հեղինակ» խորագրով այս իւրայատուկ մրցանքը տարբեր եղաւ միւս բոլոր մրցումներէն. աշակերտները պիտի պատրաստէին մանկական գիրք մը եւ պիտի գրէին մանուկներու յատուկ պատմուածք մը, ստեղծէին տիպարներ, երեւակայէին. եւ, ինչո՞ւ չէ, տեղ հասցնէին նաեւ պատգամ մը: Հետեւաբար այս շատ շինիչ եւ...

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Նախակրթարանի «Երգենք, Պարենք, Նուագենք» Հանդէս

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Նախակրթարանի «Երգենք, Պարենք, Նուագենք» Հանդէս

Ուրբաթ,  26 մայիս  2017-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Սիրան  Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան  քոլեճի  նախակրթարանի «Երգենք, պարենք, նուագենք»  գեղարուեստական հանդէսը: Քայլերգներու ունկնդրութենէն եւ քոլեճի նախակրթարանի պատասխանատու Հուրի Քէշիշեանի  բացման խօսքէն ետք ընթացք առաւ հանդէսի գեղարուեստական բաժինը, որուն առաջին մասը յատկացուած էր երգերու եւ նուագներու: Ա. դասարաններու փոքրիկները ներկայացուցին Մուշեղ Իշխանի «Դպրոցական քայլերգ»-ը, Ա. Մնակեանի «Գարուն»-ը եւ չափական...

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէսը

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէսը

Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 3 յունիս 2017-ին, ժամը 7:00-ին, քոլեճի սրահին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Հանդէսին նիւթն էր «Գոյներու աշխարհը»: Բեմը յարդարուած էր անտառով, ուր աշակերտները փնտռեցին ամենագեղեցիկ գոյնը` տալով իւրաքանչիւրին խորհրդանիշը: Մանկապարտէզի աշակերտները այս հեքիաթային աշխարհը ներկայացուցին թատրոնով մը, որուն իւրաքանչիւր արարէն ետք մթնոլորտը ճոխացուցին պարով մը: Հանդէսը...

«Արեգ» Թատերական Դպրոցի Շրջանաւարտներուն Հանդէսը

«Արեգ» Թատերական Դպրոցի Շրջանաւարտներուն Հանդէսը

Շաբաթ, 10 յունիս 2017-ին Համազգայինի «Արմէնեան» սրահին մէջ կայացաւ «Արեգ» թատերական դպրոցի շրջանաւարտներուն հանդէսը: Տնօրէն Յակոբ Հանտեան ողջունելով ներկաները, իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց թատրոնին դերը` իբրեւ արուեստներու արուեստ եւ անոր դրական ներգործութիւնը` աշակերտներուն կեանքին մէջ: Ապա «Արեգ» թատերական դպրոցի պատասխանատու, բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան ներկայացուց աշակերտներուն անցած ծրագիրը: Բեմադրիչը խօսեցաւ նաեւ «Արեգ»-ի հետագայ ծրագիրներուն մասին` շեշտելով, որ շրջանաւարտները ասկէ ետք...

Մեսրոպեան Վարժարանի Բարեսիրական Ընթրիքին Հանգանակուեցաւ 115 Հազար Ամերիկեան Տոլար

Մեսրոպեան Վարժարանի Բարեսիրական Ընթրիքին Հանգանակուեցաւ 115 Հազար Ամերիկեան Տոլար

Հայ դպրոցին ու հայ աշակերտին նկատմամբ բարեկամութեան եւ զօրակցութեան տօն հանդիսացաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տարեկան բարեսիրական ընթրիքը, որ տեղի ունեցաւ 19 մայիս 2017-ին, Պէյրութի «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ: Ընթրիքը կայացաւ հովանաւորութեամբ  Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ նախագահութեամբ Մեսրոպեան վարժարանի բարերար Վարուժ Ներկիզեանի: Ներկայ էին 120 հրաւիրեալներ` Լիբանանի հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւորական դասի ներկայացուցիչներ, Լիբանանի...

