Իրաքի բարձրաստիճան 10 ղեկավարներ ու պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են. «Իրաքի մէջ Իրանի աջակցութիւնը վայելող շարք մը զինեալ խմբաւորումներ կը պատրաստուին առաջին անգամ ըլլալով զինաթափուելու` խուսափելու համար Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին հետ վտանգաւոր մագլցումէ»:
«Այս քայլը հանդարտեցնելու համար է լարուածութիւնը, որ յառաջացաւ անցեալ յունուարին Թրամփի իշխանութիւնը ստանձնելէն ի վեր ամերիկացի պաշտօնատարներու կողմէ մասնաւորաբար իրաքեան կառավարութեան ուղղուած իրերայաջորդ զգուշացումներէն ետք», յայտնած են անոնք` նշելով. «Պաշտօնատարներ Պաղտատին յայտնեցին, որ եթէ իր հողերուն վրայ գործող միլիսները լուծարելու քայլեր չառնէ, ապա Ամերիկան կրնայ օդային հարուածներով թիրախաւորել այդ խմբաւորումները»:
Իրաքի իշխող համախոհութեան մօտիկ իրաքցի քաղաքագէտ Իզզաթ Շապանտար «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան նշած է. «Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շիահ Սուտանիի եւ միլիսներու շարք մը ղեկավարներու հետ քննարկումները չափազանց յառաջացած են, եւ խմբաւորումներուն մօտ Միացեալ Նահանգներու ապազինուելու կոչին ենթարկուելու ուղղուածութիւն գոյութիւն ունի»:
«Խմբաւորումները յամառութիւն չեն ըներ կամ չեն պնդեր ներկայ իրավիճակով շարունակման վրայ եւ լիովին կը գիտակցին, թէ կրնան Միացեալ Նահանգներու թիրախներ դառնալ», աւելցուցած է ան:
Իրաքի վարչապետի արտաքին հարցերու խորհրդատու Ֆարհատ Ալատտին իր կարգին «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած է. «Սուտանին յանձնառու է երաշխաւորման, որ Իրաքի մէջ զէնքերը ազգային ազդու տարբեր կողմերու հետ շինիչ երկխօսութեան ճամբով պետութեան վերահսկողութեան տակ ըլլան»:
Աղբիւրներ «Հատաս»-ին յայտնեցին. «Իրաքեան խմբաւորումները «Ռոյթըրզ»-ի հրապարակած լուրին կը պատասխանեն եւ կ՛ըսեն, թէ հանդարտեցումը ընտրած են, եւ ոչ թէ զինաթափումը»:


