Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յորդորած է երկրի զինուած ուժերը բերել մարտական բարձր պատրաստութեան վիճակի` Թեհրանի հասցէին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութիւններէն ետք: Այս մասին կը գրէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Բացի ատկէ, Իրան նաեւ զգուշացուցած է Իրաքը, Քուէյթը, Քաթարը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Թուրքիան եւ Պահրէյնը, որ Միացեալ Նահանգներու յարձակման որեւէ աջակցութիւն պիտի դիտարկուի իբրեւ թշնամական գործողութիւն Թեհրանի նկատմամբ, ինչ որ «լուրջ հետեւանքներ» պիտի ունենայ:


