Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի. Վենսի կարծիքով, Կրինլանտի ժողովուրդը կ՛ուզէ Դանիայէն անկախ ըլլալ, իսկ կղզիի Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնները կարելի պիտի ըլլայ քննարկել Դանիայէն հեռանալէն ետք: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
«Ես կը կարծեմ, որ անոնք կ՛ուզեն անկախ ըլլալ Դանիայէն: Երբ անոնք ատիկա ընեն, մենք պիտի կարենանք խօսիլ, թէ ինչպիսի՛ն պիտի ըլլան Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնները», «Նիուզմաքս» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Վենս: