Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէսները 2016-2017

Յուլիս 5, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսը, դպրոցական գեղեցիկ աւանդութիւն մը ըլլալէ աւելի, վկայութիւն է վարժարանին 95-ամեայ ծառայութեան եւ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու 170 տարիներու անսակարկ նուիրումին` նորահաս սերունդներուն ո՛չ միայն լաւագոյն ուսումնառութեան, այլեւ մանաւանդ անոնց հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութեան ջամբման իմաստով: Այս դաստիարակութիւնը հայ քոյրերուն առաքելութեան առաջնահերթ նպատակը ըլլալուն իրողութիւնը կ՛արտացոլայ վարժարանի ամէնէն փոքրերու ելոյթներուն ընդմէջէն:

Մանկապարտէզի Բողբոջ եւ Կոկոն դասարաններու 46 աշակերտները շաբաթ, 3 յունիսին, կենսուրախ մթնոլորտի մէջ ողջունեցին իրենց ծնողներն ու հարազատները. անոնք մանկական ամչկոտութեամբ, բայց հասկնալի առոգանութեամբ հանդէս եկան երեք լեզուներով` հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն, երգերու եւ արտասանութիւններու ընդմէջէն ներկաներուն պարզեցին, թէ իրենց լեզուն ու արտայայտութիւնները որքա՜ն յառաջդիմեր են, եւ իրենց միտքը նոր գիտելիքներով հարստացած է, իսկ անոնց խանդոտ պարերը ներկաները միացուցին բեմին:

Շաբաթ, 17 յունիսին մանկապարտէզի 24 շրջանաւարտները սովորականէն աւելի արտայայտիչ երեւոյթ ունէին, իրենց անմեղ դէմքերէն կը շողարձակուէր բացառիկ ուրախութիւն, գունագեղ զգեստներու մէջ անոնց շարժումները դարձեր էին աւելի առոյգ ու կայտառ:

Այս տարուան շրջանաւարտները բախտաւոր էին, որովհետեւ կը վայելէին Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան մեծաւոր մօր` Արուսեակ Սաճոնեանի ներկայութիւնը:

Մանկապարտէզի յայտագիրը ունէր նաեւ իր թեման, որ լուսարձակի տակ կ՛առնէր կենսոլորտի անաղարտ պահպանման կարեւորութիւնը:

Աշակերտները թեման ներկայացուցին հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով, քաղցր ու յստակ առոգանութեամբ, յորդորներով եւ թելադրութիւններով, բծախնդիր յայտագիրի մը ընդմէջէն, որ ներկայացուեցաւ իրերայաջորդ աշխուժ երկխօսութեամբ, ներկայացումներով, արտասանութիւններով, երգերով ու պարերով, եւ այս բոլորը` փոքրիկներու վայելչագեղ զգեստներով:

Երեք լեզուներով կատարուած ներկայացումները կը ներկայացնէին նաեւ վարժարանին նպատակները, որոնց շառաւիղովը իւրաքանչիւր աշակերտ քրիստոնէական հաւատքով, հայակերտ ազգային շունչով, Լիբանանի հողին սիրով եւ բարոյական արժէքներով, յանձնառու գիտակցութեամբ եւ պարտաւորութեամբ կ՛առաջնորդուի, կը դաստիարակուի եւ կը կազմաւորուի Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի կամարներուն ներքեւ:

Հանդիսականները իրենց ներաշխարհին մէջ մանկացան, զուարճացան եւ ոգեւորուեցան փոքրիկներու ազգային եւ կենսայորդ շունչով ու ապագայի խոստմնալից յոյսերով:

Յայտագրի բովանդակութենէն եւ պատրաստութենէն կ՛արտացոլար մանկապարտէզի կրթական տարեշրջաններու ամբողջական ծրագիրները, որոնք հետեւողական բծախնդրութեամբ կը հսկուին հայ քոյրերու կողմէ:

Յայտագիրի ընթացքին խօսք առաւ վարժարանի տնօրէնուտի քոյր Արմինէ Մակարոսեանը, որ իր խօսքը բաժնած էր եռեակ խորհուրդներու:

Ան դիտել տուաւ, որ Ծաղիկ դասարաններու 34 շրջանաւարտներուն համար յատկանշական եւ անմոռանալի օր է, որ սկիզբը պիտի ըլլայ հետագայ մեծագոյն վկայականներու, բարձր ուսումներու եւ տիտղոսներու:

Քոյր Արմինէ Մակարոսեան իր խօսքին մէջ յիշեց, որ մանուկներուն կը պատկանի ապագան, իսկ այս հանդէսը անոնց առաջին յաղթանակը կը նկատուի:

Տնօրէնուհին անդրադարձաւ մանկապարտէզի յատուկ ուսումնական ծրագիրին, ընկերային պահերուն, հոգեւոր բաժինին, նշելով, որ այս բոլորին հետ մեր փոքրիկները թրծուեցան բազմապիսի գիտելիքներով, ան աւելցուց, որ աշակերտները նաեւ արտադասարանային ձեռնարկներ ունեցան, բնութեան գեղեցկութիւնը ըմբոշխնելու յաճախակի առիթներ, պտոյտներ եւ այլն:

«Ընթացիկ այս տարին Անարատ յղութեան հայ քոյրերուս միաբանութեան 170-ամեակն է արդէն, որուն նուիրական առաքելութեան առաջնահերթ սկզբունքը, հոգին, նպատակը եղաւ միշտ մանկապարտէզի առաջին տարիներէն իսկ թրծել, կրթել հայ մանուկը, կրթել մարդկային, կրօնական եւ ազգային բարձր տեսլականով: Նախ` «նկարագրի կերտում»: Այո՛, գիտակից ենք, որ այս տարիքին բարեկիրթ մանուկը վաղուան ազնիւ, պարկեշտ, գիտակից երիտասարդ-երիտասարդուհին է, նուիրեալ անձը հանդէպ իր ընտանիքին, եկեղեցւոյ, ազգին, կարիքաւոր ընկերոջ, նաեւ ապագայ յոյսը, հպարտութիւնը` իր համայնքին եւ համայն մարդկութեան», հաստատեց քոյր Արմինէ:

Իր խօսքի աւարտին ան գնահատանքի խօսք ուղղեց անձնուէր մշակներուն, որոնք թէեւ յաճախ լուռ, բայց միշտ անշահախնդիր հոգիով նուիրուեցան դաստիարակչական դժուարին, բայց սրբազան աշխատանքին, ուսուցիչներուն` արի՛ ու քաջ նուիրեալներուն, որոնք անվարան կը ջանան դրոշմել փոքրիկներուն մատղաշ հոգիներուն մէջ «Լաւը, գեղեցիկը, բարին, վսեմը` ցանելով աստուածասիրութեան, ընկերասիրութեան, հայրենասիրութեան բարի սերմեր»:

Ան ծնողները շնորաւորելով, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց` իրենց զաւակը հայ դպրոցին վստահելնուն համար:

«Սփիւռքի այս տարածքին տէր կանգնինք հայ դպրոցին, անաղարտ պահենք իր երթը եւ օգնենք իր վերելքին: Միասնաբար պայքարինք ուծացումի, օտարացումի քանդիչ քամիներուն դէմ», յորդորեց ան:

Հանդէսի աւարտին շրջանաւարտները բեմ բարձրացան իրենց յատուկ զգեստներով, ապա արտասանեցին իրենց երախտագիտական զգացումները` մանկապարտէզի ուսուցչական կազմին եւ խոստացան ինքնավստահ քայլերով բարձրանալ դէպի նախակրթարանի դասարանները:

Ապա տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մակարոսեան անոնց յանձնեց իրենց առաջին վկայականները:

Նախորդը

Ս. Խաչ-Հարպոյեանը 29 Ծաղիկներ Կը Քաղէ Իր Բերքահաւաքի Հանդէսով

Յաջորդը

Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի Մանկապարտէզի Հանդէս

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?