Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փենթակոն Միջին Արեւելքի Մէջ Օդանաւակիրներու Թիւը Երկուքի Բարձրացուց

Ապրիլ 3, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ Միջին Արեւելքի մէջ իրենց օդանաւակիրներուն թիւը պիտի բարձրացնեն երկուքի. ներկայիս Ծոցի ջուրերուն մէջ գտնուող օդանաւակիրին պիտի միանայ երկրորդ մը, որ ա՛յժմ կը գտնուի Հնդկաց եւ Խաղաղական ովկիանոսներու շրջանին մէջ»:

Փենթակոնի բանբեր Շան Պառնել հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Քարլ Վինսըն» օդանաւակիրը պիտի միանայ «Հարի Էս.Թրումըն» օդանաւակիրին` շարունակելու համար շրջանային կայունութեան ամրապնդումը, կանխարգիլելու համար որեւէ յարձակում եւ շրջանին մէջ ազատ նաւարկումը պաշտպանելու համար»:

Մինչ այդ, Իրանի մէջ զինեալ ուժերու սպայակոյտէն բարձրաստիճան աղբիւր մը քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին յայտնեց, որ Թեհրան հազար գերձայնային հրթիռներ լարած է անմիջապէս հարուածելու Իսրայէլի «Տեմոնա» հիւլէական կայանն ու շրջանին մէջ ամերիկեան ռազմակայանները, եթէ իր վրայ յարձակում տեղի ունենայ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի, անդրադառնալով Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի սպառնալիքներուն, «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց, որ Իրան կը վերահաստատէ, որ երբեք եւ ոչ մէկ պարագայի պիտի ձգտի, պիտի արտադրէ կամ պիտի փորձէ հիւլէական զէնք ձեռք ձգել:

«Միացեալ Նահանգներու նախագահը թերեւս շահագրգռուած չէ 2015-ի հիւլէական համաձայնագիրով, սակայն այդ համաձայնագիրը կը բովանդակէր Իրանի հիմնական պարտաւորութիւնը, որ տակաւին ուժի մէջ է, եւ նոյնիսկ Միացեալ Նահանգները, որոնք համաձայնագիրին մաս չէին, ատկէ օգուտ քաղեցին:

«Իրան կը վերահաստատէ, որ երբեք եւ ոչ մէկ պարագայի պիտի ձգտի, պիտի արտադրէ կամ փորձէ հիւլէական զէնք ձեռք բերել:

«Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի ստորագրումէն 10 տարի ետք եւ ատկէ Միացեալ Նահանգներու միակողմանի դուրս գալէն 7 տարի ետք չկայ որեւէ ապացոյց, որ Իրանը խախտած է այս պարտաւորութիւնը: Նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու Ազգային հետախուզութեան տնօրէն Կապարտը վերջերս ամբողջովին ատիկա խոստովանեցաւ:

«Դիւանագիտական հաղորդակցութիւնները անցեալին արդիւնաւէտ եղած են եւ կրնան նաեւ այսօր արդիւնաւէտ ըլլալ: Բայց եւ այնպէս, բոլորին համար կարեւոր է հասկնալ, որ գոյութիւն չունի «զինուորական լուծում», առաւել եւս` «զինուորական տարբերակ»: Միջին Արեւելքի մէջ աղէտալի ձախողումները, որոնք Միացեալ Նահանգներու նախկին վարչակազմերուն արժած են աւելի քան 7 եռիլիոն տոլար, աւելի քան խօսուն են», ըսած է իրանեան դիւնագիտութեան պետը:

Յիշեցնենք, որ Իրան վերջերս մերժած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի` հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցելու առաջարկը` յայտարարելով, որ պիտի բանակցի միայն 3-րդ երկիրներու միջոցով: Ի պատասխան Թրամփ սպառնացած է ռմբակոծել Իրանը:

«Եթէ անոնք գործարքի չդիմեն, ապա ռմբակոծումներ պիտի ըլլան: Ռմբակոծումը պիտի ըլլայ այնպիսին, ինչպիսին անոնք նախապէս չեն տեսած», ըսած է ան:

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան երեքշաբթի օր ըսած էր, թէ Թեհրան Թրամփին ուղղուած պատասխան նամակին մէջ մերժած է Ուաշինկթընի` հիւլէական ծրագիրին շուրջ ուղիղ բանակցութիւններ վարելու առաջարկը: Բանակցութիւններու պատուհանը բաց է միայն երրորդ երկիրներու միջնորդութեամբ:

Երկու շաբաթ առաջ «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին Թրամփ բացայայտած էր, որ նամակ ուղարկած է Իրանի ղեկավարին` առաջարկելով ուղիղ բանակցութիւններ վարել: «Մենք չենք կրնար արտօնել, որ անոնք հիւլէական զէնք ունենան», ըսած էր ան: Նամակը քանի մը օր առաջ Թրամփի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ փոխանցած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մոհամետ Պըն Զայետին Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ժամանակ: Նամակը հետագային առաքուած է Թեհրան:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ կը նշեն, որ Թրամփի Խամենէիին յղած նամակը «կոշտ» էր: Մէկ կողմէ ան առաջարկած է բանակցութիւններ վարել հիւլէական նոր համաձայնագիրի շուրջ, սակայն միւս կողմէ զգուշացուցած հետեւանքներուն մասին, եթէ Իրանը մերժէ առաջարկը եւ շարունակէ յառաջ մղել իր հիւլէական ծրագիրը:

Երկու աղբիւրներ ըսած են, թէ Թրամփ նամակին մէջ նշած է, որ չ՛ուզեր անվերջ բանակցութիւններ վարել եւ նշած է երկամսեայ ժամկէտ` գործարքի հասնելու համար:

Անցեալ շաբաթ Խամենէին Թրամփի նամակն ու բանակցութիւններու վերաբերեալ անոր առաջարկը որակած է «խաբէութիւն», որ միայն կոչուած է ստեղծելու տպաւորութիւն, թէ Իրանը կը հրաժարի բանակցութիւններէն: Խամենէի ըսած է, որ չ՛աջակցիր Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններուն, սակայն քանի մը ժամ ետք ՄԱԿ-ի մէջ Իրաքի առաքելութիւնը «Էքս»-ի վրայ յայտարարութիւն տարածեց եւ չբացառեց Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները:

«Աքսիոս» հաղորդեց. «Թրամփ լրջօրէն կը սերտէ հիւլէական անուղղակի բանակցութիւններ կատարելու Իրանի առաջարկը»:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին յայտնած է. «Թրամփ Իրանի հետ պատերազմ չ՛ուզեր»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ յայտնեց, որ Իրանի հետ հիւլէական համաձայնագիր կնքելու առիթը այլեւս սահմանափակ է` զգուշացնելով. «Իրանի հետ զինուորական ճակատում մը գրեթէ անխուսափելի պիտի ըլլայ, եթէ անոր հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ բանակցութիւնները ձախողին, ինչ որ պիտի ունենայ ծանր հետեւանքներ, ինչպէս` շրջանին մէջ կայունութեան վտանգաւոր կերպով քայքայում»:

Նախորդը

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Կը Նախատեսուի, Որ Ռուս Պաշտօնատար Մը Այս Շաբաթ Ուաշինկթըն Այցելէ

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Սուրբ Պիտի Հռչակուի

RelatedPosts

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Միջազգային

Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Փարիզի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Իսրայէլեան Պատուիրակութեան Մը Հետ

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?