«ՍԵՄԱՍ»-ի Յաջողութիւնը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մրցումին

«ՍԵՄԱՍ»-ի Յաջողութիւնը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մրցումին

Ուրբաթ, 26 մայիս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ «ՍԵՄԱՍ» (Սորպոն էճիւքէյշըն ֆոր մենթըլ արիթմեթիք սիսթըմ) հաստատութենէն Այնճարէն խումբ մը աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը բերին «ՍՄԱՐԹ»  հաստատութեան կազմակերպած մտային հաշուարկութեան երկրորդ տարեկան մրցումին` հովանաւորութեամբ Լիբանանի կրթութեան նախարարին Մարուան Համատէի: Լիբանանի տարբեր շրջաններէ  աւելի քան 800 աշակերտներ կը մասնակցէին այս մրցումին, Այնճարի «ՍԵՄԱՍ» հաստատութիւնը ներկայացաւ 14 աշակերտներով` Քրիսթել Գազանճեան, Սարել...

Մեսրոպեանի Բողբոջներն Ու Կոկոնները Տօնական Հանդէսներով Փակեցին Տարեշրջանը

Մեսրոպեանի Բողբոջներն Ու Կոկոնները Տօնական Հանդէսներով Փակեցին Տարեշրջանը

Ուրբաթ 26 եւ շաբաթ 27 մայիս 2017-ին, յաջորդաբար տեղի ունեցան Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Բողբոջ եւ Կոկոն դասարաններու աւարտական հանդէսները: Վարժարանի շրջափակին մէջ տօնական տրամադրութիւններով կայացած զոյգ հանդէսները յաջողեցան յստակ պատկերացում մը տալ այն ծրագրին մասին, որուն հետեւեցան Մեսրոպեան մանկապարտէզի փոքրիկները անցած տարուան ընթացքին: Հանդէսներու բացումին բողբոջներն ու կոկոնները հնչեցուցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգները, արտասանեցին բացման խօսքեր (հայերէն,...

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Աշակերտական Տարեկան Ցուցահանդէսը

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Աշակերտական Տարեկան Ցուցահանդէսը

Շաբաթ, 13 մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական քոլեճի 21-րդ յաջորդական ցուցահանդէսը: Վարժարանի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան հակիրճ ձեւով ըսաւ, թէ այս ցուցահանդէսը ինքն իր մէջ կը պարունակէ շատ մը հետաքրքրական աշխատանքներ, ինչպիսիք են` գեղանկարները, ձեռային աշխատանքները, առաւել` գիտական աշխատանքները, անշուշտ պէտք չէ մոռնալ սուրբգրային դասընթացքին հետ առնչուած ձեռային աշխատանքները, նաեւ` մանկապարտէզի կողմէ բծախնդրօրէն պատրաստուած աշխատանքները: Դոկտ....

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Արժանթին Եւ Պրազիլ Կ՛այցելէ

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Արժանթին Եւ Պրազիլ Կ՛այցելէ

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նախորդ շաբաթ այցելած է Արժանթին եւ Պրազիլ, ուր ունեցած է տարբեր բնոյթի հանդիպումներ: 30 մայիսին Արժանթինի մէջ նախարար Յակոբեան այցելած է Արժանթինի Հայկական կեդրոն: Այնուհետեւ, Արժանթինի մէջ Հայաստանի դեսպան Եսթեր Մկրտումեանի ընկերակցութեամբ, ան այցելած է Պուէնոս Այրեսի Հայ առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր ծաղկեպսակներ զետեղած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արցախի հերոսամարտերու զոհերու յիշատակին նուիրուած...

Ցեղասպանութեան 102-ամեակին Նուիրուած Խաչի Տեղադրում Քֆարտըպիանի Մէջ

Ցեղասպանութեան 102-ամեակին Նուիրուած Խաչի Տեղադրում Քֆարտըպիանի Մէջ

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին հովանաւորութեամբ եւ «Օքթոփըս թիմ»-ին նախաձեռնութեամբ, կիրակի, 21 մայիսին Քֆարտըպիան շրջանին մէջ տեղադրուեցաւ խաչ մը` Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով: «Խաչի տեղադրում ծովուն խորքէն մինչեւ լերան բարձրունք» խորագիրը կրող ձեռնարկին ներկայ էին երեսփոխաններ, Քֆարտըպիանի քաղաքապետը, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ: Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական Գէորգ եպս. Ասատուրեան կատարեց խաչի օծումը: Այս առիթով խօսք առաւ...

Սիրոյ Սեղան` Ի Պատիւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Սիրոյ Սեղան` Ի Պատիւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Շաբաթ, 20 մայիս 2017-ի երեկոյեան, «Շերաթոն» պանդոկի «Տայմընտ» ճաշասրահին մէջ քուէյթահայութիւնը սիրոյ սեղանի մը շուրջ համախմբուեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ: Երեկոն սկիզբ առաւ վեհափառ հօր աղօթքով եւ Քուէյթի ու Հայաստանի Հանրապետութեանց զոյգ քայլերգներով, ապա օրուան հանդիսավարը` Քուէյթի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Ժանօ Պեպեճեան ողջոյնի խօսք արտասանեց` ըսելով. «Վեհափա՛ռ տէր, ձեր նկատողութիւնը ճիշդ էր, որ մեր համայնքի զաւակներու դէմքերուն...

Յիշարժան Իրադարձութիւն Մը

Յիշարժան Իրադարձութիւն Մը

Շաբաթ, 27 մայիս 2017-ին Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի շրջանաւարտ աշակերտները, գեղարուեստական ղեկավար, բեմադրիչ` Ռոպերթ Առաքելեանի, Գարիկ Յակոբեանի եւ Մարալ Պասմաճեանի ընկերակցութեամբ այցելեցին «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայան: Մուտքին աշակերտները քաջալերական խօսքերով դիմաւորեց «Օ. Թի. Վի.»-ի օրուան հիւրը` Ժիպէյլի երեսփոխան Ապպաս Հաշեմ, ապա կայանի հայերէն լուրերու հաղորդավար Ծովակ Թիւթելեան ստանձնեց աշակերտներուն ծանօթացման աշխատանքները` կայանի աշխատանքային տարբեր բաժիններուն մէջ: Բաժին առ բաժին...

Զմմառու Մայրավանքին Մէջ Մայիսեան Ջերմեռանդութիւն Եւ Քահանայական Ձեռնադրութիւն

Զմմառու Մայրավանքին Մէջ Մայիսեան Ջերմեռանդութիւն Եւ Քահանայական Ձեռնադրութիւն

Ընկալեալ սովորութեան համաձայն, իւրաքանչիւր տարուան մայիսի վերջին կիրակին վերածուած է Զմմառու Տիրամօր ուխտի օրուան: Այս տարի եւս, 28 մայիս 2017-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Զմմառու պատրիարքական միաբանութեան հայրերը հիւրընկալեցին Զմմառու մայրավանք բարձրացող լիբանանահայ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը, որ եկած էր իր ուխտը կատարելու Զմմառու հրաշագործ Տիրամօր առջեւ: Սոյն տօնակատարութիւնը զուգադիպեցաւ Հայաստանի անկախութեան 99-ամեակի տօնախմբութիւններուն: Տարին յատկանշական էր նաեւ, որ ջերմեռանդութեան միացաւ  Տիգրան...

Մայրերու Տօնին Նուիրուած Ճաշկերոյթ-Ձեռնարկ

Մայրերու Տօնին Նուիրուած Ճաշկերոյթ-Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցին, կիրակի, 21 մայիսին կէսօրէ ետք ժամը 5:30-ին եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մայրերու տօնին նուիրուած ճաշկերոյթ-ձեռնարկ: Ձեռնարկը սկսաւ «Տէրունական աղօթք»-ով եւ Կիրակնօրեայի քայլերգի երգեցողութեամբ, որմէ ետք բացման խօսքը արտասանեց Կիրակնօրեայի փոխտեսուչ Մանուէլ Թոքմաքճեան, որ անդրադարձաւ ընտանիքին մէջ մօր ունեցած կարեւոր դերակատարութեան` զայն անուանելով հիմնական սիւնը առողջ դաստիրակութեան եւ շեշտելով...

Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութեան 2017 Տարուան Զարգացման Մրցումը

Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութեան 2017 Տարուան Զարգացման Մրցումը

Շաբաթ, 20 մայիս 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4.00-ին Զալքայի Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան կազմակերպած վեցերորդ միջդպրոցական զարգացման մրցումը, որուն մասնակցեցան լիբանանահայ 9 երկրորդական վարժարաններու աշակերտները` ՀԲԸՄ-ի Դարուհի-Յովակիմեան վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի, Հայ աւետարանական քոլեճի, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի, Ազգային Եղիշէ...

Page 34 of 68 1 33 34 35 68

Արխիւներ