Շաբաթ, 17 յունիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսը` ներկայութեամբ Գէորգ եպս. Խազումեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Աշոտ Վարդանեանի, Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչներ Մարինէ Յարութիւնեանի եւ Ժենիա Կիւլպէնկեանի, ծնողներու, հարազատներու եւ բարեկամներու:
Հանդէսը սկիզբ առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի քայլերգներով: «Մեր անունն է հայկական բանակ» երգին ընկերակցութեամբ շրջանաւարտ աշակերտները մտան սրահ եւ բեմին վրայ գրաւեցին իրենց տեղերը: Հանդիսութեան առաջին բաժինը նուիրուած էր Արցախին. Ծաղիկ դասարանի աշակերտները պաստառի վրայ կերտեցին Արցախի քարտէսը, դրօշը, զինանշանը եւ ապա զանոնք միացուցին մայր Հայաստանին` կերտելով հայրենիքի համայնապատկերը: «Արմենիա» երգի կատարումէն ետք անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց մանկապարտէզին եւ ուսուցչուհիներուն, ապա բեմ հրաւիրեցին վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանը:
Պոյաճեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ իսկապէ՛ս հպարտութիւն է այս բեմին վրայ տեսնել 29 նորափթիթ ծաղիկներ, որոնք ապացոյցն են հայ ժողովուրդի գոյատեւելու, բազմանալու եւ իր հայրենիքին կառչած մնալու կամքին, ինչպէս նաեւ իրենց ներկայացուցած ելոյթով կու գան մեզի հրամցնելու ամբողջ չորս տարիներու աշխատանքին արգասիքը: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց դպրոցին հանդէպ ծնողներուն ունեցած վստահութեան ու համոզումին համար եւ ըսաւ. «Մենք կը հաւատանք, որ այսօր ձեր զաւակները Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան կը յաճախեն, որովհետեւ դուք կը վստահիք անոր կրթական 30-ամեայ յաջող փորձառութեան, որովհետեւ դուք համոզուած էք, որ այս կրթօճախին մէջ ձեր զաւակը կը ստանայ բարձր մակարդակի ուսում, հայեցի դաստիարակութիւն, ազգային ու հոգեւորկրթութիւն, հայկական շունչուոգի, եւ այս բոլորը` ազնիւ ու մաքուր միջավայրի մէջ. որովհետեւ դուք լաւ գիտէք, որ աշակերտը մեզի համար ծրագիր է եւ ոչ թէ պարզապէս թիւ մը, եւ իւրաքանչիւր աշակերտի կը տրամադրուի իր կարիքներուն ու կարողութիւններուն համապատասխանող ծրագիր, որպէսզի ապահովենք բոլորին յաջողութիւնը թէ՛ դպրոցին եւ թէ՛ հետագային իր կեանքին մէջ. որովհետեւ դուք հոս կը գտնէք մշտապէս վերաորակաւորման հետեւող ուսուցիչներ, որոնք վերապատրաստութեան դասընթացքներու կը հետեւին թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ հայրենիքի մէջ. որովհետեւ դուք կը տեսնէք, որ վարժարանը քայլ կը պահէ արդիականութեան ու ժամանակակից պահանջներուն հետ. եւ ի վերջոյ, որովհետեւ դուք կը հաւատաք, որ վերոնշեալ յատկութիւններով օժտուած Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան ուղարկելու համար կ’արժեն ձեր հոգեհատորներուն համար ծախսուած իւրաքանչիւր դահեկանը կամ երբեմն նոյնիսկ հսկայական թուող գումարները»:
Այնուհետեւ, Ս. Խաչ-Հարպոյեանի տնօրէնը բեմ հրաւիրեց եպիսկոպոս Խազումեանը եւ մանկապարտիզպանուհի Լենա Տէրտէրեանը, եւ կատարուեցաւ 29 շրջանաւարտներու վկայականներու բաշխումը:
Եպիսկոպոս Խազումեան խօսք առնելով` ըսաւ, որ մենք այսօր եկած ենք այս փոքրիկներով ուրախանալու, որովհետեւ իրենք են մեր ուրախութիւնը, մեր ապագան եւ իրենք պիտի ըլլան մեր նեցուկը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց աշակերտներուն` իրենց ունեցած հաւատքին համար, նշելով, որ այս հաւատքը պիտի բարձրացնէ զիրենք: Ան մաղթեց, որ աշակերտները մեծնան առողջ, ունենան փայլուն ապագայ եւ ըլլան օրինակելի անհատներ ու տիպար հայեր:
Յայտագիրին երկրորդ բաժինով Կոկոն դասարանը արաբերէն «Լամմա պիմշի աալ ռասիֆ» երգով ներկայացուց արեւելեան պատկեր մը, որուն յաջորդեց Ծաղիկ դասարանի աշակերտներուն բեմականացումը` Յովհաննէս Թումանեանի «Խօսող ձուկը» գործին: Կոկոն դասարանը դարձեալ բեմ բարձրացաւ «Ֆէյմ» երգին պարով, Բողբոջը` «Իմ արեւ», իսկ Ծիլը` «Իմ տիկնիկ»: Անոնք անգլերէնով, արաբերէնով ու հայերէնով երգեցին ձուկի թեմայով մանկական երգեր: Ծաղիկ դասարանը նաեւ ելոյթ ունեցաւ «Հու-հա» երգի պարով, որմէ ետք յայտագիրը իր լրումին հասաւ «Հայաստանը մենք ենք» երգով:
Հուսկ, տնօրէն Ռ. Պոյաճեան բեմ բարձրանալով` շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի ամբողջ անձնակազմին, ի մասնաւորի` մանկապարտիզպանուհի Լենա Տէրտէրեանին, եւ ծաղկեփունջով պատուեց բոլորը:
Նշենք նաեւ, որ հանդէսի աւարտին, սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչները տնօրէն Ռ. Պոյաճեանին յանձնեցին Մայրենիի տօնին նուիրուած «Իմ քաղցր լեզու» նիւթով շարադրութիւններու մրցումին վարժարանին մասնակցութեան համար տրամադրուած նախարարութեան շնորհակալագիրը: