Ռուսիոյ ուղղակի ներդրումներու հիմնադրամի ղեկավար, արտասահմանեան երկիրներու հետ տնտեսական համագործակցութեան հարցերով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Քիրիլ Տմիթրիեւ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի առանցքային անդամներուն հետ քննարկած է Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ երկխօսութեան վերականգնման հարցը:
«Դուք գիտէք, իսկապէս, վերջին երկու օրերու ընթացքին ես նախագահ Փութինի անունով այստեղ` Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումներ ունեցած եմ Թրամփի վարչակազմի առանցքային անդամներու հետ», ըսաւ ան Ուաշինկթընի մէջ լրագրողներու փոքր խումբի մը:
«Եւ հիմնական նիւթերէն մէկը, ի հարկէ, ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու վերականգնումն է, երկխօսութեան վերականգնումը, այն երկխօսութիւնը, որ ամբողջութեամբ դադրեցուեցաւ եւ ընդհատուեցաւ Պայտընի վարչակազմին օրով», աւելցուց ան:
Տմիթրիեւ նաեւ ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը կը լսէ Ռուսիոյ դիրքորոշումը եւ կը հասկնայ անոր մտահոգութիւնները:
«Սակայն պէտք է նշենք, որ նախագահ Թրամփի վարչակազմը, վարչակազմի առանցքային մարդիկ, նպատակադրուած են ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու հարցերու ամբողջ շրջանակի լուծման: Ի հարկէ, անոնք հաւատարիմ են աշխարհաքաղաքական խնդիրներու լուծման, կը լսեն բազմաթիւ հարցերու շուրջ Ռուսիոյ դիրքորոշումը», ըսաւ ան:
«Բազմաթիւ դերակատարներ կը փորձեն խանգարել Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ երկխօսութիւնը», նշեց ռուս պատուիրակը:
«Տարակարծութիւններ տակաւին կան, սակայն կողմերը պատրաստակամ են զանոնք յաղթահարելու», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Յաւելեալ հանդիպումներ անհրաժեշտ պիտի ըլլան յաղթահարելու բոլոր տարակարծութիւնները»:
«Խօսակցութիւններու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ բեւեռի մէջ համագործակցութեան եւ հազուագիւտ մետաղներուն», յայտնեց Տմիթրիեւ:
«Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա նոր բանակցութիւններու ժամկէտը շուտով պիտի ճշդուի», ըսաւ ռուս պատուիրակը` աւելցնելով, որ ինք իր ամերիկացի գործընկերները հրաւիրած է Ռուսիա այցելելու:
Տմիթրիեւ նաեւ խօսած է Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ուղիղ թռիչքներու վերսկսման կարելիութիւններուն մասին: Անոնք ընդհատուած էին «Քորոնա» համաճարակի սկիզբը եւ չեն վերականգնուած Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ զինուորական գործողութիւններու պատճառով:
«Մենք յոյս ունինք, որ այս հարցին մէջ յառաջընթաց պիտի արձանագրենք», աւելցուցած է ան:

