Ռմէյլի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին` «Մեր Ամբողջ Պատմութիւնը Եւ Մշակոյթը Քրիստոսով Օծուած Է Եւ Քրիստոսի Ներկայութեամբ Կը Շարունակէ Ներշնչել Մեզ, Որպէսզի Շարունակենք Մեր Պահանջատիրական Արդար Պայքարը», Շեշտեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս
Ռմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, կիրակի, 5 մայիս 2019-ին առաւօտեան ժամը 9:30-ին Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս ժամանեց եկեղեցւոյ կից գտնուող փողոցը, ուր արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան, ապա առաջնորդութեամբ ՀՄՄ-ի շեփորախումբին, եկեղեցւոյ ընտանիքին եւ ժողովուրդին, թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Ս. Յարութիւն եկեղեցի, ուր առաջնորդը մատուցեց ս. պատարագ: Պատարագի ընթացքին սրբազան հայրը կատարեց եկեղեցւոյ երկու խորհրդանոցներու օրհնութիւնը: Իր քարոզին սկիզբը սրբազանը...



















