Միջազգային

Եմէնի Նախագահը  Իր Հրաժարականը Ներկայացուց

Եմէնի Նախագահը Իր Հրաժարականը Ներկայացուց

Երէկ երեկոյեան համաշխարհային լրատուական միջոցները հաղորդեցին, որ Եմէնի նախագահ Ապըտ Ռապպօ Մանսուր Հատի իր հրաժարականը ներկայացուցած է երկրի խորհրդարանին: Հատի իր հրաժարականը պատճառաբանած է ըսելով, թէ ան չէ կրցած իր իշխանութեան ընթացքին պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ ձախողած է գործադրել համաձայնութիւնը հուսիներուն հետ, որոնք երկրին պետական հաստատութիւններուն վրայ իրենց տիրութիւնը կը շարունակեն պահպանել:      

Սոմալի.  Ականահարում Մը Թիրախ Դարձուց Թրքական Պատուիրակութեան Մը Իջեւանած Պանդոկը

Սոմալի. Ականահարում Մը Թիրախ Դարձուց Թրքական Պատուիրակութեան Մը Իջեւանած Պանդոկը

Երէկ Սոմալիի մայրաքաղաք Մոկատիշուի մէջ ականահարուած ինքնաշարժ մը թիրախ դարձուց տեղական պանդոկ մը, որուն մէջ կը գտնուէր թուրք պատուիրակութիւն մը: Մարդկային կորուստներ չկան: Նշենք, որ ականահարուած ինքնաշարժին պայթումը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Մոկատիշու նախատեսուած այցելութեան նախօրեակին:  

«Իրան Պատրաստ Է Սէուտական Արաբիոյ Հետ  Բոլոր Տարակարծութեանց Շուրջ  Երկխօսութիւն Կատարելու»  Կ՛ըսէ Շամխանի

«Իրան Պատրաստ Է Սէուտական Արաբիոյ Հետ Բոլոր Տարակարծութեանց Շուրջ Երկխօսութիւն Կատարելու» Կ՛ըսէ Շամխանի

Ալի Շամխանի Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալի Շամխանի յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է երկու երկիրները երեք տասնամեակներէ ի վեր անհամաձայնութեան մէջ պահող տարակարծութեան նիւթ եղող բոլոր հարցերուն շուրջ Սէուտական Արաբիոյ հետ անկեղծ երկխօսութիւն կատարելու: «Յարանուանական տագնապներուն պատճառով աննախադէպ մարդկային ու նիւթական վնասներուն լոյսին տակ` անհրաժեշտ է յաւելեալ արիւնահեղութիւնը արգիլել եւ ծայրայեղականութեան ու ահաբեկչութեան դէմ անկոտրում կռիւ...

Օպամա Քոնկրեսին Կոչ Կ՛ուղղէ Իրանի Դէմ  Պատժամիջոցներ Չհաստատելու Եւ Ամերիկեան  Բանակին ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Ցամաքային  Պատերազմ Մղել Արտօնելու

Օպամա Քոնկրեսին Կոչ Կ՛ուղղէ Իրանի Դէմ Պատժամիջոցներ Չհաստատելու Եւ Ամերիկեան Բանակին ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Ցամաքային Պատերազմ Մղել Արտօնելու

Պարաք Օպամա Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Քոնկրեսին մէջ «Միութեան վիճակ»-ի իր տարեկան ուղերձին ընթացքին յայտարարեց, որ շնորհիւ Միացեալ Նահանգներուն, Ռուսիա մեկուսացուած է եւ անոր տնտեսութիւնը քանդուած: Ան ըսաւ. «Ռուսական յարձակումին մեր ընդդիմութեան, Ուքրանիոյ մէջ ժողովրդավարութեան մեր աջակցութեան եւ ՕԹԱՆ-ի մեր դաշնակիցներուն երաշխիքներ տալու միջոցով` մենք կը պաշտպանենք այն սկզբունքը, որ մեծ տէրութիւնները պէտք չէ ճնշեն փոքր պետութիւնները»: Անդրադառնալով վերջերս...

Էրտողան. «ՏԱՀԵՇ Ահաբեկչական Խմբաւորում Մըն Է,  Որ Իրաքի 40 Առ Հարիւրը Գրաւած Է  Եւ Սուրիոյ Մէջ Ահ Ու Սարսափ Կը Տարածէ»

Էրտողան. «ՏԱՀԵՇ Ահաբեկչական Խմբաւորում Մըն Է, Որ Իրաքի 40 Առ Հարիւրը Գրաւած Է Եւ Սուրիոյ Մէջ Ահ Ու Սարսափ Կը Տարածէ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ «ՏԱՀԵՇ կոչուած ահաբեկչական խմբաւորումը իսլամութեան անունով իսլամները կը սպաննէ: Պէտք է հարց տանք. իրենց ատիկա կատարել արտօնող իշխանութիւնը ուրկէ՞ ստացան»: Էրտողան յայտարարեց. «ՏԱՀԵՇ ներկայիս Իրաքի քառասուն առ հարիւրը գրաւած է եւ Սուրիոյ մէջ ահ ու սարսափ կը տարածէ` իր ետին ձգելով հազարաւոր զոհեր»: Թուրքիոյ նախագահը աւելցուց, որ «ահաբեկիչներն ու ահաբեկչական կազմակերպութիւնները բացարձակապէս չեն...

Թել Աւիւի Մէջ Պաղեստինցի Մը  13 Իսրայէլացիներ Վիրաւորեց

Թել Աւիւի Մէջ Պաղեստինցի Մը 13 Իսրայէլացիներ Վիրաւորեց

Դաշոյնով զինուած պաղեստինցի մը Թել Աւիւի Մաարիւ շրջանին մէջ վիրաւորեց 13 իսրայէլացիներ, որոնցմէ վեցը` ծանրօրէն: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ մեծաթիւ ոստիկաններ ուղղուած են դէպքին վայրը: Իսրայէլեան աղբիւրները նաեւ հաղորդեցին, որ գործողութեան հեղինակը Թուլքարմ շրջանէն պաղեստինցի մըն է, որ ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուելէ առաջ ոտքէն վիրաւորուած է: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու եւ իսրայէլացի նախարարներ միջադէպին համար պատասխանատու նկատեցին Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ...

Քուպա. «Պատրաստ Ենք Ուաշինկթընի Հետ  Երկխօսութեան, Սակայն Առանց Մեր  Արժանապատուութեան Ու Գերիշխանութեան Վնասելու»

Քուպա. «Պատրաստ Ենք Ուաշինկթընի Հետ Երկխօսութեան, Սակայն Առանց Մեր Արժանապատուութեան Ու Գերիշխանութեան Վնասելու»

Քուպայի արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու հետ երկխօսութեան, սակայն առանց իր արժանապատուութեան եւ գերիշխանութեան վնասելու: Ան ըսաւ, որ Քուպա դարձեալ կը յայտարարէ, որ պատրաստակամ է ամերիկեան կառավարութեան հետ գերիշխանութեան մէջ հաւասարութեան, նոյնպիսի վարմունքի հիմամբ շարունակելու երկխօսութիւն մը, որ չի վնասեր ազգային անկախութեան եւ քուպացի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին: Քուպացի դիւանագէտը, որ չփափաքեցաւ իր...

«Ուաշինկթըն Եւ Թեհրան  Դէպի Համաձայնութիւն Կ՛ուղղուին»  Կ՛ըսէ Իրաքի Վարչապետը

«Ուաշինկթըն Եւ Թեհրան Դէպի Համաձայնութիւն Կ՛ուղղուին» Կ՛ըսէ Իրաքի Վարչապետը

Հայտար Ապատի Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի յայտնեց, որ ամերիկեան եւ իրանեան կողմերէն քաղած իր տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Իրան դէպի համաձայնութիւն կ՛ուղղուին` աւելցնելով, որ ինք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի մօտ Իրանի հետ հարցերը ամբողջական կերպով լուծելու նախանձախնդրութիւն նկատած է, «եւ զարմանալին այն է, որ իրանեան կողմին մօտ եւս այդ ուղղութեամբ համազօր փափաք նկատեցի, բան մը,...

«Շարլի Էպտօ»-ի Հարցով.  Անգարայի Համալսարանին Մէջ Ձախակողմեան  Եւ Իսլամական Ուսանողներու Միջեւ Բախումներ

«Շարլի Էպտօ»-ի Հարցով. Անգարայի Համալսարանին Մէջ Ձախակողմեան Եւ Իսլամական Ուսանողներու Միջեւ Բախումներ

«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» հաղորդեց, որ Անգարայի համալսարանի իրաւաբանական եւ քաղաքական կաճառի համալիրին մէջ ֆրանսական «Շարլի Էպտօ» շաբաթաթերթի հարցով իսլամական եւ ձախակողմեան ուսանողներու միջեւ բուռն բախումներ տեղի ունեցած են: Պատկերասփիւռի կայանը յայտնեց, որ թրքական ոստիկանութիւնը միջամտած է ցրուելու համար երկու կողմերուն միջեւ բախումները: Ատիկա կատարելու համար ոստիկանութիւնը ջրաշիթ մեքենաներ եւ արցունքաբեր կազ օգտագործած է ուսանողներուն դէմ, որոնք զիրար քարկոծած ու իրարու վրայ շիշեր...

Ռուսիան Եւ Իրանը Զինուորական  Համագործակցութեան Մասին  Համաձայնագիր Կնքած Են

Ռուսիան Եւ Իրանը Զինուորական Համագործակցութեան Մասին Համաձայնագիր Կնքած Են

Շոյկու եւ Տեհքան «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիան եւ Իրանը զինուորական համագործակցութեան մասին միջկառավարական համաձայնագիր ստորագրած են, փաստաթուղթերուն մէջ իրենց ստորագրութիւնները դրած են Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար զօր. Սերկէյ Շոյկու եւ Իրանի պաշտպանութեան նախարար գնդապետ-զօրավար Հիւսէյն Տեհքան: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը նշած է, որ վերջին տարիներուն ռուս-իրանեան կապերը պաշտպանութեան նախարարութիւններուն մակարդակով աստիճանաբար կը զարգանան: «Այդ յարաբերութիւններուն ամրապնդման գործին մէջ էական քայլ...

«Իւրաքանչիւր Ոք Իրաւունք Ունի  Ուրիշին Կրօնը Վարկաբեկելու»  Կ՛ըսէ Քամերոն

«Իւրաքանչիւր Ոք Իրաւունք Ունի Ուրիշին Կրօնը Վարկաբեկելու» Կ՛ըսէ Քամերոն

Տէյվիտ Քամերոն Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Ազատ հասարակութեան մը մէջ իւրաքանչիւր ոք իրաւունք ունի ուրիշին կրօնը վարկաբեկելու»: Ան նշեց. «Լրատուամիջոցները պէտք է կարող ըլլան հրապարակելու բաներ, նոյնիսկ եթէ անոնք ոմանց կը վարկաբեկեն, այնքան ատեն որ հարցը օրէնքի սահմանները չ՛անցնիր»: Քամերոն ընդգծեց. «Այնքան ատեն, որ հրատարակութիւնները օրէնքին կ՛ենթարկուին, ապա որեւէ բան հրատարակելու իրաւունքը ունին, նոյնիսկ եթէ...

Փարիզի Ահաբեկչական  Յարձակումներէն Ետք`.  Հոլլանտի Վարկանիշը  Աճած Է 21 Առ Հարիւրով

Փարիզի Ահաբեկչական Յարձակումներէն Ետք`. Հոլլանտի Վարկանիշը Աճած Է 21 Առ Հարիւրով

Ֆրանսուա Հոլլանտ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի վարկանիշը, որ երկար ժամանակ բաւական ցած էր, Փարիզի ահաբեկչական յարձակումներէն ետք այժմ բարձրացած է 21 առ հարիւրով: Այդ մասին կը վկայեն «Իֆոփ» հարցախոյզի հիմնարկին երէկ հրապարակած արդիւնքները, ըստ որոնց, այժմ Հոլլանտին կ՛աջակցի Ֆրանսայի քաղաքացիներուն 40 առ հարիւրը: Մինչդեռ, տնտեսական մարզին մէջ Հոլլանտի գործունէութեան կ՛աջակցին միայն 24 առ հարիւրը,...

Ուաշինկթըն. «Իսրայէլեան Պատերազմական  Ոճիրներու Շուրջ Հետաքննութիւնը  Ողբերգական Հեգնանք Մըն Է»

Ուաշինկթըն. «Իսրայէլեան Պատերազմական Ոճիրներու Շուրջ Հետաքննութիւնը Ողբերգական Հեգնանք Մըն Է»

Ուաշինկթըն դատապարտեց Միջազգային քրէական դատարանի դատախազին պաղեստինցիներուն դէմ իսրայէլեան պատերազմական ոճիրներուն շուրջ նախնական հետաքննութիւն բանալու որոշումը` զայն նկատելով «ողբերգական հեգնանք մը»: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը այդ քայլը նկատեց «ողբերգական հեգնանք մը»` նշելով. «Իսրայէլ իր քաղաքացիներուն եւ թաղամասերուն դէմ արձակուած հազարաւոր հրթիռներ դիմակայած է, իսկ հիմա Միջազգային քրէական դատարանի դատախազին ներկայացուցիչները յայտարարած են, որ ամբողջական անկախութեամբ պիտի սկսին հետաքննել...

Ֆիլիփեան Կղզիներ.  Վեց Միլիոն Մարդիկ Ներկայ Կը Գտնուին  Մանիլայի Մէջ Պապին Մատուցած Պատարագին

Ֆիլիփեան Կղզիներ. Վեց Միլիոն Մարդիկ Ներկայ Կը Գտնուին Մանիլայի Մէջ Պապին Մատուցած Պատարագին

Հակառակ տեղատարափ անձրեւին, աննախադէպ թիւով մարդիկ մասնակցեցան Ֆիլիփեան կղզիներու մայրաքաղաք Մանիլայի մէջ Ֆրանչիսկոս պապին մատուցած բացօթեայ պատարագին: Մանիլա քաղաքի պատասխանատուներուն համաձայն, վեց միլիոն մարդիկ ներկայ գտնուած են կամ շարքի կեցած են Ռէալ հանրապարտէզ առաջնորդող ճամբուն վրայ, ինչ որ մրցանշային է: 1995-ին Մանիլայի մէջ շուրջ հինգ միլիոն մարդիկ ողջունած էին Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը: Վատիկան յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս պապը իր պատարագը...

Քոնկրեսական  Պատուիրակութիւն Մը  Կ՛այցելէ Հաւանա

Քոնկրեսական Պատուիրակութիւն Մը Կ՛այցելէ Հաւանա

Փաթրիք Լիհի Ամերիկեան քոնկրեսական պատուիրակութիւն մը երէկ հասաւ Հաւանա: Այցելութիւնը 1961-ին խզուած յարաբերութիւնները վերականգնելու Միացեալ Նահանգներ-Քուպա համաձայնութենէն ետք իր տեսակին մէջ առաջինն է: Դեմոկրատական քոնկրեսականները նպատակ ունին հանդիպում ունենալ քուպացի պաշտօնատարներու եւ քաղաքային ղեկավարներու հետ` քննարկելու համար յարաբերութիւններու բնականոնացման համար անհրաժեշտ գործնական քայլերը: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ անոր քուպացի պաշտօնակից Ռաուլ Քասթրօ 17 դեկտեմբերին յայտարարած էին երկու երկիրներուն...

Երեք Ականներ Ահազանգի  Կը Մատնեն Պոլսոյ Ոստիկանութիւնը

Երեք Ականներ Ահազանգի Կը Մատնեն Պոլսոյ Ոստիկանութիւնը

Երէկ առաւօտեան Պոլսոյ երեք անջատ շրջաններու մէջ ականներ յայտնաբերուեցան: Ոստիկանութիւնը քաղաքի ասիական կողմը գտնուող Մալթեփէ շրջանին մէջ Աթաթուրքի մէկ արձանին վրայ դրուած խաւաքարտէ տուփի մը մէջ դրուած ական մը վնասազերծեց: Տուփին վրայ գրուած էր. «Դուք պատասխան պիտի տաք Ճիզրէի համար»: Նշենք, որ Ճիզրէն քրտական Շըրնաք նահանգին մէջ քաղաք մըն է, ուր վերջերս տեղացի մը սպաննուած է: Սպանութեան համար կասկածուողը թուրք...

Թուրքիա Եւրոպական Միութեան Կոչ Ուղղած Է  Ապահովելու Եւրոպայի Մէջ  Ապրող Իսլամներուն Անվտանգութիւնը

Թուրքիա Եւրոպական Միութեան Կոչ Ուղղած Է Ապահովելու Եւրոպայի Մէջ Ապրող Իսլամներուն Անվտանգութիւնը

Վոլքան Պոզքըր «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Վոլքան Պոզքըր մտահոգութիւն յայտնած է Եւրոպայի իսլամ բնակիչներուն իրավիճակին առնչութեամբ եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու իշխանութիւններուն կոչ ուղղած` ապահովելու անոնց անվտանգութիւնը: Նախարարը նշած է, որ Եւրոպայի մէջ գործազրկութեան եւ տնտեսական խնդիրներու պատճառով կ՛ուժեղանայ աջակողմեան խմբաւորումներուն ազդեցութիւնը: «Մենք տարիներէ ի վեր կը քննադատենք Եւրոպական Միութիւնը այն բանին...

Եգիպտացի Անուանի Դերասան  Ֆաթեն Համամա Մահացաւ

Եգիպտացի Անուանի Դերասան Ֆաթեն Համամա Մահացաւ

Ֆաթեն Համամա Շաբաթ, 17 յունուար 2015-ին մահացաւ եգիպտացի հռչակաւոր դերասան, արաբական ֆիլմաշխարհին մէջ վաստակ ունեցող արուեստագէտ Ֆաթեն Համամա:  Ան 83 տարեկան էր: Եգիպտացի դերասանը մահացաւ սրտի կաթուածի պատճառով: Ֆաթեն Համամա դերասանութեան արուեստին անցած է 6 տարեկանէն: Իր կեանքին ընթացքին ֆիլմաշխարհին մէջ ունեցած է բազմաթիւ դերեր: Նշենք, որ եգիպտացի դերասանին մահուան առիթով Եգիպտոսի մէջ եռօրեայ սուգ յայտարարուեցաւ: Համամայի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի...

«Ուքրանիոյ Դէպքերը Վրաստանի Մէջ  2008-ին Ռուսիոյ Գործողութիւններուն  Շարունակութիւնն Են»  Կ՛ըսէ Մարկվելաշվիլի

«Ուքրանիոյ Դէպքերը Վրաստանի Մէջ 2008-ին Ռուսիոյ Գործողութիւններուն Շարունակութիւնն Են» Կ՛ըսէ Մարկվելաշվիլի

Կէորկի Մարկվելաշվիլի NewsGeorgia.ru կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հանի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ իրադարձութիւնները Վրաստանի մէջ օգոստոս 2008-ին Ռուսիոյ գործողութիւններուն շարունակութիւնն են: Կողմերը քննարկած են Վրաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւնները, Վրաստան-Եւրոպական Միութիւն ընկերակցութեան համաձայնագիրի իրականացման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Ռիկայի սպասումները «Արեւելեան գործընկերութեան» վեհաժողովէն: Վրացական կողմը յոյս ունի, որ...

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Քարիւղի  Արտադրութեան Հարթակներու Թիւի  Մրցանշային Նուազում Արձանագրուած Է

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Քարիւղի Արտադրութեան Հարթակներու Թիւի Մրցանշային Նուազում Արձանագրուած Է

«Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ քարիւղի արտադրութեան ամերիկեան ընկերութիւնները ստիպուած կտրուկ կերպով կը կրճատեն քարիւղի արտադրութեան հարթակներու քանակը: Այսպէս, հարթակներու թիւը յունուարի կէսի դրութեամբ 1366 է` 55-ով նուազ մէկ շաբաթ առաջուան եւ 209-ով նուազ դեկտեմբերի սկիզբին համեմատ: Այդ մէկը 1987-էն ի վեր գործող հարթակները հաշուարկող «Պէյքըր Հիուզ» ընկերութեան գնահատականներու ամբողջ պատմութեան ընթացքին ամէնէն կտրուկ նուազումն է: Գործակալութեան հարցումին պատասխանած...

Page 878 of 881 1 … 877 878 879 … 881

Արխիւներ