Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Միացեալ Նահանգներու առեւտրական գործընկերներու ճնշող մեծամասնութեան վրայ առեւտրական մաքսատուրքերու հաստատումը յայտարարեց:
«Եկած է ազատագրման օրը: Ասիկա ամերիկեան պատմութեան կարեւորագոյն օրերէն մէկն է, ասիկա ամերիկեան տնտեսական անկախութեան հռչակագիր է: Մենք Ամերիկան դարձեալ պիտի դարձնենք հզօր եւ հարուստ: Մեր երկիրը 50 տարիէ աւելի է, որ խեղդուած է: Ատիկա այլեւս պիտի չկրկնուի», յայտարարեց Թրամփ` աւելցնելով, որ մաքսատուրքերը ամերիկացիները պիտի ազատեն գործընկերներու հետ անարդար առեւտրական յարաբերութիւններէն` շեշտելով. «Բազմաթիւ երկիրներ հսկայական շահեր ստացած են ամերիկեան շուկայ ազատ մուտքէն, սակայն միեւնոյն ժամանակ սահմանափակած են ամերիկեան ապրանքներու իրենց շուկաներ մուտքը»:
«Միացեալ Նահանգներ պիտի ստանան եռիլիոն-եռիլիոն տոլարներ, որոնք պիտի նուազեցնեն տուրքերը եւ պիտի կրճատեն ազգային պարտքը», ըսաւ Թրամփ` նախատեսելով Միացեալ Նահանգներու «ոսկիէ դարաշրջանի» գալուստը:
Թրամփ գործադիր հրամանով «պատասխան» մաքսատուրքեր հաստատած է 180 պետութիւններու եւ շրջաններու դէմ. Չինաստանի դէմ` 34 առ հարիւր, Եւրոպական Միութեան դէմ` 20 առ հարիւր, Ճափոնի դէմ` 24 առ հարիւր, Հնդկաստանի դէմ` 26 առ հարիւր: Վիեթնամի եւ Միանմարի նման աղքատ երկիրներու դէմ հաստատուած է 50 առ հարիւրի մաքսատուրք: «Նուազագոյն հիմնական գինը» կը կազմէ 10 առ հարիւր:
Հայաստանի եւ Լիբանանի դէմ հաստատուած է 10 առ հարիւրի մաքսատուրք, Սուրիոյ դէմ` 41 առ հարիւրի, Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քուէյթի եւ Եգիպտոսի դէմ 10 առ հարիւր, Իրաքի դէմ` 39 առ հարիւր:
Թրամփ ըսաւ, որ պատրաստ է բանակցութիւններու: Եւ եթէ ոեւէ մէկուն հաճելի չեն նոր մաքսատուրքերը, անոնք կրնան ջնջել ամերիկեան ապրանքներու ներմուծման համար տուրքերը, եւ անկէ ետք կարելի պիտի ըլլայ բանակցիլ:


