Կը նախատեսուի, որ ռուս պաշտօնատար մը այս շաբաթ Ուաշինկթըն այցելէ` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին հետ բանակցելու համար: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով աղբիւրի մը:
Աղբիւրը յայտնած է, թէ կը նախատեսուի, որ Ռուսիոյ գերիշխանական հարստութեան սնտուկի նախագահ Քիրիլ Տմիթրիեւ հանդիպում ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի հետ:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով, անդրադառնալով «Ռոյթըրզ»-ի լուրին, ԱՖՓ-ին յայտնեց. «Այո՛, ատիկա կը հաստատեմ: Կրնայ այդպիսի հաւանական այցելութիւն մը կատարուիլ: Ամերիկացիներուն հետ մեր քննարկումները կը շարունակենք»: